Սուրիոյ ելեւմուտքի նախարար Մուհամմէտ Ապազէյտ յայտնեց, որ նախարարութիւնը աշխատանք կը տանի արդար եւ թափանցիկ մաքսային համակարգ մը յառաջացնելու, մասնակցութեամբ արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի պալատներու անդամներուն, որպէսզի անոնք եւս իրենց դերակատարութիւնը ունենան մաքսային օրենսդրութեան բանաձեւման մէջ։
Դամասկոսի «Շիրաթոն» հիւրանոցէն ներս տեղի ունեցած «Սուրիա Ազգային Համախմբում»-ի առաջին խորհրդաժողովին, նախարար Ապազէյտ ըսաւ. «Սեփականաշնորհումը ոչ թէ (ինչպէս սովորաբար կ՚ըսուի) պետական հատուածի գոյքը մասնաւոր հատուածին վաճառելն է, այլ անոր հետ պայմանագրութիւն կնքելն է՝ համաձայն յատուկ բանաձևերու, որոնց նպատակն է վերակենդանացնել հանրային վնասուած ընկերութիւնները և նպաստել անոնց տնտեսութեան բարելաւման, հետեւաբար պետութեան ընդհանուր պիւճէին եւս շահ ապահովել եւ երկրին տնտեսութիւնը աշխուժացնել»։
Ապազէյտ Նախարարութեան նախանձախնդրութիւնը յայտնեց քաղաքացիներուն շարունակական ծառայութիւններ տրամադրելու գծով։ Ան կարեւոր համարեց նման խորհրդաժողովը, որ համախբմեց սուրիացի փորձառու առեւտրականներ, արդիւնաբերողներ եւ ներդրողներ, որոնք այլ երկիրներու մէջ ներդրումային ասպարէզէն ներս իրենց դրոշմը թողած են։
Յիշենք, որ խորհրդաժողովը կազմակերպած էր «Քիուան Հաուլա ալ-Ալամ» զբօսաշրջային, խորհրդաժողովներ եւ ցուցահանդէսներ կազմակերպող ընկերութիւնը, ներկայութեամբ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարի ներկայացուցիչին, սուրիացի փորձառու առեւտրականներու, արդիւնաբերողներու եւ ներդրողներու։