Էլիզը, Ես եւ Մունայիրի Պատմութիւնը
Էլիզին դիմատետրի էջին վրայ կը կարդամ «Մունա ալ-Սուլհ, ալ Սէուտ»-ի մահուան լուրը:
Ան Լիբանանի Վարչապետ Ռիատ ալ-Սուլհի դուստրն էր եւ կինը Թալալ պըն Ապտուլ Ազիզ ալ Սէուտին:
Էլիզ պրպտելով արմատները կը հասնէր մինչեւ Սէուտական Արաբիոյ առաջին թագաւոր «Ապտուլ Ազիզ պըն Ապտուլ Ռահման»-ին, (ծնած 1875-ին, մահացած 1953-ին), անոր կիներէն մէկը Մունայիրը՝ հայուհի էր եւ Մունա Սուլհի ամուսնոյն, իշխան Թալալի մայրը:
Էլիզ կը փորձէր պեղել Մունայիրի պատմութիւնը:
Մունայիր – Ում Թալալ, այսինքն՝ «Թալալի մայրը» (այս անուանումը արաբական աւանդական մօտեցում է, կինը իր անունով չեն կոչեր, այլ անդրանիկ որդիին մայրը անուանումով):
Մունայիր ծնած է 1909 թուականին, մահացած՝ 1991-ին:
Կարդալով այս բոլորը Էլիզի հետ ես ալ կը շարունակեմ պրպտել:
Մունայիրի զաւակները.
– Թալալ (Talal) պըն Ապտուլ Ազիզ ալ-Սէուտ- Ապտուլ Ազիզ պըն Ապտուլ Ռահման (1931-2018) թագաւորին Տասնութերորդ որդին էր:
– Նաուաֆ (Nawaf) պըն Ապտուլ Ազիզ ալ-Սէուտ (1932-2015) թագաւորին քսաներկրորդ որդին։
– Մատաուի (Madawi 1939-2017) դուստրը։
Մունայիրի նշանաւոր թոռներէն.
– Ալ-Ուալիտ  պըն Թալալ Ապտուլ Ազիզ ալ-Սէուտ աշխարհի ամենահարուստ, ազդեցիկ մարդոցմէ մէկը կը համարուի:
– Թուրքի պըն Թալալ Ապտուլ Ազիզ ալ-Սէուտ
– Սառա պըն Թալալ Ապտուլ Ազիզ ալ-Սէուտ
– Ապտուլ Ազիզ պըն Թալալ Ապտուլ Ազիզ ալ-Սէուտ
Կուկըլի միջոցաւ պրպտելով Մունայիրի մասին հետեւեալը գտայ.
«Մունայիր՝ հայ որբուկ մըն էր, Անատոլիոյ ջարդէն վերապրած, 1921 թուականին 12 տարեկան այս որբուկը կը յանձնեն Ունայզայի Ապտուլ Ազիզ իշխանին, որ 45 տարեկան էր եւ ունէր տասնեակ կիներ։ Ան իր հարեմին մէջ կ’առնէ որբուկը, երեք տարի ետք, երբ Մունայիր 15 տարեկան էր, կը ծնի Թալալ: Մունայիրի անդրանիկ արու զաւակը: Երեք տարեկան փոքրիկ Թալալը կը մահանայ, 1931-ին Մունայիրի ծնունդ տուած երկրորդ արու զաւակը (ըստ պետուիններու օրէնքին) նոյնպէս կ’անուանուի Թալալ:
Մունայիր՝ որուն հայկական անունը ծանօթ չէ, իսկ արաբերէն լեզուով կը նշանակէ «լուսաւոր», Ապտուլ Ազիզի կիներուն շարքին մէջ գրաւեց տասնհինգերորդ  տեղը, ան խելացի էր ու գեղեցիկ, եղած է թագաւորին սիրելի կիներէն մէկը»:
Ապտուլ Ազիզ պըն Ապտիւլ Ռահման (1875-1953).-
Անոր առաջին ամուսնութիւնը տասնեօթ տարեկանին էր: 1932 թուականին, երկար պատերազմներ մղելէ ետք, կ’ամրապնդէ ու կը հիմնէ միացեալ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութիւնը եւ կը դառնայ անոր առաջին թագաւորը:
Ունեցած է երեք տասնեակ կին: Իսլամական օրէնքին համաձայն, այր մարդուն կ’արտօնուի չորս օրինաւոր կին ունենալ, հետեւաբար Ապտուլ Ազիզ կ’արձակէր չորսէն մին կամ երկուքը նորի մը հետ ամուսնութիւն կնքելու համար:
Բազմակին ու բազմազաւակ թագաւորը՝ ունեցած է 29 կիներ, անոնցմէ մաս մը կանուխէն մահացեր են կամ արձակուած: Ունեցած է 63 զաւակ, 36 որդի 27 դուստր: Անոր որդիները ստանձնած են Միացեալ Սէուտական Արաբիոյ պետական պաշտօնները, ներկայացնելով կայուն ընտանիք-պետութիւն:
«Կուկըլ»-էն նոր անակնկալ մը եւս.-
Ապտուլ Ազիզ, որ ամուսնացած է 44 անգամ, ունեցած է ծագումով երկու հայ կիներ եւս «Շահիտա» եւ «Մուտի» (բնականաբար հայուհիները իսլամութիւնը ընդունած են ու արաբական անուանումով  շարունակած են ապրիլ թագաւորին յարկին տակ):
 Թագաւորի կիներուն մասին արաբական աղբիւրներու տեղեկութիւնները ժլատ են, լուսանկարներ չկան, միայն անուններ ու հակիրճ ծանօթութիւններ: (Արաբ ցեղախումբերուն հետ խնամիական մօտեցում հաստատելու համար թագաւորը կնքած է ամուսնութիւններ, նման կիներուն մասին աւելի յստակ տեղեկութիւններ կան):
Շահիտայի առաջին զաւակը՝ Մանսուրը, իշխան Ապտուլ Ազիզի 8-րդ զաւակը, ծնած է 1918-ին, հետեւաբար Շահիտա ցեղասպանութեան յաջորդող տարուան ընթացքին է, որ յայտնուած պէտք է ըլլայ իշխան Ապտուլ Ազիզի հարեմին մէջ, իսկ անունը կը նշանակէ նահատակ: Ան եղած է Ապտուլ Ազիզի հինգերորդ կինը, մահացած է 1938-ին: Որդիներն են, Մանսուրէն ետք, Մաշաալ՝ թագաւորին 14-րդ զաւակը, ծնած 1926 թուականին, Մութաապ՝ թագաւորին 17-րդ զաւակը, ծնած 1929 թուականին, Քամաշա թագաւորին 11-րդ դուստրը:
Շահիտան թագաւորի սիրեցեալ կիներէն էր, հաւատացեալ եւ ողորմած:
Մուտիի զաւակներն են.- Մաճէտ Բ. թագաւորին 26-րդ զաւակը, ծնած է 1938  թուականին, Սաթամ՝ թագաւորին 30-րդ զաւակը, ծնած է 1941 թուականին. Դուստրերն են Հայա, Սուլթանա, Ճովզա: Այս թուականներու հիման վրայ կարելի է եզրակացնել, թէ Մուտի թագաւորին հարեմը եկած է Շահիտայէն ու Մունայիրէն ետք: Եղած է բարեսիրտ ու կոչուած «Աղքատներու մայր»:
Իմ հետաքրքրութիւնը Մունայիրն էր…
Փորձեցի մեր օրերուն շատ ընդհանրացած, արագ կողմնորոշուող գիտելիքներու շտեմարանը՝ արհեստական բանականութիւնը:
Ուղղեցի հետեւեալ հարցումները.
– Մունայիր Անատոլիոյ ո՞ր շրջանէն էր, ծնողները ո՞վքեր էին: Պատասխանը բացասական էր. «Այդ մասին տեղեկութիւններ չգտնուեցան»:
– Ցեղասպանութեան թուականէն (1915) մինչեւ (1921) վեց տարիներ Մունայիր ո՞ւր ապրած էր, բանականութիւնը կրկին անայլայլ պատասխանեց. «Այդ մասին տեղեկութիւններ չգտնուեցան»:
– Այդ տարիներուն Սէուտական Արաբիոյ քաղաքներուն մէջ որբանոցներ կայի՞ն, պատասխանը տրամաբանական հետեւութիւն էր թէ «Իսլամական ըմբռնումով որբանոցներու գոյութիւնը այդ ժամանակաշրջանին անընդունելի էր, հետեւաբար չենք կարծեր որ Արաբիոյ տարածքին որբանոցներ ըլլային»:
Բնականաբար արհեստական բանականութիւնը պիտի տար այն պատասխանը, որ կը համապատասխանէր իր ուղեղին մէջ կիրարկուած գիտելիքներուն. Այդ գիտելիքները ըստ երեւոյթին սահմանափակ էին:
Այդ վեց տարիները հանգիստ չտուին, կրկին պեղեցի Ապտուլ Ազիզի մասին գրուած էջերը…
 Հարցումի մը պատասխան «Կուկըլ»-եան ենթադրութիւն կար թէ, Մունայիր բռնագաղթուած է ծնողքին ու եղբայրներուն հետ արեւելեան Անատոլիայէն, անոնք հաւանաբար մոլորած են անապատին մէջ, թափառելով հասած Սէուտական Արաբիոյ Ունայզա քաղաքը, ուր ծնողքը զինք վաճառած է իշխանին:
Ենթադրութիւնը անտրամաբանական էր: Թէեւ ցեղասպանութեան ընթացքին զաւակ լքելու, վաճառելու տխուր դէպքեր եղած են, ստրուկներու առեւտուրով զբաղող մարդիկ ալ կային:
Որբուկը
Հայրը տարին գիւղի միւս այր մարդոց հետ: Մայրը՝ պատանի եղբօր օգնութեամբ կը հոգար արտի ու տան պէտքերը: Երկու քոյրերը մօտակայ գիւղը հարս գացած էին, մեծը երկու զաւակի տէր էր, միւսը նորահարս:
Աղջնակը վեց տարեկան էր, տունը կը մաքրէր, աղբիւրէն ջուր կը բերէր ու դրացի Շողերին հետ տուն-տունիկ կը խաղար, քաղաքէն նուէր ստացած անոր տիկնիկով կը հիանար ու գաղտագողի կը շոյէր անոր ոսկի մազերը:
Հօրմէ, ինչպէս նաեւ միւս այրերէն լուրեր չկային, փսփսուքներ կը շրջէին, թէ հայ զինուորները կայսրութիւնը՝ հայրենիքը պաշտպանող զինուորներ չէին համարուեր, այլ ստրուկներ:
Օր մըն ալ գիւղը շրջապատուեցաւ ոստիկաններով, ձիուն վրայ նստած ոստիկանապետը հրամաններ կ’արձակէր: Տիրեց խուճապ, հրամայեցին դուրս գալ տուներէն: Մայրը տունը գտնուած հացը դրաւ կապոցին մէջ, ամուսնութեան մատանին ու ոսկի հաստ շղթան փաթթեց լաթի մը մէջ ու անհետացուց հաստ գօտիին ծալքերուն մէջ:
Եղբայրը պատանիներու թափօրով այլ ուղղութեամբ ճամբեցին, իրենք կիներու, ծերերու եւ երեխաներու թափօրին հետ ճամբայ ելան չիմանալով դէպի ուր: Շուտով իրենց միացան մօտակայ գիւղերու թափօրները, հասան քոյրերն ալ: Անյայտ էր իրենց ճակատագիրը:
Գիշերը հրամայեցին բաց դաշտի մէջ կանգ առնել ու հանգստանալ: Յանկարծ աղմուկ, աղաղակ, իրարանցում… նորահարս քոյրը յափշտակած էին: Մայրը ողբաց, որբուկը ամուր փաթթուեցաւ փոքրիկներուն: Լուսածագին մայրը հաց բաժնեց իրենց. շուտով հրամայեցին քալել, փոքրիկները անկարող էին, մայրը գրկեց փոքրը, քոյրը մեծը: Յաջորդ գիշեր միւս քոյրն ալ յափշտակեցին: Քրոջը փոքր, երեք տարեկան աղջնակը մնաց արտի եզրին կրծելով հացի կտորը, տղան մօր գիրկն էր:
Շողերը մօտեցաւ, սիրելի պուպրիկը կախուած էր ձեռքէն, փոշոտ, փայլուն աչուկներուն ու վարդագոյն այտերուն հմայքը կորսնցուցած, ոսկի մազերը գզգզած:
-Գիտեմ կը սիրես պուպրիկս, ա՛ռ… միայն կտոր մը հաց:
Մայրը կապոցին մէջ մնացած հացի փշուրներէն տուաւ Շողերին, իսկ  որբուկը իրեն երկարած պուպրիկը չվերցուց:
Ու քալեցին, քալեցին…
Կարաւանը աստիճանաբար կը նօսրանար, Շողերը չկար, քրոջը փոքրիկն ալ անհետացած էր։ Որբուկը չհամարձակեցաւ հարցնել մօրը, թէ ո՞ւր մնաց փոքրիկը, ամուր պլլուեցաւ անոր փէշին ու քալեցին անբաժան:
– Անօթի եմ,- շշնչաց գիշերը փարելով մօրը:
– Աստուած մեծ է, ձա՛գս, դուն մնացիր մեր ընտանիքէն… մայրը խաչակնքեց, ձայնը կը դողար:
Առաւօտեան նկատեցին, որ մօտ են վրաններու աւանի մը, ոստիկանները թոյլ տուին, որ երթան ուտելիք ճարեն: Մայրը ճարպիկ կին էր, մօտեցաւ վրանէ մը դուրս եկող տարեց կնոջ մը, ձեռքի շարժումներով հասկցուց, որ անօթի ու ծարաւ են.. որբուկը չհասկցաւ, թէ ինչպէ՛ս մօր մատին յայտնուեցաւ մատանին ու մայրը շողացուց զայն տարեց կնոջ աչքին առջեւ: Կինը տարաւ զիրենք վրանին խորքը, հաց, մածուն ու ջուր տուաւ:
Մնացին այդ պատուիններու ծառայութեան մէջ, ովասիսէ-ովասիս փոխադրուելով: Որբուկը կոչեցին Մունայիր, մայրը՝ «Ում Մունայիր»:
 Տարեց կինը, որ նեցուկ էր իրենց, մահացաւ, իսկ մայրը անկարող էր առաջուայ նման աշխոյժ աշխատելու: Տարեց կնոջ հարսը, պատաուի Սալման, որ ստանձնած էր մեծ ընտանիքը տնօրինելու ղեկը, դժգոհ էր «Ում Մունայիր»-ի անպէտք ներկայութենէն, Մունայիր ջանք չէր խնայեր անոր փոխարէն տանիլու վրանաբնակի ծանր աշխատանքը: Մայրը ճարահատ տարիներ գօտիին մէջ աղջկան որպէս օժիտ պահած շղթան յանձնեց պատաուի Սալմային, անոր աչքերը փայլեցան, դարձաւ սիրալիր:
Յետոյ մայրը լուռ ու մունջ մահացաւ. մինակ մնալու ցաւը մեծ էր:
Սպիտակ մորթով, գեղեցիկ որբուկը կը հասուննար, Սալմա նկատեր էր, երրորդ որդին՝ որուն համար իր քրոջ աղջիկը ընտրած էր հարսիկ, անտարբեր չէր Մունայիրի հանդէպ:
Ան համոզեց ամուսինը, թէ աղջնակը կարելի էր կլորիկ գումարի դիմաց վաճառել անապատի իշխանին:
Մունայիր այլընտրանք չունէր, պիտի հնազանդէր: Մօրը նման գաղտագողի խաչակնքեց ու շշնջաց «Աստուած մեծ է»: Թէեւ իրեն սորվեցուցած էին «իրական» հաւատքի հետեւորդ դառնալ, ծունկի գալով երկրպագել օրական հինգ անգամ…
Ներքին ձայնը կը յուշէր, որ մայրը կը հետեւէր իրեն:
Ճամբան երկար էր, անապատը անսահման, ուղտը հանդարտ քայլերով կը յառաջանար, Մունայիր չիմացաւ, թէ քանի օր ետք երեւցան հողէ տուները:
Անապատի իշխանը թուխ, հսկայ ու խոժոռ էր, նայուածքը ծանրացաւ աղջնակին վրայ, գլուխով հաւանութեան նշան ըրաւ ու քսակ մը երկարեց պատաուի «հօրեղբայր»-ին, անոր աչքերը փայլեցան ու երկրպագելով, գոհունակութեան բառեր մրմնջելով դուրս եկաւ:
Տասներկու-ամեայ Մունայիր կը դառնար Ունայզայի Ապտուլ Ազիզ իշխանին սեփականութիւնը:
* * *
Հիմք ունենալով ցեղասպանութեան ընթացքին տեղի ունեցած ցաւալի դէպքերը, պատմութիւնները, փորձեցի պատկերացնել Անատոլիայէն մինչեւ Սէուտական Արաբիա Մունայիրի անցած ուղին:
Մունայիր,  Շահիտա, Մուտի եւ հարիւր-հազարաւոր որբուկներ..
Մէկ ու կէս միլիոն զոհեր:
Ցասում, արցունք, կորուսեալ հայրենիք…«Ողբամ Մեռելոց»…
Սգահանդէսներ, տողանցքներ, ճառեր «Կոչեմ ապրողաց»…։
Դար մը գումարած Տասը տարիներ…
 Նոր կորուստներ
 «Յիշել ու պահանջել»։
Այս տասերորդ տարին է, որ Ապրիլ 24-ի օրը կակաչներու փունջը ձեռքիս կը բարձրանամ Ծիծեռնակաբերդ: Կողքիս ստուար խումբ մը պատանիներ, սպիտակ վերնաշապիկներով, վրան հայերէն արձանագրութեամբ, բլբլալով աշխոյժ կը բարձրանային հասնելու անմար կրակին: Հետաքրքրութեամբ ականջ դրի,  ֆրանսերէն կը խօսէին: Եկած էին յատուկ Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին շեմին խոնարհելու.
«Իրենց մեծ-մեծ պապերուն յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու»:
Սա ճոռոմաբանութիւն չէ, ոչ ալ զգացական զեղումներ, ինչպէս իրատեսներ պիտի որակէին, այլ՝
«Ազգային Յիշողութիւն»:
Քալեցի անոնց հետ, լսելով ֆրանսերէն անոնց ճռուողիւնը, չնեղացայ որ հայերէն չեն խօսիր.. անոնք հազարաւոր քիլոմեթրեր կտրած էին հոս հասնելու:
Ճամբու եզրին ծառերը արմատներով ամուր կառչած հողին նոր կանաչցած տերեւները կը ցուցադրէին:
Գարուն է…
Պերճուհի Աւետեան