Համարձակութիւնը ունեցայ «հայախիտ ու հայաբոյր» կոչելու Թիլէլի անմիջապէս կից գտնուող պողոտան, որ առ այսօր ծանօթ է «Հրշէջներու (նախկին) պողոտայ» անունով եւ որ իսկութեան մէջ՝ Թիլէլի երկարաձգումը կը նկատուի ու զայն կը կամրջէ հայախիտ այլ թաղամասի մը՝ Սիւլէյմանիէին։
Այո՛, հայախիտ եւ հայաբոյր, բայց ո՛չ հիմա, այլ՝ անցեալին, գոնէ 20-30 տարի առաջ։ Ըսեր էի, թէ թաղերը դիմագիծ կը փոխեն։ «Հրշէջներու պողոտայ»-ն ալ փոխեր է իր դիմագծութիւնը, գրեթէ ամբողջովին։
Անցեալները, երբ Թիլէլի հարաւային ծայրէն քալեցի մինչեւ հիւսիսային ծայրամասը ու կանգնեցայ դէպի Ճիտէյտէ տանող փողոցին անկիւնը, յուշերու եւ կորսուած անուններու յորձանք մը կլանեց զիս։ Մայթը, որուն վրայ կեցած էի հիմա, քաղցրաւենիքի երբեմնի «Խուտարի» վաճառատան շեմին էր։ Տխո՜ւր հայեացքով մը դիտեցի դիմացի շէնքերը, աջ ու ձախ, որոնցմէ ոմանք դեռ կը կրէին Հալէպի պատերազմին հետքերը։ Անբաղդատելիօրէն աւելի՛ վատ էր վիճակը Ճիտէյտէ առաջնորդող փողոցին, ուր շատ քիչ բան կանգուն մնացեր էր։ Գրեթէ քարուքանդ էր ամէն ինչ։ Կար միայն «Ռաֆֆի» ցուցանակով վերմակ-ներքնակ ծախող խանութ մը։ Նայեցայ հակառակ ուղղութեամբ՝ դէպի Ազիզիէ տանող փողոցի անկիւնի շէնքին։ Հռչակաւոր Ֆօթօ Հայկին լուսանկարչատունը կար հոն (ցուցանակը կայ հիմա ալ)։
Մանկութեանս շրջանին, կաղանդէ-կաղանդ, հայրիկս հո՛ն կը տանէր զիս լուսանկարուելու, «պաշտօնական» լուսանկար մը ունենալու՝ խաղալիքէ փոքրահասակ ձիու մը քամակին նստած կամ զարդարուն սայլակի մը մէջ տեղաւորուած դիրքով…։ Ի՜նչ երջանկութիւն ու բերկրանք ինծի համար։ Երանելի՜ օրեր՝ երանելի՜ աւանդութիւններով…։
Շուրջ վաթսուն տարի, մինչեւ իր խոր ծերութիւնն ու մահը, Ֆօթօ Հայկ՝ սասունցի Հայկ Աւետիսեան (որ նաեւ ատենապետն էր Տարօն-Տուրուբերանի Հայր. Միութեան), իր վաղամեռիկ եղբօր՝ Հրաչին հետ, կրցեր էր ապրեցնել տիպար ու առաջնակարգ լուսանկարչատուն մը, որուն պատերէն մեզի կը ժպտէին ի՜նչ-ի՜նչ մտերիմ դիմանկարներ։
Հայկ Աւետիսեան իր մահկանացուն կնքեց 8 Յունուար 2017-ին։ Հալէպահայ հին սերունդի երեւելի դէմքերէն մին էր ան, անուանի ու արուեստագէտ լուսանկարիչ մը։
