Ձեռագիր հայերէն գրող այսօր գրեթէ չկայ, թերեւս միայն 1% մը. թերեւս, որովհետեւ ամէն մարդ համակարգիչով, թապլէթով կամ բջիջայինով կը գրէ իր գրելիքը, եթէ գրէ անշուշտ:
Մեր գլխաւոր մտահոգութիւնը, հայերէն գրելու կողքին, ճիշդ ուղղագրութեամբ գրելն է այսօր: Բայց կար ժամանակ, երբ ամէնէն բնական բանն էր ճշգրիտ ուղղագրութեամբ հայերէն գրելը. հարցը՝ ձեռագրին գեղեցկութիւնն էր:
Այդ ուղղութեամբ բազմաթիւ գիրքեր հրատարակուած են եւ յօդուածներ գրուած, անցեալ դարու երկրորդ կէսերուն, Հայաստանի, ինչպէս եւ Սփիւռքի մէջ լոյս տեսած, երբ խիստ աշխոյժ էր հրատարակչական գործը:
Հայերէն զատ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ եւս ձեռագրի գեղեցկութեան մեծ կարեւորութիւն տրուեր է, ինչպէս կը տեսնենք 1948-ին Փարիզի մէջ հրատարակուած գիրքէն՝ L’Ecriture et son Dessin (Գրութիւնը եւ իր գծագրական ոճը), Րընէ Մունշի հեղինակութեամբ, «Թեքնիք եւ մասնագիտական ուսուցում» որպէս: Հեղինակը փրոֆէսոր եղած է կրաֆիք արուեստներու:
Հեղինակը իր խօսքը կը սկսի ամէնէն հին «գիր»-երէն, որոնք քարայրներու պատերուն երեւցած գծանկարներ են, հասնելու համար ախթարքի (zodiak) նշաններուն եւ դեղագործական խորհրդանշաններու, որոնցմէ ետք կը սկսի անդրադառնալ լատին տառերուն:
Հայերէն գիրերուն նուիրուած առաջին գիրքը (առաջինը ա՛յս գրադարանին մէջ) կու գայ Երեւանէն, Հենրիկ Մնացականեանի հեղինակութեամբ՝ «Հայկական Գեղարուեստական եւ Տպագրական Տառատեսակներ» (Հայպետհրատ – Հայկական Պետական Հրատարակչութիւն – 1955): Հատորին խմբագիրը հռչակաւոր գեղանկարիչ Յակոբ Կոջոյեանն է, որ իր «Խմբագրի Կողմից» հակիրճ ներածութեան մէջ կ’ըսէ.
«Նման ալպոմի ստեղծումն ու հրատարակումը ունի կարեւոր նշանակութիւն՝ ան կ’օգնի գիրք ձեւաւորող նկարիչ-տառագիրներին, գեղարուեստական եւ տեխնիկական խմբագիրներին եւ փոլիկրաֆ աշխատողներին բարձրացնելու գրքի մշակոյթը: Ալպոմը մեծ օժանդակութիւն ցոյց կը տայ նաեւ ակումբային գծով աշխատողներին եւ պատի թերթեր ձեւաւորողներին»:
Ըստ հեղինակին, սովորական տպագիր գրութիւններուն առաջին օրինակները պատրաստուեր են 16-րդ դարուն, իսկ Արամեան մեծ տարածում գտած տառատեսակները _ նաեւ համակարգիչի ստեղնաշարերուն համար _ 1855 թուականին ստեղծուեր են Ճանիկ Արամեանի կողմէ (հոսկէ՝ տառատեսակին անուանումը):
Նոյն այդ ժամանակաշրջանին է, որ ստեղծուեր են շարք մը այլ տառատեսակներ, որոնցմէ են «վիեննական տառատեսակներ»-ը:
Հեղինակը կ’ըսէ, թէ տպագրական տառատեսակներու կառուցման համար շատ յարմար է քառակուսիներով աշխատիլը, եւ կու տայ քանի մը շատ հետաքրքրական օրինակներ:
Հենրիկ Մնացականեանի հեղինակութեամբ այլ հատոր մը եւս լոյս տեսեր է 1972 թուականին («Հայաստան» հրատարակչութիւն, Երեւան), «Հայկական Տառատեսակներ» խորագրով, որուն յառաջաբանը գրեր է Կարո Տիրատուրեան:
Հեղինակը կը բացատրէ.
«Գրականութեան եւ մշակոյթի աննախընթաց վերելքը հրամայական պահանջ է դրել մեր հանրապետութեան տառագիր նկարիչների առջեւ՝ ստեղծելու բազմազան եւ ժամանակակից տառատեսակներ, բարձրացնելով գրքերի, ամսագրերի, աֆիշների եւ այլ ձեւաւորումների գեղարուեստական որակը»:
Մեր ձեռքին տակ եղած յաջորդ հատորը, որ նուիրուած է հայկական տառերուն, հրատարակուեր է 1963 թուականին, դարձեալ Հայպետհրատի կողմէ, Երեւանի մէջ, Կարո Տիրատուրեանի հեղինակութեամբ, եւ կը կոչուի «Հայոց Գիրը, Գեղարուեստական Տառաձեւեր»: Հատորը նուիրուած է «Մեսրոպ Մաշտոցի Անմահ Յիշատակին»:
Այս գիրքին յառաջաբանը գրեր է Մարտիրոս Սարեան.
«Գրքի ձեւաւորման կրաֆիքական արուեստը, որպէս նկարչութեան մի առանձնայատուկ ճիւղ, շարունակ աւելի եւ աւելի մեծ ճանաչում է գտնում մեր հասարակութեան լայն շրջաններում»:
Իսկ հեղինակը ինք յստակօրէն կը բնութագրէ հայկական տառերը եւ կ’ըսէ.
«Դարերի փորձութիւններով են անցել ու դիմացել մեսրոպեան նշանագրերը: Ունենալով կուռ կառուցուածք, հաւասարակշռուածութիւն, ծաւալների հրաշալի բաշխում, մեսրոպեան գրերը նպատակային եւ ինքնօրինակ լուծումներով իրենց ոսկեայ բաժանումներն են գտել տառապատկերներում:… Բանաստեղծական են, ճկուն ու սլացիկ, միաժամանակ պիրկ ու անդրդուելի»:
«Հետագայ դարերի մեր գրիչները, ծաղկողները, վիմագրողները ստեղծելով իրենց անհատական ոճը, չեն հեռացել ու խորթացել մեսրոպեան գրերից: Նրանց ստեղծած ու մշակած գեղագիր թռչնատառերի, կենդանագրերի, որմնագրերի, ծաղկատառերի, ոճատառերի, զարդատառերի հիմքում ընկած է մեսրոպեան հրաշալի տառերի նկարագիրը»:
Գիրքը կը պարունակէ չորս հարիւր (400) տառատեսակներ:
Սփիւռքէն եւս ունեցեր ենք տառատեսակներով հետաքրքրութիւն ցուցաբերած արուեստագէտներ, ինչպէս Օննիկ Աւետիսեան քանդակագործը (Գահիրէ), որ երկու հատորներ ունի այս նիւթին շուրջ: Առաջինը հրատարակուած 1946-ին, Գահիրէ, «Փորձ մը Տպագրական Տառերու Բարեփոխութեան եւ Արդիականացման», իսկ երկրորդը՝ փոքրիկ գրքոյկ մը՝ «Հայ Տպագրական Նոր Մանրագիրը», հրատարակուած 1968-ին, Պէյրութ:
Շահան Պէրպէրեան շատ երկար յօդուած մը նուիրեր է առաջին գիրքին, անոր կարեւորութեան համար, լոյս տեսած «Անի» հանդէսին մէջ, Յունուար 1947-ին (Ա. տարի, թիւ 10, էջ 547-554):
«Ներկայ հատորով հրապարակուած բարեփոխեալ Այբուբենի յօրինումը արձանագրուած է Եգիպտոսի Խառն Դատարաններու Վերաքննիչ Ատեանի առջեւ, Աղեքսանդրիա, Գիւտերու Դիւանատան մէջ, 13 Օգոստոս 1946-ին, թիւ 371/48 a դասաւորում (տպագրական տառեր)» կը կարդանք հատորին վերջաւորութեան:
Երկրորդ գրքոյկը տպուած է առաջարկուած նոր մանրագիր նորաձոյլ տառերով:
Այս գրքոյկին յառաջաբանը սեղմ պատմութիւնն է Սփիւռքի մէջ հայերէն տառերու ստեղծումին, ձուլման եւ օգտագործումին, որոնք միշտ ալ հանդիպեր են բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ խոչընդոտներու:
Երեւանի Մշակոյթի նախարարութեան կազմակերպած «Նոր Տառատեսակներ» մրցումին (1958 Նոյեմբեր) Օ. Աւետիսեանի նախագիծը արժանացեր է մասնաւոր յիշատակութեան, որուն որպէս արդիւնք դատակազմը կը յանձնարարէ կազմակերպիչներուն գնել այդ տառերը:
Բայց կարգ մը խոչընդոտներու պատճառով չէ իրագործուած այդ առաջարկը:
Աւետիսեան ինք կը ձեռնարկէ իր նոր տառերու ձուլման, բայց կրկին խոչընդոտներու կը հանդիպի, մինչեւ որ «հալէպաբնակ անուանի ակնաբոյժ եւ մտաւորական տոքթ. Ռոպէր Ճեպեճեանի քաջալերութեամբ եւ աջակցութեամբ, կարելի եղաւ գլուխ հանել տառահայրերու փորագրութեամբ, մէկ շարք տառամայրերու շինութեան գործը, հալէպահայ վարպետ փորագրիչ Վարդավառ Չօլաքեանի խանդավառ եւ յամառ ջանքերով»:
Ապա Օ. Աւետիսեան կը ներկայացնէ «Հայ տպագրական մանրագիրերուն թերութիւնները» եւ «Նոր մանրագրին յատկութիւնները», երկու գլուխներու մէջ:
1969-ին Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ «Յաւելուած Հայկական ՍՍՀ տպարաններուն գործածուող տառատեսակների քաթալոկ», թիւ 2:
Վերջին գիրքը որ մեր հաւաքածոյին մէջ է, Հայկ Ն. Գործակալեանի «Հայկական Տառատեսակներ» հատորն է, հրատարակուած 1973-ին, որպէս Հայկական ՍՍՀ Գիտութիւնների Ակադեմիայի հրատարակութիւն:
Այս գիրքին յառաջաբանը եւս Մարտիրոս Սարեանի գրիչով է.
«Ամէնից առաջ ընդգծենք, որ հայկական տառերը զարմանալիօրէն դրսեւորում են հայ ժողովրդի բազմադարեան մշակոյթի ոգին: Եւ պատահական չպէտք է համարել, որ խոր հետաքրքրութիւն դէպի մեր տառատեսակները յառաջ եկաւ, երբ այսպիսի լրջութեամբ է դրւում ազգային մշակոյթի ժառանգութեան օգտագործման պատմական խնդիրը»,_ կ’ըսէ մեծ գեղանկարիչը:
Այստեղ, ի տարբերութիւն նախկին հատորներուն, կան «Հայկական քարտէզագրական տառատեսակներ», թիւով 14, «որոնց շնորհիւ,_ կ’ըսէ Մ. Սարեան,_ հայկական քարտէզագրութեան մշակոյթը հասաւ լատինական հարուստ տառատեսակների տեսակաշարին եւ հնարաւորութիւն եղաւ Ս. Տ. Երեմեանի «Հայաստանը ըստ աշխարհացոյցի» քարտէզների տպագրութիւնը»:
Հայկական տառը գեղարուեստական հրաշալի պատկեր է, մեր ժողովուրդին նկարագիրը, բնաւորութիւնն ու պատմութիւնը խտացնող լուռ վկայ, որուն երբեմն գոնէ պէտք է ձայն տալ եւ ուշադրութեամբ ունկնդիր ըլլալ:
Մարուշ Երամեան