Սուրիոյ Մէջ Հայերու Հնագոյն Ներկայութեան Մասին
(Ը.)
Հայերու Յարաբերութիւնները՝ Հռոմէական Սուրիոյ Հետ
Սուրիոյ կարաւանային կարեւորագոյն քաղաքներէն եւ սուրիական անապատէն անցնող բոլոր կարաւաններուն հանգուցակէտը հանդիսացած էր Փալմիրը։
Հռոմէացիներու օրօք սուրիական անապատի՝ «Ալ-Պատիա»-ի կամ «Պատիաթ աշ-Շամ»-ի ճանապարհները կարեւորութիւն դրսեւորած էին, երբ Հոմսէն, Դամասկոսէն թէ Պոսրայէն դուրս եկած բազմաճիւղ ուղեգիծերը մէկտեղուած էին Փալմիրի մէջ, որ ներկայացուցած էր ապրանքափոխանակման նշանակալից մթերանոց մը եւ ապա հովասուն ովասիս մը դէպի Միջագետք ու Պարսկաստան ընթացող ճամբուն վրայ։ Քաղաքին ղեկավարները օգտուելով անոր ռազմավարական դիրքէն, անկախութեան հեռանկարով ճկուն քաղաքականութիւն վարած էին երկու մրցակից հզօր տէրութիւններուն՝ Հռոմէական կայսրութեան եւ Պարթեւական տէրութեան հետ։ Փոխադարձաբար, հռոմէացիներն ու պարթեւները իրենց մրցակցութիւններով հանդերձ, ձգտած էին վերարժեւորել Փալմիրէն անցնող անապատային ուղղակի ճանապարհը, որ իրենց համար աւելի ապահով նկատուած էր։ Քաղաքին իրողական տէրերը հանդիսացած էին իշխող իշխաններն ու վաճառականները, նոյնիսկ կարաւանատէրերու արձանները տեղադրուած էին ճամբաները եզերող եւ շուկաներու թէ հրապարակներու մէջ կանգնած սիւներուն վրայ, որպէս արտայայտութիւն անոնց վայելած վարկին եւ դիրքին։

Նշանաւոր դարձած էր Փալմիրի իշխող Ուզայնա գերդաստանը, ուր փայլած էր «Սէպթիմիա Զէնոպիա» թագուհին (266/267-272թթ.), որ մասնաւորապէս զարկ տուած էր թագաւորութեան մշակութային կեանքին։ Թագուհին իր փառքի գագաթնակէտը նուաճած էր 271 թուականին, երբ Անտիոքի ու Սուրիոյ մեծ մասին տիրած էր։ Հայերուն համար կարեւոր նշանակութիւն ունէր այն հանգամանքը, թէ Փալմիրի թագուհին լաւ յարաբերութիւններ մշակած էր հայոց Խոսրով Բ. Կոտակ թագաւորի հետ (330-339 թթ.), եւ անոր «Վահպալլաթ» կամ «Օտենաթոս» զաւակը իշխած էր՝ «Հարաւ-արեւմտեան ստորին Հայաստանի վրայ (264-273 թթ.)», լուսարձակի տակ բերելով հայ-սուրիական յարաբերութիւններու եռանդուն ժամանակաշրջան մը, ուր մեծապէս կարելի էր հայերու վերաբնակեցումը եւ ներկայութիւնը յիշուած աշխարհագրական տարածքներուն վրայ։ Այս մասին կան նաեւ այլ վկայութիւններ, կը մէջբերենք.
«Այսպէս ուրեմն երկու կառավարութիւններ կային Սուրիոյ մէջ. Էմէսայինը՝ ուրկէ Մաքրիանոսի իշխանութիւնը կը հասնէր մինչեւ արեւմտեան Սուրիա, Պաղեստին, Եգիպտոս եւ Փոքր Ասիոյ մէկ մասը, եւ միւսը՝ Բալմիրան, ուրկէ Օտենաթոս կ’իշխէր արեւելեան Սուրիոյ եւ Միջագետքի։ Եւ որովհետեւ հայոց Խոսրով թագաւոր իր բանակով օգնութեան հասած էր իր այրիին (մօրը-Հ.Ա.), Զենոբիա թագուհիին, կը հետեւցուի որ Հայաստանի մէկ մասն ալ իր հակակշռին տակն էր։ Մաքրիանոս փորձեց Եւրոպան ալ գրաւել, բայց պարտուեցաւ եւ տղուն հետ սպաննուեցաւ։
Հռովմ Օտենաթոսը բոլոր արեւելքի դուքս կարգելէ յետոյ, իրեն օգնական բանակ ալ ղրկեց որպէսզի Էմէսայի ապստամբութեան մնացածն ալ ճնշէ։ Երբ Էմէսայի մօտեցաւ, քաղաքը ապստամբեցաւ դուքսին հեղինակութեան դէմ եւ բովանդակ Սուրիան դարերէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով ինկաւ տեղացի իշխանի մը տիրապետութեան տակ…»։
Ուրեմն, սուրիական վերոյիշեալ շրջաններուն մէջ հայկական տարրի մը ներկայութիւնը անխուսափելի կը նկատուի, մանաւանդ երբ Փալմիրի վաճառականները որպէս անապատի զաւակներ, ոչ միայն առեւտրական կեդրոններ հիմնած էին Եփրատ ու Տիգրիս գետերու, Պարսից ծոցի, Կարմիր ծովու, Եգիպտոսի եւ Միջերկրական ծովու ծովեզերեայ շրջանները եւ ծաւալած էին լայնածիր գործունէութիւն, այլ նաեւ ունէին իրենց առեւտրական նաւատորմիղները։
Զուգահեռաբար, Փալմիրի նաւահանգիստը Տորա-Օրոբուս, ներկայիս «Սալիհիյէթ ալ-Ֆուռաթ», մեծապէս սատարած էր Փալմիրի առեւտրական վերելքին։
Ընդհանուր առումով հռոմէական գերիշխանութեան սկզբնական շրջաններուն, Ծայրագոյն Արեւելքի ապրանքները գլխաւորաբար հասած էին Կարմիր ծով եւ յետոյ ցամաքի ճամբով Աղեքսանդրիա։ Սակայն, Բ. դարուն Արաբիոյ կցումով եւ Տրայիանոս կայսեր (98-117թթ.) ու անոր յաջորդներուն օրօք ճանապարհներու բարելաւումով՝ պարսկական, հնդկական եւ արաբական ապրանքները սուրիական նաւահանգիստները հասած էին Փալմիրէն կամ Բեդրայէն։ Արաբիայէն դէպի Սուրիա արտահանուած էին խունկ, զմուռս եւ այլն, Հնդկաստանէն համեմներ, օծանելիք, թանկագին քարեր, փղոսկր, կաշի, մետաղ, բամպակեղէն, եւայլն, Չինաստանէն գրեթէ միայն մետաքս, որ ցամաքի կամ Պարսից ծոցի ճամբով նախ Խառան հասած էր, յետոյ Եփրատ գետի վրայով փոխադրուած էր դէպի Փալմիր ու Դամասկոս, ուրկէ եւ ծովեզերք։ Ըստ Պտղոմէոսի Չինաստանի մետաքսը Սուրիա արտահանուած էր նաեւ,
«Թուրքիստանի ճամբով՝ ու Պագդրիայէն անցնելով կը մտնէր Մեդիա (Մարաստան-Պարսկաստան-Հ.Ա.) եւ Եփրատական շրջան»։
Ցամաքային այս վաճառականութիւնը, կարաւանային ճանապարհներուն շնորհիւ մեծապէս նպաստած էր Սուրիոյ կարաւանային քաղաքներու զարգացման, որոնք շուտով դարձած էին վաճառաշահ եւ բարգաւաճ կեդրոններ։
Ըստ արաբական աղբիւրներու եւ մասնաւորապէս Ապտուլ Քատէր Այյաշի ուսումնասիրութիւններուն, Փալմիրի բնակչութիւնը յոյներէ, մակեդոնացիներէ, փալմիրցիներէ, հռոմէացիներէ, պարսիկներէ եւ մանաւանդ հայերէ բաղկացած խառնուրդ մը ներկայացուցած էր, իւրաքանչիւր համայնք զգեստաւորուած էր իր ազգային հանդերձանքով, նոյնպէս եւ հայերը։ Տեղւոյն բնակչութեան գումարուած էր առեւտրական կարաւաններուն ընկերակցող զանազան ժողովուրդներու ներկայացուցիչներու ժամանակաւոր ներկայութիւնը, հանգամանք մը, որ կը պարզէ նաեւ հայերու ներկայութիւնը Եփրատ գետի հովիտի հարաւային շրջաններուն մէջ, ուր ակնառու եղած էր քաղաքակրթութիւններու թէ արուեստներու փոխանակումը։
Միւս կողմէ, Հայաստան շուրջ հինգ դար մնացած էր Հռոմի քաղաքական ազդեցութեան տակ եւ հռոմէացի կայսրերը Սուրիոյ ու Միջագետքի իրենց տիրոյթները պահպանելու համար, ջանացած էին Հայկական բարձրաւանդակը պահել իրենց տիրապետութեան տակ՝ յաճախակի ընդհարումներ ունենալով պարսիկներուն հետ։

Հայոց Մեծն Տիգրան թագաւորէն ետք, Հայաստանի Արտաշէսեան (Ք.ա.189-Ք.ե.12թթ.) եւ ապա Արշակունի թագաւորները (12-428թթ.) հռոմէա-պարթեւական եւ աւելի վերջ հռոմէա-սասանեան հակամարտութիւններուն մէջ վարած էին ճկուն քաղաքականութիւն եւ փորձած էին քաղաքական չէզոքութիւն մը պահել, Հայաստանի անկախութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու հեռանկարով, երբեմն սակայն, ստիպուած մասնակցած էին պատերազմներու։ Ահաւասիկ այս շրջագիծին մէջ, Անտիոք, որ Արեւելքի մէջ ռազմական գործողութիւնները ղեկավարող հռոմէացի կայսրերու նստավայրը ներկայացուցած էր, միշտ հայ տարր մը ընդունած էր, որպէս ռազմագերի, դաշնակից զօրք եւ կամ արքունի հիւր։ Օրինակ, Ք.ա. 50/51 թուականի պարթեւա-հայկական արշաւանքը ղեկավարուած էր պարթեւ թագաժառանգ Բակուրի կողմէ, որուն խորհրդատուն եղած էր հայկական ջոկատի ղեկավար Վասակ կամ Օսակէս, «Բացառուած չէ, որ սա հայ եղած է…»։
Աւելի ուշ, հռոմէացի Անտոնիոս Քարաքալլա կայսրը (211-217թթ.)՝ ամբողջ Առաջաւոր Ասիան նուաճելու իր երազով տարուած – որուն նախապայմանն էր անշուշտ Հայաստանի եւ Օսրոյէնի (Ուռհայի կամ Եդեսիոյ) թագաւորութիւններու վերացումը -, 215 թուականին Անտիոք եկած եւ գերեվարած էր Օսրոյէնի Աբգար Թ. թագաւորը (212-215թթ.), այնուհետեւ Անտիոք հրաւիրած եւ բանտարկած էր հայոց Խոսրով Ա. թագաւորը (217-238թթ.), մէկ տարի յետոյ՝ 217 թուականին, հայոց թագաւորը բանտին մէջ մահացած էր։
Այս նոյն ժամանակամիջոցին, քրիստոնէութեան տարածման առաջին դարերուն Անտիոք, Եդեսիա եւ Ամիդ (Տիար Պէքիր) քաղաքները վերածուած էին կրօնական-մշակութային մեծ ոստաններու, ուր հիմնուած էին բարձրագոյն դպրոցներ, ընդունելով նաեւ մեծ թիւով հայ ուսանողներ, սերտացնելով յատկապէս հայ-ասորական յարաբերութիւնները, եւ միաժամանակ զարկ տալով առեւտրական կապերուն, ինչ որ կը մղէ մտածելու, թէ հայերը շատ լաւ ճանչցած էին այս շրջանները։ Թէեւ քրիստոնէութեան տարածման սկզբնական օրերէն, Դամասկոս իր կարգին դարձած էր քրիստոնէութեան տարածման օրրաններէն, ապա Հալէպ եւ Լաթաքիա հանդիսացած էին քրիստոնէական կեդրոններ, սակայն, պատմականօրէն չէ հաստատուած, թէ հայերը որոշակի ի՞նչ կապեր ունեցած էին այս քաղաքներուն հետ քրիստոնէութեան շատ սկզբնական շրջաններուն։
Եդեսիոյ կամ Ուռհայի թագաւորութիւնը, որ ինկած էր շուրջ 244 թուականին, այնուհետեւ, քաղաքը կռուախնձոր դարձած էր հռոմէական եւ սասանեան հակամարտութիւններուն միջեւ։ Ե. դարուն սակայն, Եդեսիա վերածուած էր քրիստոնէական մեծ եւ բարգաւաճ կեդրոնի մը, նշանաւոր դարձած էին քաղաքին վանքերը, վանական կեդրոնները, «ակադեմիաները», գիտնական աստուածաբանները, նոյնպէս Ե. դարու կիսուն այդտեղ գործած էին երեք կրթական հաստատութիւններ՝ հայկական, պարսկական, ասորական (սըրյան). «Կը կարծուի, թէ իւրաքանչիւր դպրոցի անուանումը առնուած էր վարչական կազմի ազգային պատկանելիութենէն…»։
Դոկտոր Հուրի Ազէզեան