Նոր սերունդը գաղափար չունի թերեւս, սակայն միջին ու հին սերունդին համար Ֆօթօ Հայկ եւ իր լուսանկարչատունը (Հրշէջներու պողոտային ու Թիլէլի փողոցին ճիշդ մէջտեղը) Հալէպի խորհրդանիշերէն մէկն էր։ Մեր արխիւներուն մէջ պահպանուած ընտանեկան հարիւրաւոր սեւ-ճերմակ լուսանկարներ, զորս ատենը մէկ այնքա՜ն կարօտագին կը դիտենք ու դէպի ետ կ’երթանք, կը կրեն «Ֆօթօ Հայկ»-ին կնիքը…։
Սա պահուն, կենսագրական ո՛չ մէկ մանրամասնութիւն ունիմ ողբացեալ Ֆօթօ Հայկին մասին, որ հօրս ալ մտերիմ ընկերն էր, իրարու զօդուած՝ հայրենակցական կապով։ Կ’անգիտանամ նոյնիսկ, թէ ան ե՞րբ էր որ բացեր էր իր նշանաւոր լուսանկարչատունը Հալէպի մէջ։ 50-ակա՞ն թուականներուն արդեօք։
Ֆօթօ Հայկ սասունցի ծնողներու զաւակ էր։ Կ’ենթադրեմ որ ծնած ըլլալու էր 20-ական թուականներու կէսերուն։ Կ’ենթադրեմ նաեւ, որ Ազգ. Հայկազեան վարժարանի շրջանաւարտներէն մին էր։ Լուսանկարչական կալուածին մէջ կրցած էր նուաճել (եղբօր՝ Հրաչին հետ) շատ պատուաբեր ու փայլուն դիրք մը, այնքան որ՝ 60-ական թուականներէն սկսեալ Հալէպի երեւելի բազմաթիւ դէմքեր, մանաւա՛նդ քրիստոնեայ համայնքապետեր, ազգային ու պետական դէմքեր, մի՛շտ կը նախընտրէին իրենց պաշտօնական լուսանկարները վստահիլ անոր քամերային…։
«Կար ու չկար»-ի պատմութիւն մը…։
Նշանաւոր Թիլէլէն ետք՝ հիմա հանդարտօրէն կը քալեմ «Հրշէջներու (նախկին) պողոտայ»-ին մէկ ծայրէն միւսը։
Այս փողոցին անունը կու գայ հնամենի այն կառատունէն, ուր Հալէպի հրշէջ փրկարարները հաստատեր էին իրենց կեդրոնը, շատ տասնամեակներ առաջ։ Հրշէջներու կեդրոնը վաղո՜ւց արդէն փոխադրուած է այլուր։ Հրշէջները գացին, բայց անոնց սիրելի անունը կպչած մնաց փողոցին…։
Իմ մանկութեան ու վաղ պատանութեան տարիները անցան այս պողոտային դրացնութեան ու մտերմութեան մէջ։ Անոր անմիջապէս կից գտնուող Նէյյէլ թաղամասէն,_ ուր կը գտնուէր մեր բնակարանը,_ դուրս գալով՝ ամէն օր հետիոտն պէտք է ճեղքէի Հրշէջներու պողոտան, հասնելու համար մեր «հոգիի երկու ամրոցներ»-ուն՝ Ազգ. Հայկազեան վարժարանին ու Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցիին…։ Աշակերտ էի Հայկազեանի գրասեղաններուն ետին, միաժամանակ դպիր՝ Քառասուն Մանուկի խնկաւէտ կամարներուն տակ…։ Իմ այս երթեւեկը դադար չէր ճանչնար ո՛չ ամռան, ո՛չ ձմռան։
Ամէն անգամ որ կ’անցնէի հրշէջներու կառատան դիմացէն՝ սիրտս թունդ կ’ելլէր։ Մի՛շտ ալ անյագուրդ նայուածքով կը դիտէի հրշէջ փայլուն ինքնաշարժները։ Անոնք ու իրենց կապուտազգեստ վարորդները հեքիաթային գոյացութիւններ էին կարծէք ինծի համար…։
Օ՜, կարմիր գոյնով այդ հսկայակազմ հրշէջ ինքնաշարժները, որոնք ատենը մէկ՝ միջոցին մէջ կ’արձակէին իրենց ահազանգային սուլոցը ու կը շտապէին դէպի այն թաղը, ուր չարաբաստիկ հրդեհ մը պատահած կ’ըլլար։
Հիմա, երբ կ’անցնիմ նոյն պողոտայէն, կ’անդրադառնամ որ այս սիրելի թաղն ալ ամբողջովին դիմագիծ փոխեր է։ Հոն այլեւս քիչ բան մնացեր է անցեալի իմ յիշատակներուն հետ կապուած։ Հրշէջներու կառատունը վերածուեր է պանդոկի, որ հիմա, իր կարգին, լքեալ է ու աւերակ։ Թաղամասը ընդհանրապէս փոխած է իր դիմագծութիւնը, մա՛նաւանդ հայկական իմաստով։ Հայապատկան քանի՞ խանութ կամ դարմանատուն մնացեր է հոդ։ Շա՛տ քիչ։ Մէկ ձեռքի մատներուն վրայ համրուող…։ Կայ ապակեղէնի վաճառորդ Հինտոյեանը, կայ ատամնաբոյժ Գէորգ Պապօղլեանը, կայ մուճակավաճառ Ժիրայրը (Գարեգին Կարապետեան), կաշի վերարկուներու վաճառորդ «Շիրազ»-ը (Աւօ Խօշաֆեան), կայ «Վենիւս» լուսանկարչատունը (Պօղիկեան եղբարք)։ Ուրի՞շ։ Տէրերը մեկներ են, բայց մնացեր են ցուցանակները մանկաբարձ տոքթ. Աբրահամ Եփրեմեանին, ատամնաբոյժ Յակոբ Մուրատեանին, շողանկարիչ տոքթ. Ռոպերթ Սիւլահեանին, երբեմնի «Կիլիկիա» փոքր պանդոկին (Խաչատուրեան) ու կահագործ-մահճակալագործ Ներսէսին (Թանկուկեան)…։
Անցեալին, «փոքրիկ Հայաստան» մըն էր այս պողոտան։ Թէ՛ հայապատկան մեծաթիւ գործատեղիներ, խանութներ կային հոն, թէ՛ ալ պողոտան եզերող շէնքերուն մէջ կային բազմաթիւ հայ ընտանիքներ։
Հրշէջներու կառատան շարքին՝ ո՞ւր է Պէքեարեան գրատունը։ Փոքրիկ ու նեղ խանութ մըն էր ասիկա, գրենական պիտոյքներով ու հայերէն գիրքերով յորդուն, ուր կը մտնէի Լիբանանէն հասած «Ազդակ»-ի, «Զարթօնք»-ի կամ «Արարատ»-ի վերջին թիւերը գնելու համար (երեք օրաթերթերն ալ Հալէպ կը հասնէին օրը-օրին)։ Գրատան սեփականատէրը սասունցի Լեւոն Պէքեարեանն էր։ Խստադէմ ու խստաբարոյ։ Լսեր էինք, թէ ան անցեալին ուսուցչութիւն ըրեր էր հայկական դպրոցներու մէջ, բայց մեզի համար իր անունը կը զուգորդուէր, առաւելաբար, իր պատրաստած «Երազահան»-ի հատորին հետ։
Գրատուն Պէքեարեանի շարքին կար կօշկավաճառ Փօլատեան մը, կար Պաղտասարեանի դերձակատունը, սրտաբան Պետրոս Պօյաճեանի (մահացած՝ Հայաստան), բժ. Եղիա Գարամանուկեանի եւ ատամնաբոյժ Համազասպ Շահինեանի դարմանատուները։ Ասոնց ճիշդ դիմացը, հանդիպակաց մայթին վրայ, երգիծագիր Յակոբ Պէքեարեանի հագուստի վաճառատունն էր («Թամի»), ուր աւելի շատ գրականութիւն կը խօսուէր, քան առեւտուր կ’ըլլար…։ Յակոբ 1990-ականներէն ասդին կ’աշխատակցէր Պէյրութի «Դիտակ» գունաւոր պարբերականին, մի՛շտ երգիծական յօդուածներով։
Ընտանիք չէր կազմած ու կ’ապրէր առանձին։ Մահացաւ մինակութեան մէջ, լքուած ու անտէր, պատերազմի շրջանին։ Իր վաճառատան կից էր անկիւնաւոր խանութ մը՝ «Անուշավաճառ Սարգիս» (ծանօթ՝ «կաթոճի Սարգիս» անունով, Տէր Եղիայեան)։ Ան շատո՜նց չկայ։ Անոր վերեւ, նոյն անկիւնաւոր շէնքին մէջ, կը բնակէր վաստակաւոր ուսուցիչ ու «Գեղարդ» տարեգիրքի խմբագիր Հայկ Պարիկեանը։ Նոյն շէնքին մէջ իր դարմանատունն ունէր մանկաբարձ տոքթ. Մերուժան Քիրիշեանը (մահացած վերջերս, Երեւան)։
Միայն այսքան չէ՜…։ Հրշէջներու պողոտան ալ, Ֆարհաթ հրապարակին նման, փոքրիկ Հայաստան մըն էր կարծէք՝ 40-45 տարի առաջ։
Ֆօթօ Վենիւսի շարքին՝ կը յիշեմ,_ կամ կը յիշեցնեն իրազեկները,_ կար ելեքտրական պիտոյքներ վաճառող Քերոբ Տաուլէն, դերձակ Կարոն (որուն խանութը հետագային դարձաւ ոսկերչատուն՝ Կարպիս Քէօսէեանի սեփականութեամբ), շապկագործ Կարպիսը (ա՛յս ալ հետագային փոխակերպուած է ոսկերչատան՝ «999» տարօրինակ անունով, Գէորգ Քէթէնճեանի սեփականութեամբ), ոսկերիչ Յակոբ Սերչէեանը, Ճեմիլ Մուսալլին եւ զաւակները (ելեքտրական սարքեր), կաշեգործ Սարգիս Շէօհմէլեանը, Ֆօթօ Սամոն (հետագային՝ Ֆօթօ Հրաչ), Սարգիս Իգնատոսեանը (ելեքտրական պիտոյքներ), Ժամագործ Սնունուն, ժամագործ եւ ջութակահար Կարապետ Մոմճեանը, զինուորական գլխարկներու դերձակ Գէորգ Սարեանը, ակնոցավաճառ Մանուէլը, «Սանտուիչ Կարպիս»-ը, Եղիա-Լենա Ատուրեաններու մանկանց հագուստի վաճառատունը՝ «Էլենա»-ն…։
Ասոնց դիմացը, պողոտային միւս մայթին վրայ, կը յիշենք կերպասավաճառ Զուլամեանը, ատամնաբոյժներ Զաւէն Բախտիկեանի եւ Յակոբ Գլընճեան դարմանատուները, բժ. Բիւզանդ Քահքէճեանը, Ժան Զէքիի վաճառատունը (ելեքտրական գործիքներ), «Սանտուիչ Մարտո»-ն, արանց դերձակ «Յարնուր»-ը (Յարութիւն Չուլճեան եւ Նուրճան Մխիթարեան), ձայնասփիւռի գործիքներ նորոգող Հրանդ Թիւթիւնճեանը, ոսկերիչ Գառնիկը, գորգավաճառ Քերոբ Պօյաճեանը։ Ոմանք յիշեցուցին ինծի ատամնաբոյժ Զօհրապ Տոլպաքեանի անունը, «Սանտուիչ Նօնօշ» մը եւ «Սանտուիչ Զարեհ» մը՝ միշտ նոյն շարքին վրայ…։
Կային ու չկա՜ն…։
Լեւոն Շառոյեան