Ապրիլեան այս օրերուն ի՞նչ կայ աւելի գօտեպնդիչ, քան ներկայացումը մեր քիչ ծանօթ գրագիտուհիներէն մէկուն՝ Անայիսի «Յուշերս» հատորին, ուր կը գտնենք Պոլսոյ նախաեղեռնեան կեանքը իր մանրամասնութիւններով, իր կարեւոր դերակատարներով, մանաւանդ՝ մոռացութեան մէջ մնացած կիներով եւ անոնց ներդրումին մասին խօսքով, այդ կարեւոր շրջանի ընթացքին:
Վերջին երկու դարերուն «մանր» որակուած գրականութիւնը՝ յուշագրութիւն, օրագրութիւն, նամակագրութիւն, պաշտօնապէս մտաւ գրականութեան մեծ դարպասէն ներս, մանաւանդ արեւմտեան կողմն աշխարհի, ուր հրատարակիչներ մեծ թափով կը հրատարակեն նման գործեր, հռչակաւոր գրագէտներու, կամ կարեւոր իրադարձութիւններու ականատեսներու կողմէ գրուած:
Մեր գրականութեան մէջ համեմատաբար մեծ է թիւը հրատարակուած նամակագրութիւններուն եւ յուշերուն, իսկ օրագրութիւնները՝ ոչ այնքան, թէ՛ քիչ գրուած ըլլալու, թէ՛ հրատարակուած չըլլալու պատճառներով: Կը յիշեմ տեսած ըլլալ ձեռագիր պատերազմի օրագրութիւնը Նայիրի Զարեանին, Երեւանի Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանի պահոցներոււն մէջ: Մինչեւ օրս չէ հրատարակուած այդ ձեռագիրը, չեմ գիտեր ինչու:
Բայց պէտք է նկատի առնել, որ «մանր» որակուած այս գրականութիւնը իր մէջ կը պահէ այնպիսի մանրամասնութիւններ, որոնց այլ տեղ չենք կրնար հանդիպիլ, մանաւանդ կիներուն առնչուած:
Պոլսահայ կեանքին մանրամասնութիւնները ամփոփող գանձարան մըն է Անայիսի «Յուշերս» հատորը, որ հրատարակուեր է Փարիզ, իր մահէն տարի մը առաջ՝ 1949-ին:
Անայիս ծածկանունն է Եւփիմէ կամ Եփրիմէ Չօպանեան-Աւետիսեանին, հեռաւոր զարմուհին Արշակ Չօպանեանին: Ծներ է Կ. Պոլիս, ակնցի ծնողներէ, 20 Փետրուար 1872-ին եւ մահացեր ու թաղուեր Փարիզ, 4 Օգոստոս 1950-ին:
Նախակրթութիւնը ստացեր է Մաքրուհեաց վարժարանէն ներս, ապա՝ ֆրանսացի գրագիտուհի տիկին Ֆուրէի անձնական դպրոցէն ներս:
Հայերէնը կատարելագործելու համար մասնաւոր դասեր առեր է Թովմաս Թէրզեան եւ Խորէն Նար Պէյ բանաստեղծներէն:
Բազմաթիւ յօդուածներ ունի Պոլսահայ թէ Սփիւռքի թերթերուն մէջ ցրուած: Բանաստեղծութիւնները ամփոփուած են «Այգ եւ Վերջալոյս» հատորին մէջ:
Զիս խորապէս կը հետաքրքրեն եւ նոյնքան խորունկ կերպով կը տպաւորեն պոլսահայ կիներուն տակաւին 19-րդ դարուն կեցուածքները, աշխատանքն ու ծառայութիւնները, որոնց մանրամասնութիւնները կը գտնենք այս հատորին մէջ:
Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խորհրդական նշանաւոր Արթին Պէյ Տատեանի դուստրը՝ Էօժէնի Հանըմ եղեր է Ապտիւլ Համիտի կանանոցին թարգմանը եւ «Եւրոպայէն եկող օգոստափառ հիւրերը ինք կ’առաջնորդէր կանանոց՝ Վալիտէ Սուլթանուհիին մօտ» (էջ 63):
Հայուհիները, իրենց վստահելի եւ հաւատարիմ խառնուածքին պատճառով յաճախ կարեւոր պաշտօններ վարեր են կանանոցէն ներս.
«Ամենէն վերջի ընդունելութիւնը եղած է Աւստրիոյ գահաժառանգին եւ իր կնոջը Պոլիս այցելելուն: Էօժէնի Հանըմ երկար տտունով, կապոյտ սնդուսէ հագուստով, որ Սուլթանուհի Վալիտէին ծառայողներուն համազգեստն է, կանանոցի դռնէն առաջնորդած էր Սթէֆանի իշխանուհին մինչեւ աթոռը Վալիտէ սուլթանուհիին, հագած ճերմակ պարեգօտ մը մարգարիտներով բանուած»:
Այդ ճամբորդութենէն վերադարձէն քիչ ետք պատահեր է Աւստրիոյ իշխանին սպանութիւնը, որ սկզբնակէտը հանդիսացեր էր Համաշխարհային Ա. Պատերազմին:
«Գերմանիոյ կայսեր Պոլիս այցելութեան միջոցին եւս Էօժէնի Հանըմ ըրած է թարգմանութիւնը կանանոցի այցելութեան: … Նկատի առնելու պարագայ մըն է, թէ Պոլսոյ բարձր ընկերութեան մէջ յոյն, հրեայ, լըվանթէն շատ մը աչքառու լեզուագէտ տիկիններ գտնուելուն հակառակ, միշտ կայսերական կանանոցին իբր թարգման հայ կին մը նշանակուած է»:
«Ապտիւլ Մէճիտի ժամանակ հայուհի մը, դիրքով ու ձիրքերով նշանաւոր, թէեւ անուս՝ Ալեմ հանըմ Րէիզեան, Վալիտէ սուլթանուհիին մօտը յաճախ գտնուելով, երբ օտար հիւր մը հարէմը այցելէր, ան կ’ընէ եղեր կարգադրութիւնները, առանց սակայն մասնաւորաբար թարգմանի պաշտօն կատարելու: Յետոյ Ապտիւլ Ազիզի ատեն, երբ Նափոլէոն Գ. եւ Էօժէնի կայսրուհին Պոլիս այցելեր են, կայսերական կանանոցին թարգման նշանակուեր է տիկին Յովհաննէս Պէյ Ալլահվերտի, հայ հռովմէական ընտանիքէ շատ մեծ տիկին մը, որ կայսրուհիին յաճախ կանանոց այցելութեանց միշտ ընկերակցեր է անոր, նոյնիսկ երբ կայսրուհին փափաքեր է թրքական բաղնիք մտնել»:
«Մեկնելու պահուն օգոստափառ հիւրը ջերմ համակրանք յայտներ է հայ տիկնոջ եւ անոր իբրեւ յիշատակ զոյգ մը սուտակէ թանկագին օղ նուիրեր է»:
«Իսկ Ապտիւլ Համիտի ատեն այդ կանանոցի թարգմանութեան պաշտօնը նախ վարած է պատերազմական նախարարութեան խորհրդական Վահան էֆէնտիի զաւակը, որ եղբօր աղջիկը կ’ըլլայ տիկին Տիւսափին, օրիորդ Արաքսի Վահան, վերջէն տիկին Յովհաննէս* Կիւլպէնկեան: Սակայն տկարութեան պատճառով ան չէ կրցած շարունակել այդ պաշտօնը եւ անոր յաջորդած է օրիորդ Էօժէնի Տատեան, որ վերջէն ամուսնացած էր տոքթ. Նագաշեանի հետ»:
Այս բոլորը կարդալէ ետք կը մտածեմ՝ կարելի է նոյնիսկ գիրք մը գրել բացայայտելով հայ տիկնոջ դերը Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին, արքունի շրջանակին մէջ: Պէտք է խոստովանիլ նաեւ, որ այն տիկինները, որոնք մինչեւ 1915 մահացեր են կամ գաղթեր երկրէն դուրս _ թէեւ բնաւ պատճառ չեն ունեցած գաղթելու _ բախտաւոր եղած են վայելելու համար հայերուն ունեցած դիրքը, առանց ստիպուած ըլլալու կենալ իրենց միտքն ու հոգին 1915-էն ետք ահաւոր չարչարանքի մատնող «ինչո՞ւ»-ին դէմ:
Ինչպէս բոլոր մեծատիրական երկիրներու մէջ, Պոլսոյ մէջ եւս արքայական ճոխութեան կողքին ահաւոր չքաւորութիւնը
ապրած է, լռութեան մատնուած: Այստեղ եւս հայ կինը փայլած է իր գորովագութ սրտով եւ մեծահոգութեամբ:
Անայիս կը պատմէ, թէ առաջին հայ տիկինը, որ զբաղեր է բարեսիրութեամբ, եղեր է Աբրահամ փաշա Քարա-Քէհեայի մայրը՝ տիկին Եպրուհի Քարա-Քէհեա, որ իր գուրգուրանքին տակ առեր է ազգին տունը, «այսինքն Եէտի-Գուլէի Ս. Փրկչեան հիւանդանոցը (որ մինչեւ այսօր կը գործէ)»:
Շատ հետաքրքրական է իմանալ, որ այս մեծ տիկնոջ աղջիկը, որ է նաեւ Աբրահամ Փաշայի քոյրը, եղած է մայրը Պօղոս փաշա Նուպարի: Այլ խօսքով Պօղոս Նուպար փաշա կու գար ընտանիքէ մը, ուր բարեսիրութիւնը սովորական առօրեայի մը մաս կը կազմէր: Զարմանալի չէ ուրեմն, որ Պօղոս Նուպար փաշա ինք եւս մտածած ըլլայ բարեսիրութեան մասին եւ հիմնած Սփիւռքի բարեսիրական ամէնէն մեծ միութիւններէն մէկը՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը:
1908-ի խանդավառութեան մէջ, երբ հայերը, հանդիսութիւն մը կազմակերպած են «ազատութիւնը» տօնախմբելու համար, թուրք երեւելիներու ներկայութեամբ, հազիւ 8-9 տարեկան թրքուհի Պալքիս, «հայերէն մաքուր, վճիտ առոգանութեամբ կ’ասմունքէ.
Ազատ Աստուածն այն օրից
Երբ հաճեցաւ շունչ փչել
Իմ հողանիւթ շինուածքիս…» (էջ 137).
Իր յուշերուն մէջ կը տողանցեն հանդիպումները Կոմիտաս Վարդապետին հետ, որ նոր եկած է Պոլիս, որուն շատեր ծանօթ չեն տակաւին եւ… թերհաւատ են իր կարողութեան հանդէպ. Փանոս Թէրլէզեան, որ հեղինակուհիին տան պատշգամէն երեւցող տեսարանը եկեր է նկարելու, Գրիգոր Զօհրապ, որ բարի մտածումներով խորհրդարանին առաջարկեր է հայ տղոց մուտքը բանակէն ներս, «ենթադրելով թէ այդ հաւասարութեան միջոց մը պիտի ըլլայ թուրքերուն հետ եւ մանաւանդ կարծելով թէ այդպիսով թուրք բանակին մէջ քաղաքակրթութիւն մտցնել կարելի կ’ըլլայ»… Զօհրա՜պ, Զօհրա՜պ, որ հակառակ դիւանագէտ ըլլալուն, մինչեւ վերջ ալ կը հաւատար, թէ կարելի է բարի կամեցողութիւն դնել երկու ժողովուրդներու յարաբերութեան մէջ. բայց չարաչար սխալելով, շատ սուղ վճարեր է իր մարդկայնութեան գինը…
Իսկ այն օրերու ներքին գործոց նախարար Թալաաթ պէյ, հայ գիրերու գիւտին հազար հինգ հարիւր ամեակին նուիրուած հանդիսութեան իր բանախօսութեան մէջ կ’ըսէ.
«Մենք յեղափոխութիւնը մեր հայ եղբայրներէն սորվեցանք. անոնք մեզ արթնցուցին, ազատութեան ճամբան ցոյց տուին» (էջ 203): Դասը շատ լաւ սորված ըլլալու էր Թալաաթ, երբ փաշա եղեր էր…
Ատանայի ջարդերէն փրկուած աղջիկներու որբանոց-վարժարանի մը մէջ ուսուցիչ է Դանիէլ Վարուժան, իսկ Անայիսին արտօնութիւն տրուեր է, որպէս օգնական խնամակալ մարմնոյն, ներկայ ըլլալ այդ դասերուն:
«Սեղանին առջեւ նստած է Դանիէլ Վարուժան, գրականութեան ուսուցիչը, զոր սանուհիիները կը պաշտէին: Համակրելի էր այդ երիտասարդ ուսուցիչը, որ քերթողի լուսաւէտ ցոլքեր կը կրէր գլխուն շուրջը: Ամենէն պարզ բացատրութիւնը կարծես փայլուն նշանակութիւն մը կ’առնէր անոր բերնին մէջ: Իր բանաստեղծութիւններուն հմայքը կը ծածանէր դասարանին մէջ եւ գեղարուեստական նօթ մը կու տար դասաւանդութեան: Տիկին Սրբուհի Տիւսափի գործերուն մասին կը խօսէր ան, մանաւանդ Մայտային եւ դրուագներ կը կարդար»:
Այս եւ նման տողերու առջեւ մեր մեծերը, որոնք մեծ էին նախ եւ յետոյ՝ նահատակ, յանկարծ միս ու ոսկոր կը հագնին, կը դառնան իրապէ՛ս ապրած մարդիկ, որոնց խօսքը շունչ կ’առնէ եւ զիրենք աւելի սիրելի կը դարձնէ մեզի:
Անհունօրէն տպաւորիչ են Անայիսի նկարագրութիւնները Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան լուրին առջեւ, երբ փսփսուքներու տարածումէն ետք, Կիրկանօրեայ պատարագին, Առաքելոցի ընթացքին.
«Ու յանկարծ պատարագիչը, ծանր ծանր շեշտելով, ձայնով մը որ քիչ մը կը դողդղար, երկիւղած լռութեան մէջ աղաղակեց.
Եւ Զհանրապետութիւն Հայոց…» (էջ 242):
Այս գիրքին էջերուն մէջ կը գտնենք Հայ Կարմիր Խաչին հիմնադրութիւնը տոքթ. Բարսեղեանին եւ իր խօսեցեալ Արուսեակ Փանոսեանի ջանքերով:
Կը գտնենք մանաւանդ «Հայ Կանանց Լիկա»-ին եւ անոր ընդմէջէն «Հայ Կին» շաբաթական հանդէսին հիմնադրութեան պատումը. առաջին ժողովին հրաւիրուեր են «բոլոր աչքառու հայ տիկինները եւ օրիորդները, որոնք մեծ կամ միջին անուն մը շինած էին» (էջ 261):
«Հայ Կանանց Լիկային լաւագոյն ձեռնարկներէն մէկը եղաւ մղել սրամիտ ու երիտասարդ կարող գրագիտուհի տիկին Հայկանոյշ Մարքը հիմնելու շաբաթական հանդէս մը, որ կոչուի Հայ Կին եւ ըլլայ օրկանը Լիկային:… Լիկային քայքայումէն յետոյ եւս 15 տարիներ Հայ Կինը պահեց իր եզական տեղը հայ լրագրութեան մէջ. եւ թերեւս ցարդ մնար ան, ի մեծ գոհունակութիւն հայ մտաւորականութեան, եթէ տխուր դաւադրութեան մը զոհ գացած չըլլար եւ խափանուած ի սպառ»:
Միշտ եւ ամէն ժամանակներուն մէջ՝ դաւաճանութիւնը, մեր գլխաւոր ախտը, որ կը շարունակէ շատ թանկ արժել մեր
երկրին եւ հաւաքական կեանքին համար:
Կարեւոր այլ տեղեկութիւն մըն է այն, որ Ռումանիոյ մայրաքաղաքէն քանի մը ժամ հեռու գտնուող Սթրունկայի մէջ ունեցած ենք որբանոց մը 1924-ին, ուր կը խնամուէին 200-է աւելի որբեր եւ որուն տնօրէն եղած է Պ. Սրենց: «Հին գաղութէն հայ դղեկատէրեր կը հոգային տարեկան պէտքերուն մեծ մասը, ինչպէս վառելափայտ, ածուխ, պահածոյ եւ այլն, իսկ Պուքրէշի մէջ կար խնամակալ մարմին մը եւ տիկնանց միութիւն մը, որ հանգանակութիւններով, հանդէսներով եւ այլն կ’օժանդակէր այս հաստատութեան»:
«Դժբախտները աշխարհի զօրութիւններն են» ըսեր է Ռոպէսփիէռ: Արդեօ՞ք մենք ալ նոյն այդ զօրութիւններուն կը պատկանինք, որ դժբախտութիւնները չեն լքեր մեր ազգը, թէ՞ մենք է որ կը վազենք անոնց ետեւէն…
Թանկագին յուշերով ծանրաբեռն այս էջերը կարծես փառք կու տան, որ հակառակ այս բոլորին, կը շարունակենք ու կը մնանք: Կը մնանք արժանիքներու եւ ցաւի մեր բեռը արժանապատիւ կերպով կրելով ու երբեմն անհատ-աստղերով փայլք տալով միջազգային երկնքին:
*Օսմանեան Կայսրութեան օրերուն կիներուն անունը չտալու համար իրենց ամուսնոյն անունով կը յիշուէին։ Այսինքն՝ Յովհաննէսին տիկինը։
Մարուշ Երամեան