ՏԵՂԱԿԱՆ

ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ ֆութպոլի դաշնութիւնը որոշեց ֆութպոլի 2024 – 2025 տարեշրջանի ախոյեանութեան մրցաշարքը սկսիլ 21 Մայիսին, նոր տարբերակով: Նախ պիտի շարունակուին երթի նախօրօք տեղի ունեցած հինգ փուլերը, որոնց աւարտին առաջին չորս դիրքերը գրաւող խումբերը պիտի փոխանցուին յաջորդ փուլ, ուր պիտի ճշդուի ախոյեանը:
-Սուրիոյ պասքեթի կանանց հաւաքականը մեկնեցաւ Յորդանան՝ իր մասնակցութիւնը բերելու Արեւմտեան Ասիոյ մրցաշարքին: Հաւաքականը մրցակից պիտի ունենայ Իրանի եւ Յորդանանի խումբերը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ

ՄԱԼԽԱՍ ԱՄՈՅԵԱՆ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՔԱՌԱԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Սլովաքիոյ մէջ ընթացող ըմբշամարտի Եւրոպայի առաջնութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ, 77 քկ. ծանրութիւն վերցնող Մալխաս Ամոյեան իր մարզական կեանքին մէջ չորրորդ անգամ ըլլալով արժանացաւ ախոյեանի կոչումին՝ եզրափակիչ մրցումին 3 – 1 արդիւնքով ինքնավստահ խաղարկութեամբ պարտութեան մատնելով վրացի Ռամազ Զոյձէն: Փարիզի ողոմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի ախոյեան Մալխաս Ամոյեան պայքարը սկսած էր 1/8 եզրափակիչ փուլին, ուր ժամանակէն առաջ կրցաւ յաղթել մրցակիցին 9-0 արդիւնքով եւ պարտութեան մատնեց աշխարհի եւ Եւրոպայի փոխախոյեան Մատէուշ Պերնաթէքին: Քառորդ եզրափակիչին, Ամոյեան 7 – 2 արդիւնքով յաղթեց մոլտովացի Ալեքսանտր Սոլովէյին, իսկ կիսաեզրափակիչին 5-1 արդիւնքով յաղթեց պուլկարահայ Հայկ Մնացականեանին:
ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻԿ ԱՐԹՈՒՐ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԳԱՒԱԹԻ ՊՐՈՆԶԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ

Խրուաթիոյ մէջ ընթացող մարմնամարզութեան աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան չորրորդ փուլին, Ա. Աւետիսեան հանդէս եկաւ օղակներու վարժութեան եզրափակիչին եւ վաստկելով 14,466 կէտ՝ արժանացաւ պրոնզէ մետալի: Այս վարժութեան Հայաստանի միւս ներկայացուցիչը Վահագն Դաւթեան վաստկեց 14,033 կէտ։
Սոյն մրցաշարքին, աշխարհի գաւաթի չորրորդ փուլի յաղթող ճանչցուեցաւ երիտասարդներու աշխարհի կրկնակի ոսկեայ մետալակիր, Եւրոպայի ախոյեան Համլեթ Մանուկեան՝ նուաճելով պայքարի իր առաջին մետալը:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան