«ՍԱՆԱ» հաղորդեց, որ ամերիկեան աղբիւրներու համաձայն, ԱՄՆ Քոնկրէսը պատրաստակամութիւն յայտնած է պատուիրակութեամբ մը Սուրիա այցելելու յառաջիկայ օրերուն: Աղբիւրը յայտնած է, որ պատուիրակութիւնը պիտի բաղկանայ ժողովրդավարական եւ ժողովրդական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէ՝ առանց անուն յայտարարելու: Աղբիւրին համաձայն Քոնկրէսը բուռն փափաք ունի մօտէն ծանօթանալու Սուրիոյ իրավիճակին, իսկ այցելութեան նպատակը պիտի ըլլայ առաւելաբար Սուրիոյ դէմ սահմանուած տնտեսական պատժամիջոցները մեղմացնելու ենթահողին ծանօթանալ, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ը հետաքրքրող այլ մարդկային հարցեր դիտարկել: