Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաա եւ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ աշ-Շայպանի Երեքշաբթի, 15 Ապրիլին Քաթար այցելեցին։ Անոնք դիմաւորուեցան Քաթարի իշխան Շէյխ Թամիմ պըն-Համատ ալ-Սանիի կողմէ։

Պաշտօնական ընդունելութենէն ետք, Սուրիոյ նախագահը եւ արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում ունեցան իշխանին հետ պետական գլխաւոր կեդրոնէն ներս։

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութեան կարելիութիւնները։