Եղիշէ վարդապետ․ «Այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք չի կարող խախտել. ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ ալ որեւէ այլ դառն հարուած»
Չորեքշաբթի, 26 Փետրուար 2025-ին , Լաթաքիոյ Ազգ . Ս. Նահատակաց վարժարանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները յիշատակեցին Սրբոց Վարդանանց տօնը , ներկայութեամբ Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեանի , վարժարանի հոգաբարձութեան , տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին։
Վարժարանի աշակերտները համախմբուած արժեւորեցին հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ յատկանշական այս տօնը ։
Ե. կարգի աշակերտները ներկայացուցին Ժագ Յակոբեան-ի «Քաջ Վարդան»-ը։
Զ. կարգի աշակերտները ՝ Եղիշէ Պատմիչի «Աւարայրի Ճակատամարտը»-ը ։
Է. կարգի աշակերտները ՝Ժագ Յակոբեանի «Վարդանական»-ը ։
Ը.կարգի աշակերտները ՝ Կարէն Ադամեան «Վարդան Մամիկոնեանի Կտակը Հայոց Զինուորներին»։
Թ. կարգի աշակերտները ՝ Մարիանա Պերթիզլեան ի «Շուշանիկի Հետքերով»-ը։
Վարժարանի տնօրէնուհի Հուրի Տէիրմէնճեան-Գարամարտեան իր խօսքը աշակերտներուն ուղղելով ըսաւ․ «Վարդանանցը հայ ուսուցիչին եւ աշակերտին տօնն է։ Անոնք Վարդանի յաջորդներն են, որոնք պիտի պահեն հայոց լեզուն, գրականութիւնը եւ մշակոյթը»։ Ապա թելադրեց ,որ ապագային դառնան տէրը մեր եկեղեցւո , դպրոցին եւ ակումբին, որպէսզի իրենց յաջորդող սերունդները Վարդանանց ոգիով դաստիարակեն ։
Քահանայ հայրը տօնակատարութիւնը եզրափակելով տօնակատարութիւնը ըսաւ․
«Շատ խաւար ու մռայլ դարեր անցան, սակայն ոչ ոք կրցաւ հայու հոգիէն արմատախիլ ընել ազատութեան տենչը, հայ մշակոյթը եւ Լուսաւորիչի կանթեղով պայծառացած քրիստոնէական հաւատքը, որոնք մեր յաւիտենական արժէքները դարձան: Վարդանանք սովորական բանակի մը զինուորները չէին: Անոնք գաղափարակիր հաւատաւորներ էին, որոնց հրաբոյր արիւնը յաւիտենապէս պէտք է հոսի իւրաքանչիւր հայուերակներուն մէջ այսօ՛ր, վա՛ղը եւ մի՛շտ»։
Ապա դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը նոյնիսկ 1574 տարի անցնելէ
Ետք, վառ կը պահէ Վարդանանց յիշատակը։ Ուստի բոլորս հաւատալու ենք, որ հայ հոգին պիտի մնայ անպարտելի»։
Այնուհետեւ նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները պարգեւատրուեցան հայերէն լեզուի գնահատագրերով, եւ հոգաբարձութեան կողմէ պատրաստուած նուէրով՝ վզկապով, որուն վրայ զետեղուած էր վարժարանի նոր նշանակը (լօկօն), որ կը ներկայացնէ հայկական յաւերժութեան նշանը , մէկտեղուած բացուած գրքի էջերուն հետ՝ որպէս գիտութեան աղբիւր ։ Վերեւը վարժարանի հիմնադրութեան թուականը եւ սկզբնատառերը , որոնց միացումով կը շողայ ազգային դաստիարակութեան ջահը ։
Անոնք յոյսով տորոգուեցան՝շարունակելու գոյութեան եւ զարգացման մեր ճամբան ։

Նայիրի Կարապետեան