Սուրիոյ Մէջ Հայերու Հնագոյն Ներկայութեան Մասին

(Զ.)

Հայերու Յարաբերութիւնները՝ Հռոմէական Սուրիոյ Հետ
Պատմական Սուրիոյ համար հռոմէական տիրապետութիւնը յատուկ կարեւորութիւն պարզած է, երբ Ք.ա. 64 թուականին, Սուրիա ենթարկուած էր պետական, տնտեսական, մշակութային, զինուորական համակարգուած վարչութեան մը, որուն միջոցով հռոմէական քաղաքակրթութիւնը թափանցած էր Մերձաւոր Արեւելքի զարգացած ժողովուրդներէն մէկուն մէջ (Ք.ա. 64-Ք.ե.365թթ.)։
Սուրիոյ «հռոմէական մարզպանութիւնը» (նահանգը) ներկայացուցած էր ընդարձակ տարածք մը, եւ մարզպանը պատասխանատու հանդիսացած էր Հռոմի առաջ, պաշտօն ունենալով պաշտպանելու ասիական բոլոր «գաղութները»։ Կը կարծուի, թէ այս շրջանին Անտիոքի եւ Սելեւկիոյ հայ ազգաբնակչութենէն անոնք, որոնք հետամուտ էին աւելի ազատ եւ ինքնիշխան կեանքի, նախընտրած էին հաստատուիլ շրջակայ անմատչելի լեռներուն եւ անտառներուն մէջ, թերեւս Մուսա լեռան եւ Կասիոս-Քեսապի շրջանները։
ՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ԿԱՄՈՒՐՋ ՀԱԼԷՊԻ ՄՕՏԱԿԱՅՔԸ
Այս տեսակէտը կարելի է հաստատել նաեւ այն իրողութեամբ, թէ Անտիոքէն ոչ շատ հեռու կը գտնուէին հայկական անուանումներով գիւղեր կամ բնակավայրեր, որոնց մէկ մասը առ այսօր կը գոյատեւէ, ինչպէս Արամո, Գնիէ, Ղնեմիէ, Եագուպիէ հայաբնակ գիւղերը, իսկ միայն հայկական անուն կը կրեն Ջաղցընէն (ջաղացքներ), Միատուն, Գիրակոսի (Կիրակոսի), Պետրոսիկ եւ այլ վայրեր։ Միաժամանակ, Անտիոքի հայութեան թիւը ստուարացած էր քաղաքին անկումէն ետք, հայ զինուորական տարրին ներկայութեամբ. ըստ Վեր. Տիգրան Անդրէասեանի,
«Մանաւանդ Հայաստանէն եկած լուրերն ալ քաջալերական չէին այն ատեն հոն վերադառնալու համար։ Ուստի հաւանական է որ շատ հայեր Սուրիա մնացին եւ հոն հաստատուեցան»։
Հռոմէական Սուրիոյ մէջ, Անտիոք, Սելեւկիա եւ Լաւոդիկէ (Լաթաքիա) քաղաքները բուռն զարգացում ապրած էին, հռոմէացիները երկար ժամանակ չէին յաջողած ջնջել Անտիոքի վրայ հայերուն ձգած քաղաքակրթական որոշակի հետքերը։ Ըստ Մովսէս Խորենացիի, այդ շրջանին Անտիոքի մէջ համաբնակեցման պարագայ մը իրականացած էր հայոց Արշամ թագաւորի օրօք (Ք.ա.38-18թթ.), երբ հայոց թագաւորը ի վերջոյ հպատակելով Հրէաստանի Հերովդէս թագաւորին, սուրիական Անտիոք քաղաքը ուղարկած էր բազմաթիւ հայ աշխատաւորներ.
«Որոնց ձեռքով (Հերովդէսը) լեցուց անտիոքացիներու քաղաքի հրապարակները քսան վտաւան երկայնութեամբ եւ սալայատակեց սպիտակ մարմարի սալաքարերով, որպէսզի հեղեղներու ջուրերը դիւրաւ անցնին այս յատակներուն վրայով եւ քաղաքին բոլորովին չվնասեն»։
Յիշուած է նաեւ, թէ քրիստոնէութեան տարածման առաջին դարու կէսերուն, Խառանէն (Հարրանէն) ոչ հեռու՝ դաշտային եւ լեռնային վայրերու մէջ գտնուած էին բազմաթիւ հայաբնակ գիւղեր։
Անհրաժեշտ է ընդգծել, թէ պատմական Խառան կամ Հարրան քաղաքը որ տեղադրուած էր Եփրատ գետի հովիտի վերին շրջանին մէջ, նաեւ հանդիսացած էր առեւտրական կարեւոր կեդրոն մը եւ Մուսուլ-Սուրիա-յունական աշխարհ ճանապարհներու հանգուցակէտը։ Խառանի բնակչութիւնը բաղկացած էր բաբելացիներէ, ասորիներէ, մակեդոնացիներէ, նաեւ հայերէ, քրիստոնեայ եւ իսլամ տարրերէ, ուստի անոնց կրօններն ու մշակոյթները այդտեղ հանդիպած եւ միաձուլուած էին, ի դէպ նոյնիսկ արաբական տիրապետութենէն քանի մը դար ետք հեթանոսական կեդրոն մը ներկայացուցած էր, երկար ժամանակ պայքարելով քրիստոնէութեան դէմ, պահելով հանդերձ արուեստի եւ գիտութեան ոստան մը ըլլալու հանգամանքները։
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՏՈՐԱ-ՕՐՈԲՈՒՍ ՔԱՂԱՔԷՆ ՏԵՍԱՐԱՆ ՄԸ
Ուրեմն, մեծ հաւանականութեամբ այդ օրերուն է, որ սկզբնաւորուած էին Սելեւկիայի եւ Կասիոս-Քեսապի առ այսօր գոյատեւող հայկական համայնքները։
Զուգահեռաբար, հռոմէացի կայսրերը հետամուտ եղած էին յատկապէս Անտիոք մայրաքաղաքին յառաջդիմութեան։
Արտաշատի պայմանագիրով (Ք.ա. 66թ.) երբ պատմական Սուրիա անջատուած էր Հայաստանէն, մինչեւ Դ. դար մնացած էր Հռոմէական կայսրութեան նահանգներէն մէկը (Ք.ա.64-Ք.ե.365թթ.), այսուհանդերձ Հայաստանի հետ առեւտրական կապերը աշխոյժ կերպով շարունակուած էին։
Սուրիա հռոմէական տիրապետութեան սկզբնական տարիներուն ընդգրկած էր բարձր քաղաքակրթութեամբ օժտուած շրջաններ եւ կիսաքաղաքակիրթ շրջաններ՝ երկրին ներքին մասերուն մէջ։ Յունական եւ փիւնիկեան այնպիսի հարուստ քաղաքներ առկայ եղած էին Սուրիոյ մէջ, որոնք իրենց քաղքենի կեանքով, ընդարձակ առեւտուրով, գրական ու գեղարուեստական դպրոցներով գերազանցած էին նոյնիսկ Հռոմի քաղաքները։ Իսկ հռոմէական զօրագունդերը եթէ պաշտպանած էին Սուրիոյ քաղաքակիրթ գօտիները, իրենց մեծ իրագործումներով, մասնաւորապէս ճանապարհաշինութեամբ սատարած էին նաեւ վաչկատուն ցեղերուն, որպէսզի կայուն ու նստակեաց կենցաղ մը որդեգրէին, աւարառութեան ու կողոպուտին փոխարէն։
Հռոմէացիներուն համար Սուրիոյ նահանգը իր Անտիոք փառաւոր մայրաքաղաքով՝ կեդրոնական կարեւորութիւն ներկայացուցած էր, նաեւ որպէս հռոմէական պետութեան ուժի կեդրոն՝ ռազմակայան Արեւելքի մէջ։
Մայրաքաղաք Անտիոքի բարգաւաճումը մեծապէս տկարացած էր մանաւանդ Սելեւկեաններու ազգատոհմին անվերջ տարակարծութիւններուն հետեւանքով, որոնք կը նպաստէին միայն արաբ ցեղախումբերուն միջամտելու Սուրիոյ քաղաքական կեանքին, ուստի անտիոքացիք գրկբացօրէն ընդունած էին Հռոմի հասարակապետութեան իրենց միացումը (Ք.ա.64թ.)։ Այնուհետեւ Անտիոք մեծ վերելք արձանագրած եւ ընդարձակուած էր։ Հռոմէական շրջանի Անտիոքի ներքին կազմաւորման մասին կարգ մը մանրամասնութիւններ պահուած են, եւ թէեւ հռոմէական գաղութ մը պաշտօնապէս գոյութիւն չէր ունեցած Անտիոքի մէջ, սակայն հռոմէացի վաճառականներ, կառավարական պաշտօնեաներ, զինուորականներ եւ ուրիշներ մնայուն կերպով կայք հաստատած էին այդտեղ։ Արդ, Պոմպէոս (Ք.ա. 60-48 թթ.) զայն հռչակած էր «Մեդոպոլիս», այսինքն «մեծ քաղաք», Յուլիոս Կեսար (Ք.ա. 60-44 թթ.) կառուցած էր թատրոնը, հանդիսարանն ու այլ շէնքեր, Կալիկուլա Ա. (37-41թթ.), Տրայիանոս (98-117թթ.) եւ Ատրիան (117-138թթ.) շինած էին քաղաքին բաղնիքները, Անտոնիոս Պիոս (138-161թթ.) կառուցած էր գլխաւոր ճանապարհը, իսկ Սէպդիմոս Սէֆրիոսի օրօք (193-211թթ.) Անտիոք դարձած էր ամբողջ Հռոմէական կայսրութեան երրորդ քաղաքը՝ Հռոմէն եւ Աղեքսանդրիայէն ետք։
Հռոմէացիներու օրօք ընդհանրապէս Սուրիա աստիճանաբար վերականգնած էր (Ք.ա.30-70թթ.), երկրին համար սկսած էր խաղաղ, կայուն եւ բարգաւաճ ժամանակաշրջան մը։ Անոնք նաեւ մեծ զարկ տուած էին ճանապարհաշինութեան, ճանապարհային ցանցերու եւ ջրաբաշխումի ու ոռոգման դրութիւններու իրագործման, նկատառելի վերելք արձանագրած էր առեւտուրը միջազգային նոր վաճառականութեան ընդհանուր շրջագիծին մէջ, որպէս արդիւնք՝ զարգացում ապրած էր երկրին տնտեսական կեանքը, անմիջական անդրադարձ ձգելով Սուրիոյ բնակչութեան կենսամակարդակին վրայ։
Քիչ մը աւելի մանրամասնելով, արտադրութիւնները զարգացած էին, համայնքներ հաստատուած էին, եւ Երուսաղէմի կործանումով Սուրիա դարձած էր Հռոմէական կայսրութեան գլխաւոր նահանգը, ինչպէս նաեւ, հռոմէական բանակը դէմ դրած էր պարթեւական եւ արաբական յարձակումներուն, ռազմավարական անցքերը, օրինակ՝ Կիլիկիոյ անցքը եւ այլ անցքեր ենթարկուած էին զօրաւոր հսկողութեան, ապահովութիւնը ծաւալած էր ամէնուրեք, իրագործուած էր ճանապարհային ցանց մը, որ նկատուած էր հռոմէական վարչութեան եւ երկրաչափութեան ցայտուն արտայայտութիւններէն, իրարու կապելով կայսրութեան բոլոր շրջանները, ջրաբաշխումի եւ ոռոգման միջոցառումները վերելք արձանագրած էին, յառաջացած էր նամակաբաշխման վարչութիւն, որ կեդրոնական վարչութեան կապերը աւելի ամրապնդած էր նահանգներուն հետ եւ վաճառականութիւնը աշխուժացուցած էր։ Հռոմէացիները Սուրիոյ անունով դրամ հատած էին, նախ դիւրացնելու համար արքունի տուրքերու գանձումը եւ միաժամանակ նպաստելու երկրին ներքին թէ արտաքին առեւտուրին։
Սուրիա փառքի օրեր ապրած էր յատկապէս Տրայիանոս կայսեր օրօք (98-117թթ.)։
Այնուհետեւ, 193 թուականէն սկսեալ երբ Հռոմի գահը բարձրացած էին ծագումով սուրիացի կայսրեր՝ Սեպդիմոս Սէֆէրիոս (193-211թթ.), Անտոնիոս Գարագալլա (211-217թթ.), Աղեքսանդր Սէֆէրիոս (222-235թթ.), Արաբ Ֆիլիբ (244-249թթ.), անոնք իրագործած էին ընկերային, քաղաքական եւ մասնաւորաբար օրէնսդրական աննախընթաց նուաճումներ, մանաւանդ Անտոնիոս Գարագալլա, 212 թուականին հռչակած իր նշանաւոր կայսերական հրամանագրով, հռոմէական հպատակութիւն շնորհած էր կայսրութեան բոլոր նահանգներու ազատ (ոչ-ստրուկ) հպատակներուն, այսպիսով իւրաքանչիւր սուրիացի դարձած էր նաեւ հռոմէացի քաղաքացի, իրաւունք ունենալով պետութեան մէջ ստանձնելու բարձրագոյն դիրքեր։
Հետեւաբար հելլենիստական քաղաքակրթութիւնը հռոմէական հովանաւորութեան տակ շարունակած էր իր դերը՝ լուծելով զանազան ազգութիւններու միաձուլման բարդ հարցը, քաղաքական եւ իմացական բնագաւառներէ ներս։ Նոյնպէս Անտոնիոս Գարագալլա սուրիական Էմէսա՝ ներկայիս Հոմս քաղաքին շնորհած էր «կեդրոնական գաղութ, գլխաւոր գաղութ, մայր գաղութ» մակդիրը։
Հռոմէական տիրապետութեան շրջանին, Էմէսա քաղաքը (ներկայիս Հոմս) հանդիսացած էր ճարտարարուեստական կարեւոր կեդրոն մը։ Այս դիրքը պահած էր արաբական-իսլամական շրջանին եւս, դառնալով Հալէպէն դէպի Մէքքէ իսլամական ուխտագնացութեան ճամբուն վրայ կարեւոր կայան մը։ Սուրիոյ հնագոյն քաղաքներէն մէկը հանդիսացող Էմէսա (Հոմս)՝ հիմնուած էր Որոնդէս գետի աջ ափին, ընդարձակ դաշտի մը ծայրամասը, որ դէպի արեւելք անապատի կը փոխուէր, իսկ վաճառականական կարեւոր ճանապարհ մը հին Էմէսա (Հոմս) քաղաքը կը միացնէր Փալմիրի։
Նշելի է, թէ Էմէսայի (Հոմսի) մէջ շրջան մը մնացած էր հռոմէական զօրք մը եւ Հռոմի մէջ իշխած սուրիական առաջին ազգատոհմը վերագրուած էր անոր։
Դոկտոր Հուրի Ազէզեան