Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա եւ արտաքին գործոց նախարար աշ-Շայպանի այսօր առաւօտ ժողովուրդի պալատէն ներս ընդունեցին Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սելէմը։
Հանդիպման ընթացքին վարչապետ շեշտեց, որ այս այցելութիւնը երկու երկիրներու վստահութեան վերականգնման եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ կը բանայ։ Իսկ յարաբերութիւնները կը հիմնուին միմիեանց տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման եւ ներքին հարցերու չմիջամտելուն։
Կողմերը քննարկեցին երկու երկիրներու միջեւ կնքուած համաձայնագրերու վերատեսութեան ենթարկման եւ տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութեան եւ առեւտրական գիծերու եւ տարանցիկ ճամբաներու վերականգնման հարցերը։
Արծարծուեցաւ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու արժանավայել վերադարձի եղանակը։