Ի՞նչ կ’ընէ կէս դար առաջ ապրած մտաւորական մը, երբ չունի համացանցային պրպտումի դիւրութիւնները, երբ կ’ապրի քաղաքի մը մէջ, ուր մեծ մատենադարաններ չկան…
Եթէ իրապէ՛ս, ողնուծուծով մտաւորական է, կ’ընէ այն, ինչ որ եգիպտահայ մտաւորական Տիգրան Գէորգեան ըրած է՝ ինքզինք զինել աղբիւրներու հսկայական միջոցներով, որոնց մենք այսօր կը հասնինք մէկ կոճակի սեղմումով: Այսքանը դիւրին է ըսելը, բայց գործադրե՞լը…
Տ. Գէորգեանի թողօնին մանրամասնօրէն ծանօթանալը մեզ խորունկ ակնածանքով կը լեցնէ այս մտաւորականին հանդէպ:
Նախ յստակ է, որ Գէորգեան ամէն օր հետեւողական կերպով ընթերցած է Գահիրէի մէջ լոյս տեսնող երեք թերթերը, առաւել՝ ինչ որ հասած է իրեն Սփիւռքի, մանաւանդ Հայաստանի թերթերէն եւ հանդէսներէն: Այդ ընթերցումներուն ընթացքին ի՛նչ որ հաւներ է որպէս յօդուած կամ գեղարուեստական գրականութիւն, կամ ինչ որ մտածեր է, թէ կրնայ իրեն օգտակար ըլլալ իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ, կտրատեր եւ պահեր է առանձին, փոքր թէ մեծ պահարաններու մէջ: Այս կտրօններէն շատերը ծառայեր են իրեն որոշ յօդուածներու մէջ:
Պահուած են նաեւ կտրօնները իր բոլոր յօդուածներուն, որոնք երեւցած են տարբեր թերթերու եւ հանդէսներու մէջ: Պահուած են մէկէ աւելի օրինակներով:
Հետեւաբար եթէ առնենք որոշ յօդուած մը, պիտի գտնենք նախ անոր առնչուած բոլոր քաղուածքներն ու կտրօնները, ապա յօդուածը՝ մեքենագրուած եւ սրբագրութիւններ կրող, ապա՝ վերջնական օրինակը յօդուածին, թերթին մէջ լոյս տեսած օրինակը եւ ի վերջոյ՝ առանձնատիպը, եթէ ունեցեր է առանձնատիպ:
Այս բոլորէն անկախ, տետրերու մէջ փակցուցեր եւ պահեր է իր յօդուածներուն կտրօնները:
Տակաւին կան սկզբնական աշխատանքները մանկական բառարանի մը եւ Ժագ Յակոբեանի «Հոգին Հայկական»-ին մէջ երեւցած դժուար բառերու բառարան մը, երկուքն ալ մեքենագրուած:
Մեքենագրուած օրինակներով պահուած են երեք մեծ, կազմուած ցանկերը իր գրադարանի գիրքերուն:
Տակաւին կան բազմաթիւ քարտերը, որոնք թերթերու ցանկեր, այլ խօսքով՝ քարտարաններ կը կազմեն, որոնց վրայ արձանագրուած են ոչ միայն թերթին կամ հանդէսին տուեալները, այլ երբեմն նաեւ սեփականատիրոջ անունը:
Քարտերու այլ հաւաքածոյ մը նուիրուած է զանազան նիւթերու, «Մատենագիտութիւն Այլազան Նիւթերու» խորագրուած:
Ոչ միայն տոմսերու պարապ կռնակները, ոչ միայն փոքր թուղթեր, նոյնիսկ վճարումի կտրօնները օգտագործած է Տ. Գէորգեան արձանագրելու համար կարգ մը աղբիւրներ – որոնք, մտածեր է, հաւանաբար օգտակար կրնան դառնալ իրեն – ինչպէս եւ նշումներ կամ նօթեր:
«Աղբիւրներ Հայերու Պատմութենէն» խորագրուած թուղթերու տրցակի մը առաջին էջին արձանագրուած է.
«Նոր ծրագիր, նախատեսուած՝ Գ-ՆԱՎ-ի (Գալուստեան, Նուպարեան Ազգային Վարժարաններ, որոնք աւելի ուշ միացած են մէկ անուան տակ՝ Գալուստեան-Նուպարեան) Հելիոպոլսոյ մասնաճիւղի երկրորդական բաժինի Ա. դասարանին համար»:
«17 Նոյեմբեր 1986»:
Այս էջերուն մէջ պահ դրուած են նաեւ թերթերէ ձեռքով կտրուած հայկական տարբեր նախշեր, որոնք հաւանաբար ծառայէին գիրքերու պատրաստութեան, համակարգչային դիւրութիւններու բացակայութեան:
Բարեբախտաբար – բայց պարզ ու յստակ է որ այդպէս պիտի ըլլար – ամէն բան նշուած է, թուագրուած, թուականներ դրուած, ինչ որ իրապէ՛ս կը դիւրացնէ ուսումնասիրողին աշխատանքը:
Մեծ մասը իր թողօնին Հայկ Աւագեանի շնորհակալ աշխատանքով արդէն հաւաքուած է երեք հատորներու մէջ, հրատարակուած որպէս «Ջահակիր»-ի ԼԱ., ԼԲ. եւ ԼԳ. յաւելուածներ. այդ հատորներէն դուրս  կը մնայ գրականութեան նուիրուած հսկայ ժամանակագրութիւն մը:
Իսկապէս մարդկային տարբերակ մը այսօրուան համացանցային աղբիւրներուն եւ այն բոլոր նիւթերուն, զորս Տիգրան Գէորգեանի հետաքրքրութիւններուն առնչուած են:
Թուղթերու ծրարները յաճախ դրուած են գիրքերէ անջատուած կողքերու մէջ, զանոնք որպէս թղթապանակ օգտագործելով:
Եգիպտոսի նուիրուած փոքր գրքոյկի մը վրայ, երբ ընթերցողը ուշադիր նայի, պիտի կարդայ՝ «Տիգրան Գ. Գէորգեան  Կեանքը եւ Գործերը»:
Կողքի երկրորդ էջին.
«Բանասէր Տիգրան Գ. Գէորգեանի Կեանքը եւ Գործերը,
Մշակութային եւ կրթական թղթածրարներու այբուբենական ցանկ, Հայկ Ժամկոչեան, Գէորգեան Տիգրան No 658. Personal History Form»:
Վաւերական մտաւորական որպէս, զինք կը հետաքրքրեն տարբեր բնոյթի հարցեր. անոնց առնչուած օրաթերթերու թէ հանդէսներու կտրօնները Գէորգեան պահ կը դնէ, մի՛շտ մտածելով ապագային գրուելիք ուսումնասիրութիւններուն մէջ անոնց բերելիք օժանդակութիւնը: Կարելի է պատահական պահարան մը բանալ եւ գտնել իրարմէ անջատ նիւթեր, այսպէս.
-Անգլերէնով գրուած եւ Armenian Mirror Spectator թերթէն քաղուած յօդուած մը Կիւրճիէֆի եւ անոր մասին ֆիլմին, 1978 թուականէն.
-«Սիրոյ Բացատրութիւն» յօդուած գրուած Չարենցի ընկերոջ կողմէ, բանաստեղծին ունեցած սիրային արկածախնդրութիւններուն մասին:
-«Միջնադարեան Հրեաներու Հետքեր՝ Հայաստանի մէջ», Քեւին Ալըն Պրուքի գրիչով, «Արեւ»-ի 2002-ի թիւերէն մէկէն.
-«Նմանակագրութիւններ» հեղինակ Լեւոն Գալուստեան.
-«Արխիւ Պահելու Անհրաժեշտութիւնը», Շահանդուխտի գրիչով, «Յուսաբեր» 1998-ի թիւերէն մէկէն.
-Զրոյց մը Լեւոն Գալուստեանի հետ, «Նոր Կեանք»-էն առնուած. 1975.
Եւ այսպէս շարքը երկար է տարբեր եւ հետաքրքրական յօդուածներու:
Կը թերթեմ այդ կտրօնները, երբեմն նաեւ կը կարդամ զանոնք եւ կ’ունենամ տպաւորութիւնը համացանցին մէջ թափառելու, բայց շատ աւելի վաւերական, եւ շատ աւելի տպաւորիչ ձեւով:
Քարտեր պահուած են տարբեր պահարաններու, նոյնիսկ ծխամորճի ծխախոտին նայլոն պանակին մէջ:
Փոքր պահարան մը կը կրէ հետեւեալ արձանագրութիւնը.
«Բառաքաղումներ
-Գեղարուեստական գրականութենէ
-Գիտական գրականութենէ
-Թարգմանական գրականութենէ»
Պահարանին մէջ կը գտնենք խումբերու բաժնուած թղթիկներ, արձանգրութեամբը անունին այն գիրքին, ուրկէ առնուած են բառերը, հրատարակութեան վայրին եւ թուականին: Ամէնէն վարը՝ «Բառաքաղեց՝ Տ. Գ. 13-3-1991»:
Հաւանաբար այս բառն ալ իրն է՝ բառաքաղում, բառաքաղեց. գեղեցիկ եւ հաճելի բառ:
Հետաքրքրականն ու քիչ մը տարօրինակը այն է, որ կտրօններուն մեծ մասը առնուած են այնպիսի թերթերէ եւ հանդէսներէ, որոնց հաւաքածոները ոչ միայն ունի Տ. Գէորգեան, այլ եւ անոնց քարտարանները պատրաստեր է. ուրեմն ինչո՞ւ է այսքան կտրօն հաւաքել-պահելը, քիչ մը անհասկնալի կը թուի:
Կ’աշխատիմ Տիգրան Գէորգեանի թողօնին դասաւորումին վրայ. կը տեսնեմ թէ իրապէ՛ս բախտաւոր գրագէտ է, հակառակ որպէս մարդ տհաճ եւ անբախտ ըլլալուն, որովհետեւ ահա իր ամբողջ թուղթերը յստակօրէն սեղանին վրայ են, դասաւորուելու պատրաստ: Իրմէ ետք եկող գրագէտները, ամէն բան համակարգիչով ըրած են եւ իրենց ամբողջ թողօնը այնտեղ է, երբեմն բարդ ձեւերով ցանցային պանակներու մէջ պահ դրուած: Երբ անոնք մահանան, ինչպէ՞ս պիտի դասաւորուի իրենց թողօնը, եւ ո՞ւր պիտի պահուի:
Յետոյ, երբ բացուող հերթական սնտուկը ա՛լ չի պարզեր նախկիններուն կանոնաւորութիւնը, երբ պարունակութիւնը ա՛լ չի հաստատեր կազմակերպ մտքի մը աշխատանքը, երբ կտրօնները  կը դառնան ո՛չ թէ միտքը գրաւող նիւթեր, այլ աչքը շոյող գեղեցիկ պատկերներ, ափսոսանքը կը սկսի սողոսկիլ ի տես մտքի խամրումին, որուն կամաց-կամաց ամբողջապէս ենթակայ դարձեր է այս վաւերական մտաւորականը:
Իր հեղինակած գիրքերն ու իր մասին գրուած փոքրաթիւ յօդուածները կը հաստատեն Տ. Գէորգեանի լուրջ եւ ծանրակշիռ մտաւորականի հանգամանքը: Այսօր արդէն դասաւորուած թողօնը կու գայ որպէս յաւելեալ հաստատում այդ հանգամանքին:
Մարուշ Երամեան