Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը ժամանեցին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Օդակայանէն ներս իրենց ընդունելութեան եկած էր Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա պըն Զայետ աալ-Նահեան:
«ՍԱՆԱ»-ի համաձայն, Էմիրութիւններու նախագահ Մուհամմետ պըն Զայետ աալ-Նահեան նախագահ Շարաաը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը հիւրընկալեց Ապու Տապի էմիրութեան «Աշ-Շաթէ» պալատէն ներս:
Այս առիթով Էմիրութիւններու նախագահի դիւանագիտական խորհրդատու Անուար Քարքաշ ըսաւ, որ Էմիրութիւններու եւ Սուրիոյ նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը յաջող էր բոլոր չափանիշներով, շեշտելով իր երկրին նախանձախնդրութիւնը Սուրիոյ վերականգնումին:
Քարքաշ «X» հարթակին վրայ յայտնեց. «Ինծի համար պատիւ էր ներկայ գտնուիլ երկու նախագահներու հանդիպումին, որուն ընթացքին շօշափեցի Էմիրութիւններու նախագահին նախանձախնդրութիւնը Սուրիոյ վերակառուցման աշխատանքներու աջակցութեան»: Ան աւելցնելով ըսաւ. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, որ ունի սուրիական իւրայատուկ համայնք մը, Սուրիոյ բարգաւաճումն ու յառաջդիմութիւնը գլխաւոր հիմք կը նկատէ տարածաշրջանի ապագայի կերտման համար»: