Չորեքշաբթի, 26 Փետրուար 2025-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան այցելեց իր հովանաւորութիւնը վայելող բարեսիրական “together” Հաստատութեան կեդրոն: Սրբազան հօր կ՚ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Մանուկ վրդ. Պարիխանեան եւ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։

Սրբազան հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ “together” Հաստատութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ Յակոբ Յակոբեանի եւ իր ողջ անձնակազմին կողմէ։ Սրբազան հօր հետ իրենց մտերմիկ հանդիպման ընթացքին “together ” Հաստատութեան տնօրէնն ու պատասխանատուները վերարժեւորումը կատարեցին ցարդ կատարուած բոլոր աշխատանքներուն, նաեւ անդրադարձան յառաջիկայ աշխատանքներու կարգաւորման։ Ընթացքին սրբազան հայրը մեծապէս գնահատեց իրականացած վերջին ձեռնարկը` «Երիտասարդ Ամուսնացած Զոյգերու Սեմինար»-ը, որուն անդրադարձը շատ դրական էր։

Այնուհետեւ սրբազան հայրը օրհնեց անդամները, իր խօսքով քաջալերեց զիրենք եւ աղօթեց՝ յոյս յայտնելով յառաջիկային աւելի սերտ գործակցութեամբ զանազան ծրագիրներ յաջողցնել ի սպաս հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ գաղութի զաւակներու հոգեւոր եւ բարոյական դաստիարակութեան զարգացման։

“together ” Հաստատութեան անձնակազմը շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր՝ այս օրհնաբեր այցելութեան համար։
Աւարտին ներկաները սիրոյ սեղանի շուրջ ընթրեցին։

Աննա Սաղպազարեան