ՆՈՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔ ՓՆՏՌԵԼՈՒ ՑՈՒՑԱՆԻՇԵՐ

Internest.am-ի համաձայն, երբ խորհիք, թէ ձեր գործին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու ժամը հասած է, սակայն միեւնոյն ատեն չփափաքիք կորսնցնել ձեր եկամուտի աղբիւրը, հարկ է,  որ աւելի խորութեանբ մտածէք գործի մասին՝ նկատի առնելով կարգ մը իրողութիւններ, որպէսզի ըստայնմ որոշում գոյացնէք:
ԺԱՄԱՆԱԿՆ Է ՆՈՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔ ՓՆՏՌԵԼՈՒ
Շատեր փոփոխութիւններէ, այդ կարգին աշխատանք փոխելէ, կը վախնան: Սակայն եթէ ստորեւ նկարագրուած իրավիճակներէն քանի մը հատը առկայ են ձեր գործին մէջ, ժամանակ մի՛ վատնէք:
ԵԹԷ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՌՈՒՄՈՎ ՉԷՔ ԱՃԻՐ
Եթէ ձեր աշխատանքի ընթացքին շարունակ նոր գիտելիքներ, հմտութիւններ եւ նոր ծանօթութիւններ ձեռք կը ձգէք, ձեր աշխատանքը երբեք ձանձրալի չի դառնար: Սակայն եթէ աշխատավայր գալուն պէս արդէն կը սկսիք ձանձրանալ եւ ամէն օր նոյն բանը ընելով՝ առանց որեւէ բան սորվելու _ ձեր ունեցած գիտելիքներու պաշարին որեւէ բան աւելցնելու _ ատիկա աշխատանքի փոփոխութեան անհրաժեշտութեան առաջին ազդանշանը կը դառնայ։
ԵԹԷ ՕՐՆ ՈՒ ՇԱԲԱԹԸ ՁԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ՉԱՓԱԶԱՆՑ ԴԱՆԴԱՂ Կ’ԸՆԹԱՆԱՆ
Եթէ աշխատանքի ընթացքին անընդհատ ժամացոյցին կը նայիք եւ կ’ուզէք վայրկեան առաջ աւարտել ձեր գործը, կը նշանակէ ձեր ժամանակը ի զուր կը վատնէք ու չէք սիրեր ձեր աշխատանքը։
Ան որ սիրով կը կատարէ իր աշխատանքը, չի նկատեր անգամ, թէ ե՛րբ հասաւ տուն մեկնելու ժամը։
Փնտռեցէ՛ք այն աշխատանքը, որուն համար անհամբեր կը սպասէք Երկուշաբթի օրուան, որպէսզի եռանդով գործատեղի ուղղուիք։
ԵԹԷ ՀԱՃՈՅՔ ՉԷՔ ՍՏԱՆԱՐ ՁԵՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԷՆ
Յաճախ մարդիկ աշխատանքը լրումին կը հասցնեն առանց հաճոյք ստանալու անկէ, այլ յանուն աշխատավարձի կամ այն պատճառով, որ վստահ չեն, թէ աւելի յարմար աշխատանք պիտի կարենան գտնել: Եթէ համոզուած չէք, որ ձեր աշխատանքը հաճելի է, մտածեցէ՛ք զայն փոխելու մասին
ԵԹԷ ԳՈՐԾԻ ՄԻՋԱՎԱՅՐԻՆ ՄԷՋ ԼԱՒ ՉԷՔ ԶԳԱՐ
Այն միջավայրը եւ շրջապատը, ուր կ’աշխատիք, մեծ նշանակութիւն ունի: Պէտք չէ ճնշուած զգաք աշխատավայրին մէջ, եթէ արդէն քանի մը ամիսէ ի վեր կ’աշխատիք այնտեղ եւ  գործընկերներու հետ կը յարաբերիք։ Եթէ նոյնիսկ աշխատանքը սիրէք, սակայն ձեր գործընկերներուն հետ հանգիստ չզգաք, բացասական անդրադարձով տուն կը վերադառնաք։
ԵԹԷ ԱՅՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՐ Կ’ԱՇԽԱՏԻՔ ԱՊԱԳԱՅ ՉՈՒՆԻ
Եթէ այն ընկերութիւնը, ուր կ’աշխատիք, ոչ միայն չ’աճիր, այլեւ կը նահանջէ, կը նշանակէ մօտ ապագային պիտի փակուի կամ իր պաշտօնէութիւնը կրճատէ։ Հետեւաբար նոր գործի մասին մտածեցէ՛ք։
Եթե դուք ձեզ նաւապետ չէք համարեր, ուրեմն հարկ է լքել խորտակուող նաւը: Այդ պահուն իսկ սկսէ՛ք նոր աշխատանք փնտռել:
ԵԹԷ ՁԵՐ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Կ’ԱՃԻՆ, ԻՍԿ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԸ ՆՈՅՆԸ ԿԸ ՄՆԱՅ
Անշուշտ, բացի գումարէն, գործի ընտրութեան մէջ տարբեր ազդակներ գոյութիւն ունին, սակայն ոչ ոք կրնայ հերքել, որ գործին համապատասխան աշխատավարձ ստանալը քաջալերանքի ու գործին մէջ նորութիւններ մուծելու ամենալաւ ազդակներէն մէկն է պաշտօնեային համար: Եթէ ձեր աշխատավարձը քանի մը տարիէ ի վեր անփոփոխ է, իսկ աշխատանքային պարտականութիւնները տարուէ տարի կը բազմանան, մտածեցէ՛ք այլ աշխատանքի մասին, մանաւանդ եթէ այս հարցը ներկայացուցած էք ձեր տնօրէնին ու համապատասխան լուծում չէք նկատած։