ԶԱՏԻԿԸ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Եկեղեցական արարողութիւններ, գունաւոր հաւկիթներ, զատկուան կարկանդակ, ձուկ, գինի, կանաչեղէն, իսկ սեղանին շուրջ ընտանիքի անդամներուն միջեւ հաւկթախաղ։ Հայերը, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, այսպէս կը տօնեն Զատիկը, կամ՝ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը:
Այլ երկիրներ եւ ազգեր Զատիկը տարբեր աւանդութիւններով կը տօնեն։ Փորձենք ներկայացնել քանի մը երկրի աւանդութիւն.
-Ֆինլանտիոյ մէջ մանուկները Զատիկին իրենց երեսը կը ներկեն,  գլխուն եւ վզին կը փաթթեն շարֆ (բրդեայ վզկապ) եւ փողոց կ’ելլեն՝ մուրացկանութեան: Արեւմտեան Ֆինլանտիոյ որոշ հատուածներու մէջ մարդիկ խարոյկ կը վառեն: Աւանդութեան համաձայն, ծուխը իր հետ կը տանի երկրին վրայ շրջող չար հոգիները:
-Լեհաստանի մէջ Զատկուան օրը կը նմանի հայկական Վարդավառին: Մարդիկ իրար վրայ ջուր կը թափեն: Այս աւանդութիւնը կը կոչուի  Սմինկուս-Տինկուս: Ըստ առասպելի՝ այն աղջիկները, որոնց վրայ ջուր կը թափուի, տարուան ընթացքին կ’ամուսնանան:
Եթէ Զատկուան օրը ֆրանսական Օ (Haux) քաղաք այցելէք, չմոռնաք ձեզի հետ տանիլ պատառաքաղ, քանի որ այնտեղ աւանդութիւն դարձած է տօնին օրը գլխաւոր հրապարակին մէջ շատ մեծ օմլէթ մատուցել: Օմլէթը կը պատրաստուի 4.500 հաւկիթով եւ կրնայ կշտացնել 1000 հոգի: Կ’ըսուի, թէ այս աւանդութիւնը ձեւաւորուած է այն ատեն, երբ Նափոլիոն իր զօրքին հետ հասնելով Ֆրանսա՝ կանգնած է փոքրիկ քաղաքի մը մէջ, ուր անոր օմլէթ հիւրասիրած են:  Նափոլիոն այնքան սիրած է այս ուտեստը, որ քաղաքի բոլոր մարդոց հրամայած է  հաւաքել իրենց տունը մնացած հաւկիթները ու բոլորով օմլէթ պատրաստել:
-Յունաստանի որոշ հատուածներու մէջ Զատկուան օրը պատուհանէն դուրս կը նետեն հին սպասքը՝ պնակներ, կուժեր եւ այլն: Այս աւանդութիւնը մասամբ կը նմանի Վենետիկի Ամանորեայ աւանդութեան, երբ պատուհանէն դուրս կը նետեն հին իրերը:
-Նորվեկիոյ մէջ Զատկուան օրը ընդունուած է ընթերցել ոճրային պատմուածքներ: Հեղինակներ յատկապէս կը հրատարակեն նման գիրքեր, որոնք կ’անուանուին «Զատիկի օրուան քաշողական գիրքեր»: Այս աւանդութիւնը կը սերի 1923-էն։
-Չեխիոյ մէջ Զատիկին օրը տղամարդիկ ուռենիի ճիւղերը կը զարդարեն ժապաւէններով եւ անոնցմով թեթեւակի  կը հարուածեն կանանց: Աւանդութեան համաձայն, ուռենին գարնան առաջին ծառն է եւ անոր թեթեւ հարուածը կենսունակութիւն եւ պտղաբերութիւն կը փոխանցէ կիներուն:
-Սպանական Վերժես քաղաքին մէջ Աւագ Հինգշաբթի օրը կը կազմակերպեն «մահացու պար» կոչուող բեմադրութիւնը: Մարդիկ կը հագնին կմախք յիշեցնող հագուստներ եւ կը սկսին պարել: Պարը կը սկսի կէս գիշերին եւ երեք ժամ կը տեւէ:
-Ամերիկայի մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տարիներ շարունակ Զատիկը կը յիշատակուի յատուկ արարողակարգով: Խաշած գունաւոր հաւկիթները կը դրուին խոտի վրայ եւ մարդիկ պէտք է փորձեն գլորել զանոնք մեծ դգալներով: Այս արարողութիւնը կ’ընթանայ երաժշտութեան ընկերակցութեամբ: Կը կազմակերպուին նաեւ մարզական այլ ձեռնարկներ՝ մանուկներուն առողջ ապրելակերպ քարոզելու նպատակով:
-Երուսաղէմի մէջ մարդիկ Աւագ Ուրբաթ օրը կը քալեն այն ճանապարհով, որով Յիսուս անցած է իր խաչելութեան օրը:
Որոշ մարդիկ իրենց ուսերուն Խաչ կը կրեն՝ ի յիշատակ Յիսուս Քրիստոսի:
-Իտալիոյ մայրաքաղաքին մէջ Աւագ Ուրբաթ օրը Հռոմի Պապը Խաչի օրհնութեան արարողութիւնը կը կատարէ: Հսկայ խաչերու ծայրերը կը լուսավառեն ջահերով եւ այդպիսով կը լուսաւորեն երկինքը: Իսկ Կիրակի օրը հազարաւոր մարդիկ կը հաւաքուին Սուրբ Պետրոսի հրապարակ, ուր Հռոմի Պապը եկեղեցւոյ պատշգամբէն կ’օրհնէ հաւաքուած ժողովուրդը: