Ծնած է Քեսապ 1907-ին։ Ան 2 տարեկանին՝ 1909-ին, ծնողքին հետ ճաշակած է Ատանայի կոտորածի չարիքները։
1915-ին Օսմանեան զօրակոչին ընթացքին, հայրը զինուորագրուած է թրքական բանակին։ Ժոզէֆ մօր եւ կրտսեր քրոջ եւ համագիւղացիներու հետ տարագրուած է Ռաքքա։ Այնտեղ՝ գաղթի դժուար պայմաններուն մէջ կորսնցուցած է մայրն ու քոյրը։ Ան խեղճ ազգականի մը կողմէ ծախուած է պատաուի ուղտապաններու, որոնք ծանր հիւանդութեան եւ տկար ըլլալուն պատճառով, զինք նետած են փոսի մը մէջ, ուրկէ հրաշքով փրկուած է։ Օրերով անօթի եւ բոպիկ քալելով հասած է Խապուր գետ։ Այնտեղ հանդիպած է վրանաբնակ պատաուի աշիրաթի մը։ Ան աշիրաթապետին փոքր տղուն Խապուր գետի մէջ խեղդամահ ըլլալէ փրկած է, որուն համար ալ աշիրաթի անդամներու գուրգուրանքին ու խնամքին արժանացած է մէկ տարի։ Ապա երբ պատաուիները իմացած են Ուրֆայի մէջ հայ մանուկներու որբահաւաքի մասին, զինք յանձնած են Ուրֆայի որբանոցին։
Քիչ ատեն ետք, միւս որբերուն հետ զինք փոխադրած են Լիբանանի Ճիպէյլի Թռչնոց Բոյն որբանոցը։
Այնտեղ ան հայերէն լեզուի կողքին սորված է ֆրանսերէն եւ անգլերէն։ Իր ուշիմութիւնն ու աշխատասիրութիւնը չեն վրիպած ուսուցիչներու ուշադրութենէն։
13 տարեկանին փոխադրուած է Անթիլիասի Աւստրալիական որբանոց։ Քանի մը տարի ետք հայրը անակնկալօրէն
յայտնուած ու զինք փոխադրած է Անթիլիասէն Աղեքսանտրէթ։
Հայրը վերամուսնացած էր Ֆանիի հետ եւ ունէր մէկ մանչ՝ Վարդան ու մէկ դուստր՝ Մարի։ «Նոր» մայրը գուրգուրանքով ու հոգածութեամբ կը պարուրէ զինք, հարազատ զաւկի նման Մարիին եւ Վարդանին կողքին կը խնամէ զինք, նախանձախնդիր ըլլալով, որ Ժոզէֆ անպայման ուսումը շարունակէ հակառակ բազմատեսակ դժուարութիւններուն։ Օր մըն ալ Ժոզէֆին պատմած է, թէ ինչպէ՛ս ինք նորահարս էր Քեսապի վերի թաղը ու դեռ չմայրացած կորսնցուցած է ամուսինը, երբ զինուորագրուած առաջին խումբի երիտասարդներուն հետ հազիւ ելած, գնդակահարուած է, ու ինք ծնողքին հետ գաղթած է Ճըսըր ալ-Շըղուր՝ Հալէպ-Տէր Զօր երթուղիով։ 1918-ի սկիզբը վերադարձած է հայրենի գիւղը։ Վերապրող հեռատես քեսապցիներ կ’ամուսնացնէին այրի կիներն ու տղամարդիկ, նոր հայ բոյներ կազմելով։ Այսպիսով Ֆանի ամունացած է Ժոզէֆին հօր հետ։
Աղեքսանտրէթի մէջ Ժոզէֆ կ’ընդունուի Ժըզուիտ ֆրէրներու դպրոցը։ Դպրոցը ֆրանսական ըլլալով, Յովսէփ կը կոչուի Ժոզէֆ ու այդ անունով կը մնայ ցմահ։ Հոն ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի կողքին կը սորվի նաեւ օսմաներէն եւ կը տիրանայ ֆրանսական Պաքալորիայի բարձր գնահատանքով։ Անմիջապէս կը դառնայ թրքական պետական ուսուցիչ ֆրանսերէն լեզուի։ Կը պաշտօնավարէ Աղեքսանտրէթի շրջանը, միեւնոյն ատեն թղթակցութեամբ կը ստանայ մանկավարժութեան վկայական։
1931-ին կ’ամուսնանայ Նուրիձա Կարպուշեանի հետ եւ կը բախտաւորուի 6 զաւակներով՝ 5 աղջիկ եւ 1 մանչ, Զուարթ, Ալիս, Ռիթա, Շաքէ, Սեդա եւ Նշան (Նշան կը կրէ իր մեծ հօր անունը)։
1939-ին ամառը կրկին աքսոր, ուր թուրքերը 48 ժամուան պայմանաժամով դուրս կը վտարեն Աղեքսանտրէթի հայերը, որոնք իրենց հետ կը վերցնեն միայն անհրաժեշտ իրերը ու Քեսապ կը հասնին։ Քեսապ նախ ֆրանսական հոգատարութեան տակ կը մնայ։
Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանէն ներս Ժոզէֆ կ’ընդունուի իբր օտար լեզուներու ուսուցիչ (ֆրանսերէն-անգլերէն)։ Այդ շրջանին վարժարանին տնօրէնն էր Յակոբ Աթիկեան, որմէ ետք անոր կը վստահուի դպրոցի տնօրէնութիւնը։ Ան այդ պաշտօնը կը վարէ ձեռներէցութեամբ, ամբողջ 30 տարի։ 25 տարի որպէս տնօրէն, իսկ 5 տարի որպէս ուսուցիչ։ 1950-ական թուականներուն կ’ընդհատուի իր տնօրէնութեան պաշտօնը եւ կը յանձնուի պարոն Ժոզէֆ Սողոմոնեանին կարճ շրջանի մը համար (մէկ տարեշրջան), ապա վերստին Ժոզէֆ Պասմաճեան կը ստանձնէ իր նախկին պաշտօնը, որ կը վարէ մինչեւ վերջ, այսինքն՝ 24 Փետրուար 1970 թուական։
Իր գործակիցները կը յիշեն իր բծախնդրութիւնը եւ հետեւողականութիւնն ու հոգատարութիւնը աշակերտներու եւ ծնողներու հանդէպ։ Պրն. Պասմաճեան իր հետ միշտ կ’ունենար ֆրանսերէն հաստ գիրք մը, որմէ կը թարգմանէր եւ կը դասաւանդէր իր աշակերտներուն։ Ան նաեւ բծախնդրութեամբ կը պահէ դպրոցի գոյքերը եւ հաշիւները։
Պարոն Ժոզէֆ Պասմաճեանին վստահուած էր նաեւ Քեսապի օդերեւութաբանական ելեւէջները արձանագրելը։
Այսպէս ան օրական հետեւողութեամբ արձանագրութիւն կը պահէր Ազգ. Ուսումնասիրաց դպրոցի շրջափակին մէջ դրուած անձրեւի տեղումներուն թէ ջերմաստիճանի տատանումներուն չափելի գործիքին ցուցանիշերը, ապա արձանագրուած արդիւնքը կ’ուղարկէր Լաթաքիոյ համապատասխան գրասենեակին։
Պարոն Ժոզէֆ Պասմաճեանին օտար լեզուներու տիրապետելը բախտաւորութիւն էր գիւղին համար, որովհետեւ ան ակումբի մէջ ձայնասփիւռի օտար կայաններու լուրերու թարգմանիչը եղած էր։ Գիւղացիները Պրն. Ժոզէֆին եւ ձայնասփիւռին չորս կողմը հաւաքուած անոր միջոցաւ լուրերուն կը հետեւէին Քեսապի ժողովրդային տան մէջ։
Ան երաժշտասէր էր, ջութակահար։ Ամառները Չինարի իր տունը հաւաքավայր ամառանոց եղած էր հայ երաժշտասէրներու, ինչպէս Բարսեղ Կանաչեանի եւ հայ մտաւորականներու, ինչպէս՝ Եդուարդ Տասնապետեանի, Մինաս Թէօլէլեանի եւ ուրիշներու։
Ան մասնակցած է ՍՕ Խաչի 10-րդ Պատգամաւորական Ժողովին՝ Հալէպ, որպէս Քեսապ մասնաճիւղի վարիչ։ Ինչպէս նաեւ ընկերակցած է 60-ական թուականներուն Կիւլպէնկեան հիմնարկի ուսուցիչներու խումբին Ֆրանսա ուղեւորութեան։
Ան կրթական աշխատանքին կողքին կուսակցական ղեկավար էր, նուիրուած իր գիւղին, որպէս ազգային եւ մշակութային գործիչ, եւ այդ պատճառով 1961-ին, որպէս գործող դաշնակցական ձերբակալուեցաւ եւ կալանքի ենթարկուեցաւ։
Ազատ արձակուելէ ետք, ան շարունակեց իր տնօրէնութեան եւ ուսուցչութեան աշխատանքները մինչեւ իր մահը՝ Փետրուար 1971։
Յարգելու համար պրն. Ժոզէֆ Պասմաճեանի յիշատակն ու նուիրական ծառայութիւնը, Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանէն ներս՝ 2022-2023 12-րդ կարգի շրջանաւարտներու հունձքը կոչուեցաւ «Պասմաճեան Սերունդ»։
Անոր յիշատակը վառ պիտի մնայ Ազգ. Ուսումնասիրաց Ճեմարանի աշակերտներու եւ քեսապցիներու մտքերուն ու հոգիներուն մէջ։
Սեւան Ա. Մանճիկեան