ՏԵՂԱԿԱՆ

ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

-Սուրիոյ պասքեթի տղոց ախոյեանութեան մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի խումբը կրեց երկու պարտութիւն: Խումբը իր առաջին մրցումը կատարեց Հալէպի Ահլի խումբին հետ, ուր պարտութեան մատնուեցաւ 71 – 82 արդիւնքով, որմէ ետք իր երկրորդ հանդիպումը կատարեց Հուրիէին դէմ, ուր դարձեալ պարտութեան մատնուեցաւ  59 – 61 արդիւնքով:

-Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանական մրցումներուն,  ՀՄԸՄ-ի աղջկանց կազմը իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ Ահլիին հետ, ուր պարտութեան մատնուեցաւ 55 – 34 արդիւնքով:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ

ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ՅԱՂԹԵՑ ՌԷԱԼԻՆ

Լա Լիկայի 2024/2025 տարեշրջանի  խաղարկութեան 35-րդ փուլի մրցումներուն, քաթալոնէական Պարսելոնան «Օլիմփիկ Լուիս Քոմբանիս» մարզադաշտին վրայ ընդունեց Ռէալ Մատրիտը: Հանդիպումը աւարտեցաւ Հանսի Ֆլիքի գլխաւորած խումբին յաղթանակով՝ 4 – 3 արդիւնքով: Հանդիպման 5-րդ վայրկեանին, տուգանային հարուածով  հաշիւը բացուած յայտարարեց մայրաքաղաքի խումբի խաղացող Քիլիան Մպափէն, որմէ տասը վայրկեան ետք, Մպափէ կրկնապատկեց արդիւնքը:  19-րդ վայրկեանին, Պարսելոնան կրճատեց արդիւնքը՝ Էրիկ Կարսիայի միջոցաւ։ 32-րդ վայրկեանին ուժեղ հարուածով մը Լամին Եամալ նշանակեց հաւասարութեան կոլը, որմէ երկու վայրկեան ետք օգտուելով Ռէալի պաշտպանողական խաղացողներու սխալէն, Ռաֆինեան արձանագրեց Պարսելոնայի երրորդ կոլը: Նախքան դադարի անցնիլը, Ռաֆինեան նշանակեց իր երկրորդ եւ խումբի չորրորդ կոլը:  Երկրորդ կիսախաղուն, Քիլիան Մպափէ դարձաւ հեթրիքի հեղինակ՝ նշանակելով խումբին եւ իր անձնական երրորդ կոլը:

ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԻՐ ՆՈՐ ՄԱՐԶԻՉԸ ՈՐՈՇԵՑ

Սպանիոյ մայրաքաղաք Ռէալ Մատրիտի պատասխանատուները  համաձայնութեան հասան Գերմանիոյ  նախորդ տարուան ախոյեան եւ գաւաթակիր Պայերն Լեւըրքուզէնի  սպանացի գլխաւոր մարզիչ Չաւի Ալոնսոյի հետ, որ այս մրցաշրջանը աւարտելէ ետք պիտի փոխարինէ իտալացի Գարլո Անչելոթին։ Կողմերը պիտի կնքեն երեք տարուան պայմանագրութիւն։ Այս լուրը հաղորդեց Marca-ն, աւելցնելով, որ  Ալոնսոն ազդեցութիւն չ’ունենար արքայական ակումբի փոխադրութեան  քաղաքականութեան  վրայ, որ ակումբի ղեկավարութեան հարցն է։

 Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան