ՀԱՅԿԱԿԱՆ

ՍՈՒՐԷՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Մ-18 ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՄԱՐԶԻՉ
Սուրէն Արզումանեան 56-ամեայ մասնագէտը ունի աւելի քան 30 տարուան մարզչական փորձ։ 2018 թուականի ամռան ան եղած է Հայաստանի Մ-18 հաւաքականի մարզիչի օգնական: 2021 թուականին անոր գլխաւորութեամբ կանանց մինչեւ 16 տարեկաններու Հայաստանի հաւաքականը գրաւած է երրորդ տեղը Եւրոպայի առաջնութեան: Արզումանեան նաեւ գլխաւորած է կանանց մինչեւ 20 տարեկաններու Հայաստանի հաաքականը, որ մասնակցած է 2022 թուականի Եւրոպայի B մակարդակի առաջնութեան: Կանանց Եւրոպայի Մ-18 C մակարդակի առաջնութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 22-27-ը Անտրայի մէջ: Այժմ նշանակուած է Հայաստանի Մ-18 հաւաքականի գխաւոր մարզիչ։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

ՄԱՀԱՑԱՒ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԽՈՒՄԲԻ ԲԺԻՇԿԸ
Սպանիոյ ախոյեանութեան 27-րդ փուլի մրցումներու ընթացքին, նախքան Պարսելոնա եւ Օսասունա հանդիպումը մահացաւ քաթալոնէական խումբի գլխաւոր բժիշկ Գարլս Մինարո Կարսիան: Ակումբի նախագահ Խուան Լափորթա ներկայացաւ խաղացողներուն եւ անոնց տեղեկացուց Կարսիային մահը, որոնք խնդրեցին Օսասունայի հանդիպումը յետաձգումը: Լափորթա ակումբի կայքէջին վրայ յատուկ տեսերիզով ըսաւ. «Կÿուզեմ տեղեկացնել թէ անակնկալ մահով մեզմէ հեռացաւ բոլորին կողմէ սիրուած ֆութպոլի խումբի բժիշկ Գարլս Մինարո Կարսիան։ Դժուար է բառեր գտնել այս ցաւը արտայայտելու համար, որովհետեւ մեր բոլորին կողմէ սիրուած անձնաւորութիւն մըն էր ան եւ տարիներէ իվեր ստանձնած էր խումբի բժշկութեան պատասխանատուութիւնը:
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԴԺՈՒԱՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՄԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ

Սպանիոյ ախոյեանութեան 27-րդ փուլի մրցումներուն, Սանթիակո Պերնապէ մարզադաշտէն ներս Ռէալ Մատրիտ հիւրընկալեց Ռայո Վայիքանոն: Հանդիպումին, Ռէալ Մատրիտ յաջողեցաւ արձանագրել դժուար յաղթանակ մը 2 – 1 արդիւնքով եւ պարտութեան մատնեց մրցակիցը: Արքայական ակումբի զոյգ կոլերը նշանակեցին ֆրանսացի Քիլիան Մպափէն եւ պրազիլցի Վինիսիոս Ժունիըրը 30-րդ եւ 34-րդ վայրկեաններուն, իսկ Ռայոյի միակ կոլի հեղինակը դարձաւ Փետրո Տիազը՝ 45-րդ վայրկեանին: Մատրիտեան երկրորդ ակումբի ներկայացուցիչ Աթլեթիքո Մատրիտը պարտութեան մատնուեցաւ Խեթաֆիէն դարձեալ 2 – 1 արդիւնքով: Մրցումի առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ 0 – 0 հաասարութեամբ, որմէ ետք զոյգ խումբերը խտացնելով իրենց յարձակումները վտանգի ենթարկեցին փոխադարձ դարպասները: 77-րդ վայրկեանին Աթլեթիքոն տուգանային հարուածով նշանակեց իր միակ կոլը: Մրցակից Խեթաֆին 88-րդ եւ 92-րդ վայրկեաններուն յաջողեցաւ նշանակել երկու կոլ եւ պարտութեան մատնել Աթլեթիքոն 2 – 1 արդիւնքով:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան