(Հայոց Ցեղասպանութեան 110-րդ Տարելիցի Կեդրոնական Հանդիսութեան Բանախօսութիւն)
Ապրիլ 24 է.  իւրաքանչիւր տարի կը համախմբուինք եւ զօրաշարժի կ’ենթարկենք մենք մեզ, մեր յուշերը կը թարմացնենք, մեր ճիգերը կը նոյնացնենք, կը խորհինք ու կը ծրագրենք, կ’ապաւինինք մեր մեծերու յուշերուն, որոնք սակայն սակաւ առ սակաւ կը հեռանան:
Այս թուականը, օրացոյցին վրայ սեւով ներկուած, ամէն անգամ որ  կը տեսնենք՝ կ’ապրինք անբնական զգացում մը, մերթ զայրոյթ, մերթ վրէժ: Անտարբեր չենք կրնար ըլլալ: Այդ օրէն ի վեր  անցած են քանի մը սերունդներ արդէն:
Սերունդները ժառանգաբար դեռ կը փոխանցեն զայն իրարու, որովհետեւ ժողովուրդի յիշողութիւնը յաւերժ է:
Սերունդները տարբեր ձեւով մօտեցան Եղեռնին: Սկիզբը եղաւ սպասում, սգահանդէս, յոյս վերադարձի, ապա ժամանակը անցաւ եւ եղաւ վերապրելու ուժ՝ վերակառուցելու կորսուածը, աշխատանք, իսկ աւելի ուշ եղաւ համբերութեան չգոյութիւն, ծնան վրիժառու մարտիկներ: Նորօրեայ ժամանակին միացան պահանջատիրութեան կոչեր եւ իրաւունքներու գիտակցութիւն:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը կ’ընդգրկէ 1894-1923 թուականներուն միջեւ եղած Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած եւ հայ ժողովուրդի դէմ շարունակաբար իրագործուած ցեղասպանութիւն, հայրենազրկում, հայութեան ոչնչացման ուղղուած զանգուածային կոտորածներ, ցեղային զտումներ, հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացում, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեան ժխտում, պատասխանատուութենէ խուսափելու, կատարուած յանցագործութիւններն ու անոնց հետեւանքները լռութեան մատնելու կամ արդարացնելու բոլոր փորձերը՝ որպէս յանցագործութեան շարունակութիւն եւ նոր ցեղասպանութիւններ իրականացնելու խրախուսանք:
Հայոց Ցեղասպանութեան մաս կը համարուին 1890-ական թուականներու Համիտեան կոտորածները, Զմիւռնիոյ ջարդերը եւ թրքական զօրքերու գործողութիւնները հարաւային Կովկասի մէջ 1918 թուականին: Հայերու Ցեղասպանութեան զուգահեռ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի կ’ունենային նաեւ ասորիներու եւ Պոնտոսի յոյներու ջարդերը:
Վէրքը խոր էր եւ անկասկած՝ անդարմանելի: Աղէտի տարողութիւնը աներեւակայելի էր, կսկիծը պատած էր ամէն հոգի: Պատմական եղելութիւնը ունէր մարդկային, տարածքային, մշակութային, բարոյական, հոգեբանական եւ նիւթական վիթխարի չափեր: Ոչ ոք ունի, ոչ մէկ չափանիշ կայ մինչեւ այսօր բնորոշելու եղած կորուստի ծաւալը: Ժողովուրդներու կեանքին մէջ այսպիսի դէպքերը կշիռքի սլաքներուն չեն ենթարկուիր, չեն չափուիր, չեն գրուիր: Ամէնէն անտեղեակ առանձնացած հայն անգամ այսօր կ’ապրի իր ժառանգական կանչով, կը սարսափի պահ մը աղէտի տարողութեամբ, կ’ապրի այն բոլորը, այնպէս ինչպէս դեռ երէկ էր պատահած, քիչ առաջ.  իր ուղեղին մէջ հաւաքուած պատկերները կը տողանցեն զարհուրանքով եւ շեշտակիօրէն:
Հարցին էութիւնը պարզ էր: Ծաւալապաշտ կայսրութիւն մը կ’ուզէր ընդարձակել իր սահմանները ի հաշիւ այլ ժողովուրդներու գոյութեան: Թրքական գործօնը 600 տարի է արդէն ասպատակած է Փոքր Ասիոյ տարածքը, իր ճամբուն վրայ ջարդելով փշրելով ամէն ինչ: Իր գործունէութեան համար տեղի ժողովուրդին կրօնքը յափշտակած եւ աղաւաղած այս ցեղախումբը, ընդարձակուեցաւ ի հաշիւ հայ, յոյն, ասորի, արաբ եւ այլ ժողովուրդներու հաշուին: Անցեալ դարու սկիզբը, օգտուելով միջազգային խառնաշփոթ քաղաքական իրավիճակէն, զինելով ջարդարարական խումբեր, որոշեց իր ուռճացման արգելք հանդիսացող ժողովուրդ մը հանել քարտէզին վրայէն, սրբել ոչնչացնել: Չարակամօրէն ծրագրուած սպանդը իրագործեց 1915-ին: Տիրացաւ հողին, բնաջնջելով մարդը, մշակոյթը եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը: Չարագործը կը կարծէր, որ հասաւ իր նպատակին, բայց այդպէս չէր:
Իրականութիւնը այն էր, որ այս հնամենի, ինքնամփոփ ժողովուրդը ապրեցաւ, վերստին ծիլ դրաւ, մեծցաւ եւ շատցաւ:
Թշնամին նոյնիսկ կարծէք ապշած էր, բարկացած էր որ չկրցաւ բնաջնջել այս գենը: Շնորհիւ Սուրիոյ տարածքին վրայ գտնուող արաբ ժողովուրդին, այն առաջին օրէն գտաւ այն պայմանները, որոնցմով կրցաւ ստեղծել իր տունը, իր վարժարանները, իր մշակութային օճախները, եւ պահեց իր ինքնութիւնը՝ ձախողեցնելով այդ ամբողջ չար ծրագիրը, որ կատարուեցաւ իր գլխին:
110  տարիէ ի վեր մեզի ժառանգուած կտակը նշխարի նման կը պահպանեն իրարայաջորդ սերունդները: Իւրաքանչիւր հայու սիրտին ու հոգիին մէկ անկիւնը ծուարած կտակը կը մխայ  յաճախ, երբ հարցը կը վերաբերի ազգային ինքնութեան, խլուած հայրենիքի, անտեսուած իրաւունքներու, նահատակներու յիշատակին, ուծացման գերանդիին եւ ազգային վսեմ նպատակներու: Կտակը կը պարտաւորեցնէ՝ կառչիլ ազգային արժէքներու (լեզու, մշակոյթ, աւանդոյթներ), գուրգուրալ եւ պահպանել ազգային կառոյցները (եկեղեցի, դպրոց, մամուլ, ակումբներ), սերնդագործել եւ ուռճանալ շառաւիղներով. թումբ կանգնիլ օտարացման փոթորիկին, լաւատեսութեամբ յաղթահարել մռայլ յոռետեսութինը. ազգային յաւերժութեան գաղափարականը դարձնել լուսատու փարոս եւ առաջնորդուիլ այդ ուղղութեամբ:
Երբ կիզող անապատներէն փիւնիկի նման վերակենդանացաւ ժողովուրդին մնացորդացը, հրաշքի համազօր խիզախութեամբ, այդ սերունդը անտեսեց մահը՝ վերապրելու եւ կտակատէրերուն օրինակ ծառայելու նկատառումով: 1915-ին ինկան վայրագօրէն եւ զանգուածաբար, սակայն՝ սորվեցուցին կանգնիլ խիզախօրէն եւ հաւաքաբար:
Վստահաբար ջարդարարները չէին կրնար պատկերացնել, թէ իրենց սարքած սպանդանոցէն փրկուածներուն կտակը այդքան ազդու կրնայ ըլլալ, կամ նախճիրներէն ճողապրածներ կրնային հետզհետէ բազմանալ, խտանալ եւ դառնալ արդարութեան եւ պայքարի իրաւատէրեր: Թէկուզ անցած են 110 տարիներ, սակայն ազգային իրաւատիրութեան հիմնահարցը կը մնայ օրակարգի վրայ: Ա՛յս է կտակին էութիւնը:
Այսօր ունինք պետականութիւն, որ ամենակարեւոր ապացոյցն է որ թուրքը պարտուած է, կայ հայոց օրրանը, կայ այն՝ մեր գոյութեան գրաւականը՝ շարունակական եւ յաւիտենական:
110 տարիներու ընթացքին դիմեցինք զանազան միջոցներու, յատուցում ստանալու համար, պատրաստուելու համար այն գալիք օրուան որ մեր ոտքերը դնէինք կորուսեալ հայրենիքի հողի վրայ: Կազմակերպեցինք յուշահանդէսներ, յուշահաւաքներ, պատարագներ, ցոյցեր, սգատօներ, դիմումներ միջազգային ատեաններու: Նոյնիսկ անթոյլատրելի թուացող երկխօսութեան փորձեր ցեղասպանին հետ:
Ապրիլ 24-ը ներքին հաշուետուութիւն մըն է, անցածը ստուգելու, ուղղելու, զարգացնելու: Ժխտական երեւոյթներ համատարած կը դառնան, նահանջի պատկերներ, որոնք հետզհետէ կը մխրճուին մեր կեանքին մէջ: Ահազանգն է պայքարելու ձուլման եւ ազգային արժէքներէ հեռացման դէմ: Եթէ կը պատրաստուինք պահանջատիրութեան, պէտք է նախ խստապահանջ ըլլանք մեր հայկականութեան մէջ:
Մայր գաղութին համար կործանարար եղաւ երկրիս մէջ սանձազերծուած պատերազմը, որ բացասականօրէն անդրադարձաւ մեր ուժեղականութեան եւ գոյութեան այն հողերուն վրայ, որոնք կը կրեն աղաղակող ապացոյցները՝ հայոց եղեռնին:
Հակառակ մեր սիրելի սուրիական հայրենիքէն ներս բոլորիս ապրած թոհուբոհային իրավիճակին, մեր մտահոգութիւնները կը շարունակեն մնալ սեւեռուած հայրենիքին ուղղութեամբ: Վերջին տարիներուն պատահած արագընթաց եւ կտրուկ իրադարձութիւնները նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման դրին Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Հոն ծառացան լուրջ եւ ծանրակշիռ հարցեր, որոնք չեն կրնար մնալ բարձիթողի, որովհետեւ կը յուզեն հանուր հայութիւնը: Միջազգային տարածաշրջանային, արտաքին ու ներքին բազում խնդիրներ ուժգնօրէն կը ցնցեն հայրենիքը: Յատկապէս նախայարձակ թշնամիին վարքագիծը կը մնայ մնայուն ապացոյց, որ ան տրամադիր չէ խաղաղ գոյակցութեան միջազգայնօրէն ընդունուած պայմաններով:
Հայութիւնը միշտ ալ եղած է խաղաղասէր եւ հաւատացած՝ որ խաղաղութեան մթնոլորտին մէջ է, որ կը բարգաւաճին երկիրներ եւ ժողովուրդներ: Առ այդ, Երեւանի ձգտումը խաղաղութեան համոզիչ է եւ ցանկալի, սակայն այնպիսի խաղաղութիւն որ ըլլայ արժանապատիւ, հիմնուած փոխադարձ յարգանքի վրայ՝ եւ ոչ սպառնաշունչ խօսքերով, ինչ որ ականատես եւ ականջալուր կ’ըլլանք յաճախ: Գնահատելի է խաղաղ գոյակցութեան քաղաքականութիւնը, բայց ի հարկէ ոչ ի հաշիւ ազգային պահանջատիրութեան սկզբունքներուն եւ ոչ ալ պարտուողական զիջումներով:
Խաղաղութիւնը ժողովուրդներու բարգաւաճման համար անհրաժեշտ պայման է, սակայն խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ կայուն, պաշտպանուած ամուր երաշխիքներով, որոնցմէ առաջնայինը ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ԲԱՆԱԿՆ Է:
Արցախի հարցը, առ երեւոյթ, լուծած է թշնամին իր վայրագ ըմբռնումով, բայց ան առկայ է մարդկային իրաւանց տեսակէտով, ինքնորոշման իրաւունքի կանոններով եւ հետեւաբար՝ արմատահանուած Արցախի բնակչութեան իրաւունքն է վերադառնալ իր պապենական բնօրրան եւ տէր կանգնիլ իր մշակութային եւ ազգային ժառանգութեան: Արդարեւ, բնականաբար կ’աղաղակենք՝ ո՞ւր է միջազգային հանրութիւնը, որ յաճախ կը խօսի իրաւունքի, արդարութեան, մարդասիրութեան կարգախօսներով: Մենք ականատես եղանք մեր օրերու, մեր պատմութեան ամենադաժան իրողութեան, երբ հայրենազրկումի եւ տարագրութեան դաժան հարուածը հասաւ Արցախի ազատատենչ եւ տառապեալ հայութեան:
Ակնյայտօրէն միջազգային ճնշումներ կը կատարուին Հայաստանի վրայ: Նկատուող սեղմումները աշխարհաքաղաքական ներկայ իրողութեամբ, Երեւանի պետական վարիչները եւ անոնց հակադրուած տարրերը պէտք է պարտաւորեցնեն խոհեմութեամբ եւ շրջահայեացութեամբ հարթել ամէն խոչընդոտ, իմաստութեամբ դիմակալել ամէն արգելակ, եւ ուրեմն՝ հեռու մնալ ներքին խլրտումներէ՝ վեր դասել համահայկական շահը, միախմբուիլ յստակ նպատակներու շուրջ, առանց ճղճիմ եւ հատուածական հաշիւներու: Խնդրոյ առարկան  բոլորիս պատկանող ու նուիրական հայրենիքն է: Միաբանիլ եւ գործակցիլ նպատակասլաց ոգիով, ժողովուրդը զերծ պահելով ցնցումներէ, պառակտումներէ, մանր-մունր անհամաձայնութիւններէ: Եւ սա հրամայական հարց է այս օրերուն՝ պետական, քաղաքական, հոգեւոր, դիւանագիտական եւ ժողովրդային մակարդակներով: Իրաւունք չունինք այս օրհասական եւ զգայուն օրերուն իյնալ ներքին կռիւներու ճահիճին մէջ: Պատմութիւնը կը պատժէ եւ կը դատապարտէ նման անփոյթ եւ անլուրջ մօտեցում:
Հայրենիքը, հողն ու պետականութիւնը մնայուն արժէքներ են: Մենք պիտի բոլորուինք այս էական առանցքին շուրջ: Ոգեւորուելով անոնցմէ՝ սատար կանգնինք այդ ոսկէ գաղափարներուն, միշտ մտաբերելով՝ որ անձերը, իշխանութիւնները եւ մարդիկ կու գան ու կ’երթան, սակայն հողն ու պետականութիւնը կը մնան: Մեր եւ գալիք սերունդներն են անոնց տէրերը, ինչպէս որ էին նախորդ հարիւրաւոր սերունդներ պատմութեան ընթացքին:
Վերջին տասնամեակներուն, լրջագոյն հարց մը կախուած է մեր գլխուն դամոկլեան սուրի նման, արիւնոտ եւ ցաւալի հարց մը, որն է Հայաստանի ժողովրդագրական անմխիթար պատկերը: Արդարեւ, կոտտացող վէրք մըն է արտագաղթի վարակիչ երեւոյթը, որ հասած է վտանգաւոր տարողութեան: Յարատեւ արիւնահոսութեան մասին կ’իմանանք սրտցաւօրէն: Միթէ՞ սերունդներ զէն ի ձեռին պայքարեցան՝ որպէսզի ուրիշներ լքեն հողը, միթէ՞ հերոսներ շարան-շարան ինկան, որպէսզի մարդիկ երդիք որոնեն օտար ափեր, միթէ՞ անկախութեան շեփորը հնչեց, որպէսզի հայրենիքը մնայ առանց հայու: Խորագոյն հարցն է այս, որ կարօտ է անյապաղ դարմանումի: Այստեղ պարտինք ողջունել մեր հայրենակիցները, որոնք Սուրիայէն հոծ թիւով ներգաղթեցին հայրենիք, այսօր մասնակից են հայրենիքի բարգաւաճման, կ’արարեն հողին վրայ, կը շէնցնեն հողը եւ իրենց արիւնն ու քրտինքը կը միախառնեն հողին: Ողջոյններ այս ազգաշէն ոգիին:
Միւս կողմէ, կ’ողջունենք Հայաստանի ջերմ մօտեցումը Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին եւ դրականօրէն կ’ուզենք յուսալ, որ Հայաստանի մեր եղբայրները իրենց կապերով լուսամիտ քայլեր կ’առնեն Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն հետ, կ’ապահովեն հայութեան բարի եւ բարեկամական դիմագիծը եւ նոր հեռանկարներով կայուն եւ աներեր                  կը պահեն մեր ներկայութիւնն ու կառոյցները այս սիրելի եւ հիւրասէր ու հիւրընկալ հողին վրայ:
Նահատակներուն յիշատակին առջեւ մեր նուիրական պարտքն է՝ պաշտպանել հայկական հողը, նախանձախնդիր ըլլալ հայոց անկախ պետականութեան զօրացման եւ որպէս սրբազան մասունք պահպանել մեր նախնեաց աւանդներն ու ժառանգութիւնը:
110 տարիներու ընթացքին, հակառակ տարաբնոյթ ելեւէջներու եւ ցնցումներու, սպառնալից վերիվայրումներու եւ
խարխափումներուն ի տես, նահատակներու կտակին հաւատարիմ մնալով, անշեղօրէն հաւատալով անոնց նուիրականութեան եւ սրբութեան, այսօր եւս կ’երդնունք պահել ուխտը հայոց գերագոյն նպատակին: Նահատակներուն կտակը անսակարկելի է, անկապտելի է եւ անժամանցելի:
Յարգա՛նք 1915-ին ինկած Մեծ Եղեռնի զոհերու անթառամ յիշատակին: Ողջո՜յն պայքարի նորահաս սերունդներուն, որոնք պիտի ըլլան վրէժի, արդարութեան եւ իրաւունքի իրա՛ւ մարտիկներ: