Սուրիական քաղաքային թռիչքի խորհուրդը եւ Միջազգային Քաղաքային Թռիչքի Կազմակերպութիւնը փոխըմբռնման յուշագիր մը ստորագրեցին` երկրի թռիչքային հատուածը զարգացնելու եւ երկու կողմերուն միջեւ հետագայ գործակցութեան հիմքերն ու միջոցները ճշդելու նպատակով։

1944-էն հիմնուած կազմակերպութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան Դամասկոս ունեցած պատմական այցելութեան առիթով տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին Քաղաքային թռիչքներու եւ օդային փոխադրութեան խորհուրդի նախագահ Աշհատ Սալիպի յայտնեց, որ այցելութիւնը եկաւ մարտահրաւէրներու եւ առիթներու ստեղծման շրջանին, շեշտելով, որ միջազգային գործակցութիւնը լաւագոյն միջոցն է քաղաքային թռիչքի հատուածը բարելաւելու, քայլ պահելով համաշխարհային չափանիշերուն հետ, աւելցնելով, որ անցեալ երկու օրերուն ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումները արդիւնաւէտ երկխօսութեամբ յագեցած էին։

Սալիպի յայտնեց, որ հանդիպումները ընդգրկեցին թռիչքային ապահովութեան առնչուող քննարկումներ, ենթակառոյցներու վերականգման եւ այլ նիւթերու շուրջ զրոյցներ, շեշտելով, որ խորհուրդը համաձայնած է աշխատանքով քայլ պահել միջազգային չափանիշերու հետ։