Արհեստական միջավայրին մէջ աշխարհը փոխուած է, եւ այսօր նոր սերունդը ունի զօրաւոր գործիքներ՝ սորվելու, ստեղծելու, հարցնելու, նոյնիսկ կարծիք կազմելու համար։ Արհեստական բանականութիւնը, ինչպէս Չէթ ՃիՓիԹի-ն, թուային յեղափոխութեան շռայլ պտուղներէն է։ Ան մարդ արարածի ստեղծած համակարգ մըն է, որ վայրկեաններու մէջ կը գրաւէ գրագէտին տեղը, կը պատրաստէ ուսուցիչին բացատրութիւնը, կը ձեւաւորէ լրագրողին շարադրանքը։ Բայց այս բոլորին մէջ կայ լուռ ու խոր վտանգ մը՝ վտանգ, որ կը ծագի ոչ թէ սխալ պատասխաններէ, այլ անտեսուած արմատներէ։ Գիտական մօտեցումով, արհեստական բանականութիւնը հիմնուած է մեծածաւալ տուեալներու վերամշակման, յաճախականութեամբ ուսուցման եւ վիճակագրական հաւանականութիւններու վրայ։ Մեքենան կը սորվի, բայց չի զգար։ Ան կը կրկնէ, բայց չի հաւատար։ Անոր մէջ ո՛չ հաւատք կայ, ո՛չ ինքնութիւն, ո՛չ ալ ազգ։ Հետեւաբար, երբ հայ պատանին մօտենայ այս գործիքին, պէտք է գիտնայ, թէ գործ ունի ոչ թէ իմաստունի մը հետ, այլ՝ մէկու մը, որ կը պատասխանէ ըստ ստացածին՝ երբեմն ճիշդ, երբեմն սխալ, բայց միշտ՝ առանց հոգիի։
Մեքենացած այս դարուն մէջ հայու ինքնութիւնը պահելու մէջ առաջնահերթ դեր ունի ընտանիքը։ Հայ մայրերն ու հայրերը իրենց լեզուով, հնչիւններով, պատմութիւններով ու սրբութիւններով պէտք է դաստիարակեն իրենց զաւակները՝ մանուկ տարիքէն սկսեալ։ Բայց այս առաքելութիւնը միայն ընտանիքին չէ վերապահուած, այլեւ համայնքին եւ միութիւններուն։ Թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ Հայրենիքի մէջ պէտք է հայ սերունդները առաջնորդեն այնպէս մը, որ արհեստական բանականութիւնը օգտագործելով մէկտեղ աշխատի հայու միտքով, ոգիով եւ համոզումով։
Լեզուն՝ որպէս ինքնութեան սիւն, էական գործօն մըն է այս մարտահրաւէրին մէջ։ Երբ պատանին սկսի գրել օտար լեզուով, մտածել օտար լեզուով եւ նիւթեր փնտռել միայն օտար աղբիւրներէ, կը սկսի ձուլուիլ։ Լեզուին կորուստը բառի կորուստ չէ միայն՝ այլ հոգեկերտուածքի կորստեան տանող ուղի մըն է։ Չէթ ՃիՓիԹի-ն կրնայ օգտակար ըլլալ՝ ուղղագրութիւն սրբագրելու, շարադրութիւն պատրաստելու կամ հարցի մը պատասխանելու, երբ՝ միայն ու միայն մենք ենք զայն կառավարողը։ Պիտի գայ օր մը, երբ հայ համայնքը պիտի փափաքի, որ այս գործիքը խօսի հայերէն, մտածէ հայօրէն եւ սորվի մեր արժէքները։ Այնքան գիտելիք ամբարա՞ծ ենք սակայն համացանցին մէջ, որուն կրնայ վստահիլ գործիքը։
Մեծ է բարոյական վտանգը։ Այս համակարգերը չունին արժէքային զտիչներ։ Երիտասարդը կրնայ հանդիպիլ օտար եւ անգամ վնասակար գաղափարներու։ Երբ ամէն բան հասանելի է, պատասխանատուութիւնը կը դառնայ հսկայական։ Հոս է որ համայնքային պատասխանատուութիւնը կը դառնայ կենսական։ Միութիւնները պէտք է ընծայեն ուղեցոյցներ, սեմինարներ, հայակեդրոն հարթակներ, որոնց ճամբով երիտասարդը պիտի սորվի ոչ թէ միայն գործածել, այլ զտել՝ բարին չարէն, ճշմարտութիւնը խեղաթիւրումէն։
Ազգը ժամանակի ընթացքին փոփոխութեան ենթակայ չէ միայն քաղաքական կամ մշակութային արտայայտութեամբ։ Ան փոխուող է նաեւ՝ զարգացող գործիքներու եւ ներգործող ուժերու ճնշումով։ Այսօր, երբ պատանին կ’ունենայ մուտք՝ անսահման գիտելիքի, բայց առանց զտիչի, հոն է որ կորուստի վտանգը կը հասնի արմատներուն։ Այդ արմատը՝ հայ ժողովուրդին պարագային, ամրացուած է լեզուով, եկեղեցիով, պատմական յիշողութեամբ ու բարոյական համակարգով։ Այդ բոլորը ոչ թէ մեքենական, այլ կենդանի փոխանցում են՝ սերունդէ սերունդ։
Արհեստական բանականութիւնը պէտք չէ ըլլայ դաստիարակ։ Հայ պատանիէն պէտք չէ սպասել, որ սորվի աշխարհը հասկնալ՝ միայն Չէթ ՃիՓիԹի-ով։ Ան պէտք է սորվի տեսնել իր ծննդավայրի պատմութիւնը, իր ժողովուրդի ապրած ցաւն ու վերապրումը՝ իբրեւ ուղեցոյց։ Հայոց պատմութիւնը կը վկայէ, որ երբ անգամ լեզուն արգիլուեցաւ, տունը եւ միութիւնը պահեցին զայն։ Այսօր եւս այդ կառոյցները՝ ընտանիք, եկեղեցի, դպրոց եւ միութիւն, պէտք է շարունակեն իրենց առաքելութիւնը՝ հայ երիտասարդը ամրացնելով ազգային ինքնութեամբ, որպէսզի ան չձուլուի նոր ժամանակներու մէջ։
Հայկական միութիւնները կրնան մեծ դեր ունենալ՝ արհեստական բանականութեան գործածութիւնը ուղղորդելով ազգային նպատակներով։ Կարելի է ստեղծել հայերէն կրթական բովանդակութիւն, ազգային արժէքներու վրայ հիմնուած ձեւաչափեր, եւ հայոց պատմութեան ամբարներ՝ որոնք կրնան կենդանացնել զուտ տեղեկատուական այս գործիքը։ Այսպէս՝ ոչ միայն կը զսպենք ձուլումը, այլեւ գործիքը նոր ծառայութեան միջոց կը դարձնենք։
Այս բոլորէն վեր՝ կայ մէկ բան՝ հայուն ոգին։ Այս ոգին յարաբերական չէ։ Ան ունի անուն՝ Մեսրոպեան այբուբեն, Սարդարապատի կանգուն նահատակ, Արցախի մաքառող հայ, եւ սփիւռքի հայապահպանութեան ջահակիր միութիւններ։ Եթէ այդ ոգին բաբախէ երիտասարդի սրտին մէջ, ան չի կորսուիր՝ ո՛չ արհեստական բանականութեամբ, ո՛չ ալ ժամանակակից խաբկանքներով։ Իսկ եթէ մենք չտանք այդ ոգին, մեքենական ոչ մէկ սարք կրնայ զայն փոխանցել։
Պահն է, որ հայ ընտանիքը, համայնքը, դպրոցը եւ միութիւնը վերարժեւորեն իրենց կոչումը՝ դաստիարակել գիտակից, հզօր եւ ազգային ոգիով զինուած հայ սերունդ։ Մեքենան թող օգնական մնայ, բայց ոգին թող միշտ մարդը կրէ։
Յակոբ Ա. Սրկ.Պարսումեան