Անառիկ է ամրոցը, անոր պարիսպները ամրացուած են խեղաթիւրող ամէն ապատեղեկանքի դէմ, լուսամուտերը պաշտպանուած են միտքեր աղօտող ամէն նետի դէմ, երդիքը պատսպարուած է խաթարող ամէն հերձախօսութեան դէմ։
Հինգ տասնեակ սերունդներու վաստակը արդարացած է, անոնց ջանքերը ի զուր չեն անցած։ Գաղափարական բերդի կառուցման համար քարակոփ վարպետներուն յոգնութիւն չճանչցող բազուկները մտահանգիստ կը հետեւին օրէ օր առաւել բարձրացող ուսեալ երիտասարդներու մտակառոյցին։
Յիսուն տարիներու ընթացքին կուտակուած փորձառութիւնը ամենայն ճարտարութեամբ կարելի եղած է աւանդել սերունդէ-սերունդ։ Ուսեալ, զարգացած, գաղափարապաշտ, քաղաքականացած ու նախաձեռնող տարրեր պատրաստելու հիմնադիրներու ջանքերուն վրայ ամէն տարի նոր ճիգեր կուտակուած են եւ արդիւնքով կարելի եղած է ունենալ լայնախոհ ու հաւասարակշռուած սերունդ։ Սերունդ, որ գիտէ խոկալ, գիտէ կշռադատել, գիտէ առաջնայինն ու երկրորդականը զանազանել, գիտէ սխալին չլռել ու յանցանքին չհանդուրժել։
Կարելի եղած է ունենալ սերունդ, որուն առօրեային մէջ ուսումնառութիւնը պահանջուած տեղը գրաւած է, որուն թելադրանքներ փոխանցելու կարիք չենք ունեցած՝ ուսման կարեւորութեան կամ շրջանաւարտութիւնը չյետաձգելու առնչութեամբ։
Սերունդ, որ իր կեանքի ամենագեղեցիկ շրջանը չկրցաւ վայելել երկրի ապրած ապահովական, տնտեսական ու կենցաղային դժուարութիւններուն պատճառով։
Սերունդ, որ ուսումնառութեան պարտականութիւններու կողքին շատ կանուխ տարիքէն գործի ասպարէզ մուտք գործեց։
Սերունդ, որ համոզուեցաւ, որ ճգնաժամերը յաղթահարելի եւ տագնապները փարատելի են։
Սերունդ, որ վանեց յուսալքութիւնը, մերժեց տառապանքներու գերին դառնալ։
Սերունդ, որ ականատես եղաւ հայրենի հողի կորուստին եւ ապրեցաւ ազգային արժանապատուութեան խոցումը։
Սերունդ, որ ապրեցաւ պատերազմ, պսակաժահր, երկրաշարժ, իշխանափոխութիւն…
Եւ այս բոլորէն վերջ չմտածեց իր գաղափարական հանգանակէն հեռանալու, համոզումները լքելու, ըմբռնումները փոխելու եւ սկզբունքները վաճառելու մասին։
Այս սերունդը հաստատեց, որ ազգասիրական ու հայրենասիրական ռազմավարութեան մէջ հինգ գլխաւոր կէտեր կան, որոնց առկայութեամբ ապագայ մարդուժի նատմամբ մեր մտահոգութիւնները կը փարատին.
Առաջին՝ նախաձեռնութեան ոգին.- Երբ հանդիսատեսի կարգավիճակէն դուրս կու գանք եւ կը թեւակոխենք կացութիւն փոխելու, իրավիճակ բարելաւելու, ծրագիրներ մշակելու փուլ։
Երկրորդ՝ մարտունակութիւն, երբ խիզախութիւնը կը կարգենք մեր ուղին հարթող, կը վանենք երկչոտութիւնն ու անոր ընկերակցող մտմտուքները։
Երրորդ՝ վճռականութիւն, երբ տատամսումն ու երկբայութիւնը տեղ չեն գտներ մեր կեցուածքներուն մէջ։
Չորրորդ՝ ստեղծագործական աշխատանք, երբ դուրս կու գանք սովորամոլական ոչ միայն նախագիծերէ այլեւ մտածելակերպէ, երբ կը դարմանենք մեր մտայնութիւնը ու կ’անապականեցնենք զանիկա ամէն բիծերէ։
Հինգերորդ՝ նորարարութիւն, երբ քայլ կը պահենք գիտական զարգացումներուն հետ, կ’օգտուինք անոր ընձեռած հնարաւորութիւններէն, միաժամանակ նորարար միտքերու, գաղափարներու ու ծրագիրներու ենթահող կը ստեղծենք։
Ա՛յս սերունդ է, որուն կարելի պիտի ըլլայ վստահիլ եւ անոր ստանձնած յանձնառութիւնները իրագործուած տեսնելու ուղղութեամբ կասկած չունենալ եւ ալ չմտահոգուիլ։
Սիրելի՛ ուսանողներ, դուք ձեր զարգացած ու ստեղծագործ մտքով լոյսի հորիզոններ պիտի բանաք երկրին ու համայնքին դիմաց։
Մարիա Գաբրիէլեան