Վաղուց է, որ Հալէպի մէջ աշակերտական մակարդակի նման գերազանցութեամբ ձեռնարկ չէր կազմակերպուած: Կարօտցած էինք օգտակար ու հաճելի այս մթնոլորտը:
Շա՛տ ապրին Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու գրական յանձնախումբը, որոնք վերստին բահն ու բրիչը ձեռք առնելով միտքի ու հոգիի անդաստաններու մշակման աշխատանքին անցան եւ կազմակերպեցին ՀԱՅ ԱՍՊԵՏՆԵՐ մրցոյթը:
ՀԱՅ ԱՍՊԵՏՆԵՐ հայկական գիտելիքներու հռչակաւոր մրցումին մասնակցութեան հրաւիրուած էին Հալէպի մէջ գործող հայկական բոլոր միջնակարգերը, սակայն հրաւէրին ընդառաջած էին Լ. Նաճարեան Գ. Կիւլպէնկեան, ԱՔԵ Ճեմարանն ու Կրթասիրաց-Սարգիս Չեմպէրճեան վարժարանները:
Մեծապէս զգալի էր մրցումին չմասնակցող հայկական միջնակարգերուն բացակայութիւնը: Ինչքան աւելի օգտաշատ
պիտի ըլլային բոլորին մասնակցութիւնն ու մրցակցութիւնը: Բացակայութիւնը ոչ միայն զգալի, այլեւ մտահոգիչ էր: Ի՞նչ պատճառներ կրնային առկայ ըլլալ, որպէսզի հայկական վարժարան մը մերժեր նման օգտակար ծրագրի մը մասնակցութիւնը: Ի՞նչ պատճառներ կրնային ըլլալ, որպէսզի հայկական վարժարանի մը աշակերտները զրկուէին դաստիարակչական ու յարաբերական հսկայական կարեւորութիւն ունեցող նման նախաձեռնութեան մը մասնակցելէ:
Այնքան ողջունելի էին մասնակցող դպրոցներու թէ տնօրէնններուն ու հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն մրցումի մասնակցութեան համար նախապատրաստական ջանքերը, նաեւ ծնողներուն ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը:
Այո՛, մեծապէս կարեւոր է ծնողքին ներդրումը, որովհետեւ գերգնահատելով հանդերձ դպրոցին դերակատարութիւը հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու շրջագիծէն ներս, տան մթնոլորտը, ծնողքին դերակատարութիւնը հիմնական գործօններն են հայեցի կրթութեան առաքելութիւնը յաջողութեամբ ի կատար ածելու:
Այս մրցումին այնքան բարձր գնահատելի էր մայրիկներուն կողքին հայրիկներուն մասնակցութիւնը: Եթէ մեր ընտանիքներու կիսուն մէջ հայրն ու մայրը նման մօտեցում ցուցաբերեն իրենց զաւակներու կրթութեան գործին մէջ, այս ոլորտէն ներս մեր մտահոգութիւններուն կէսէն աւելին կը փարատի:
Այլ մօտեցում մը եւս շատ ակնառու ու դրուատելի էր: Մրցումը կազմակերպող կողմը հրաւիրած էր տասնամեակներու վաստակ ունեցող կրթական մշակներ կամ դաստիարակութեան գործով զբաղողներ, որոնք իրենց ելոյթներով ամբողջ կեանքի մը փորձառութիւնը փոխանցեցին:
Ծրագրողներուն ու գործադրողներուն վարձքը կատար, շա՛տ ապրիք, շարունակեցէ՛ք մեր սերունդներուն դաստիարակութեան նպաստող նման ծրագիրներու իրագործումը:
Թող այս նախաձեռնութիւնը մեկնարկը յայտարարած ըլլայ մարդուժի պատրաստութեան գործով զբաղող կրթական թէ մշակութային հաստատութիւններուն ու միութիւններուն, որպէսզի հերթաբար, մէկը միւսին ետեւէն, նախաձեռնեն նմանօրինակ աշխատանքներու:
Վստահաբար «Գանձասար»-ին մէջ լոյս պիտի տեսնէ ձեռնարկի թղթակցութիւնը, անպայման հետեւեցէ՛ք եւ ծանօթացէ՛ք մանրամասնութիւններուն:
Մարիա Գաբրիէլեան