Դաստիարակութիւնը եւ ուսումը՝ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն կը կատարելագործուին կրթական օճախներէն ներս։ Սփիւռքահայ դպրոցը հիմնական կռուանն է հայ աշակերտի մտքի ու նկարագրի կազմաւորման, հոն կը մշակուին նաեւ աշակերտին ինքնութեան գիտակցութիւնը եւ հայ մշակոյթին հետ առաջին աղերսները։
Տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ հայկական կրթական հաստատութիւն մը պահելը մեծ զոհողութիւն կը պահանջէ։ Այս մարտահրաւէրը մեկնակէտ ունենալով «Գանձասար»-ի երիտասարդական խմբակը ուզեց լուսարձակի տակ բերել Հալէպի Ազգային Միացեալ վարժարանին եւ Ազգային մանկապարտէզին ներկայ վիճակը։
Նախ մեր հարցումները ուղղեցինք Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնուհի Նայիրի Քէօշկէրեան-Բանոյեանին։ Բանոյեան յայտնեց, որ դպրոցը իր ուսումնակրթական գործընթացը կը շարունակէ բնականոն կերպով։ Ուսումնական պետական ծրագիրին կողքին հայերէնի եւ կրօնի դասապահերը նոյն ձեւով կը շարունակուին։ Ապա հարցուցինք.
«Գանձասար»- Դպրոցը հոգեբանական խորհրդատու ունի՞, իսկ բացակայութեան պարագային աշակերտին հոգեվիճակով ո՞վ կը զբաղի։ Ինչպէ՞ս կը մօտենաք փոքրերուն աճման շրջանին, յատկապէս երկրի տարաբնոյթ պայմաններուն հետեւանքով, յառաջացող փոփոխական հոգեվիճակներու պարագային։
Նայիրի Քէօշկէրեան-Բանոյեան- Դժբախտաբար դպրոցը այս տարի հոգեբանական խորհրդատու չունի, կը փափաքէինք ունենալ, բայց ըստ երեւոյթի այս ճիւղը ուսանողները քիչ են եւ դիմում ներկայացնող չկայ: Ուսուցչուհիները իրենց մանկավարժական փորձառութեան համաձայն կարելին կ’ընեն նշեալ բացը գոցելու համար: Դպրոցի բժշկուհին շաբաթական հերթականութեամբ նիւթեր եւ տեսերիզներ կը ներկայացնէ՝ մեղմացնելու փոքրերուն մէջ ընդհանրացած կարգ մը վատ սովորութիւններ եւ լուսաբանելու առօրեային առնչուող կարգ մը հարցեր։
«Գ. »- Դպրոցին ի՞նչ կը պակսի, որպէսզի դառնայ Հալէպի մակարդակով օրինակելի դպրոց։ Ի՞նչ յաւելեալ առաւելութիւններ կը փափաքէիք ունենալ դպրոցին մէջ։
Ն. Ք. Բ. – Մարդուժի առումով վերջերս նկատելի է մասնագէտ եւ տաղանդաւոր ուսուցչուհիներու ապահովման դժուարութիւնը, իսկ դպրոցը որպէս կառոյց եւ դասարաններ շատ պատշաճ եւ արդիական կը համարուի:
«Գ. »- Ուսուցչական կազմը բաւարար չափով կը վարձատրուի՞:
Ն. Ք. Բ. – Տնտեսական ծանր պայմաններուն համապատասխան չէ ուսուցիչներուն վարձատրութիւնը եւ այս մէկը մեր հիմնական հարցն է։ Այդուհանդերձ Ազգային Իշխանութիւնն ու Հոգաբարձութիւնը կը փորձեն կարելի եղածին չափ բարերարներու ճամբով ուսուցչական կազմին նիւթական յաւելեալ պարգեւներ ապահովել: Յոյսով ենք, որ երկրի տնտեսական ծանր վիճակը աստիճանաբար կը մեղմանայ եւ լուծումի կը հասնինք այս առումով:
«Գ.»-Դպրոցը ի՞նչ մօտեցում կ’որդեգրէ ծնողներու անտեղի միջմատութիւններու պարագային։
Ն. Ք. Բ. – Դպրոցը ունի իր կարգն ու կանոնը եւ ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը կայացած ծնողական ժողովին տնօրէնութեան լուսաբանութիւններով ծնողները բաւարար չափով դպրոցի կանոններուն իրազեկ կը դառնան: Մենք յարգանքով կ’ընդունինք ծնողներուն առաջարկներն ու գանգատները եւ կ’աշխատինք դպրոց-ծնողք յարաբերութիւնը աշխոյժ եւ արդիւնաւէտ պահել:
«Գ. »- Հայերէնի դասապահը այլ դասապահերէ ինչո՞վ կը տարբերի։ Աշակերտը ի՞նչ մօտեցում կը ցուցաբերէ մայրենիին նկատմամբ, յատկապէս ուղղագրական եւ լեզուական գիտելիքներու իւրացման մէջ դժուարութիւն կ’ունենա՞յ։
Ն. Ք. Բ. – Շաբաթը հինգ դասապահ հայերէնով եւ երկու դասապահ կրօնով ճշդուած ծրագիրը ամբողջովին կ’իրագործուի եւ փոքրիկը կը ստանայ քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւն, ինչպէս նաեւ կը նշէ իւրաքանչիւր կրօնական եւ ազգային տօն, իսկ այս բոլորին կողքին կը մասնակցի գաղութին մէջ տարբեր միութիւններու կազմակերպած մրցոյթներուն եւ ձեռնարկներուն: Վարժարանը ունի նաեւ գրադարան, ուր հերթաբար այցելելով աշակերտները կը մտնեն գիրքերու աշխարհ, ընթերցանութեան սովորութիւնը կը զարգացնեն եւ այլն: Փոքրերը լեզուական մեծ հարցեր չունին, սակայն խառն ամուսնութիւններու հետեւանքով կարգ մը աշակերտներ անպայման դժուարութիւններ կ’ունենան:
Մեր վերջին երկու հարցումները ուղղեցինք մանկապարտիզպանուհի Սոնա Գրտանեան -Պզտիկեանին:
«Գ. »-Ուսուցիչները ինչի՞ հիման վրայ կ’ընդունուին մանկապարտէզ։ Ի՞նչ տուեալներ պէտք է ունենայ ուսուցիչը:
Ս. Գ. Պ. – Ներկայ պայմաններուն բերումով, վկայեալ/մասնագէտ երիտասարդները կը նախընտրեն աշխատիլ սեփական հատուածի այնպիսի հաստատութիւններու մէջ, ուր աշխատավարձերը աւելի բարձր են։ Բարեբախտաբար, սակայն, մանկապարտէզի մեր ուսուցչական կազմը բաւական լաւ ձեւով կը կատարէ իրեն վստահուած գործը եւ իր փորձառութեան եւ մասնագիտական տուեալներուն շնորհիւ լաւագոյն հոգատարութիւնը եւ դաստիարակութիւնը կը ջամբէ մեր փոքրիկներուն։ Եթէ նորեր պիտի ընդունինք, առաջնահերթութիւնը համալսարանական վկայական ունեցող թեկնածուներուն կը տրուի բնականաբար։
«Գ.»-Մանկապարտէզին ի՞նչ կը պակսի, որպէսզի դառնայ Հալէպի մակարդակով օրինակելի դպրոց։ ի՞նչ կը փափաքէիք ունենալ մանկապարտէզէն ներս։
Ս. Գ. Պ. – Շատ կը փափաքէի, որ մանկապարտէզէն ներս ունենայինք խաղավայր մը, ինչպէս նաեւ արուեստի (պար, երաժշտութիւն եւ այլն) ուսուցիչներ, որովհետեւ այս տարիքը յարմարագոյն փուլն է իւրաքանչիւրին ձիրքը յայտնաբերելու եւ ուղղելու։ Այս բոլորին փոխարէն, սակայն, մենք մեր կարողութիւններուն համաձայն կը փորձենք այս բացթողումը ամբողջացնել խաղերու յատկացուած եւ չափական (rhythmic) մարզանքի դասապահերով։
Կը նախընտրէի որ դպրոցի ժամերը ըլլային աւելի երկար, մթնոլորտի մէջ պահելու մեր փոքրիկները եւ աւելի ազատ ձեւով իրագործելու մեր ծանր ծրագիրը, որ կ’ընդգրկէ երեք լեզու՝ հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն։
Մանկապարտէզին կը պակսի նաեւ հոգեբանական խորհրդատու մը, որ հիմնական գործօններէն մէկն է առողջ սերունդ պատրաստելու մանկապարտէզէն ներս, որովհետեւ այս տարիքի փոքրիկներուն ներաշխարհ թափանցելը յատուկ հմտութիւն կը պահանջէ։
Հարցազրոյցը վարեցին՝
Սելա Պազարպաշեան
Համազասպ Շաքարեան