Հալէպ այլ վաղնջական քաղաքներու նման միշտ ալ ունեցած է որոշ շրջաններ, ուր համախմբուած են արհեստաւորները: Ինչպէս յիշատակելի է Հռոմէական կամ Հելլենեսթիք ժամանակաշրջանէն՝ Իկորայի մօտ գտնուող երկաթագործներու հին շուկան:
Աւելի ուշ արհեստաւորները համախմբուած են՝ քաղաքի պարիսպներուն տակ, կամ պարիսպի դարպասներուն կողքին, ինչպէս՝ հիւսներու շուկան «Պապ ալ-Հատիտ»-ի մուտքին «Քապու ալ-Նաճճարին»: XIV – XV դարաշրջանին, սկսաւ կազմաւորուիլ նոր Հալէպը՝ իր պարիսպներէն դուրս եւ ունեցաւ քանի մը արուարձան, օրինակ՝ «Ալ- Մաշարքա» արեւմուտքը եւ «Ալ- Ճիտէյտէ» Հալէպի հիւսիսը: Հայերը միշտ ալ ունեցած են որոշ ներկայութիւն «Պիլատ աշ-Շամ»-ի մէջ անյիշատակելի ժամանակներէ, որպէս առեւտրական մատակարարներ Եւրոպա-Արեւելք՝ (Հայաստան, Միջագետք եւ «Պիլատ աշ- Շամ») պատմական հանգոյցի վրայ։ Մինչեւ օրերս շարունակուող գաղութի հնագոյն յիշատակութիւնը մեզի կը հասնի 1329 թուականէն, ձեռագիր Աւետարանի մը յիշատակութեամբ եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գոյութեամբ: 1500-ին, հալէպահայ մեծատուն Ռեյիս Իսա կը կառուցէ «դարպաս թագաւորական»-ը, որպէս հիւրատուն, եկեղեցւոյ կողքին, առաւել Ս. Քառասնից Մանկանց մատուռը, ինչ որ կը վկայէ Մովսէս վրդ.-ին ընկերացող ուխտագնացի մը ձգած չափածոյ ձեռագրութիւնը:
XVI – XVII դարաշրջանին, Հալէպ կը դառնայ Օսմանեան Կայսրութեան 3-րդ քաղաքը Կ. Պոլսէն եւ Գահիրէէն ետք՝ իր առեւտրական համբաւով եւ միջազգային կապերով: Կ’ուրուագծուի մետաքսի միջազգային ուղին, շնորհիւ հայ վաճառականներուն, որոնք ընդհանրապէս արեւելեան շրջաններէն էին (դուրսէն եկուորներ) եւ ճանչցուած էին որպէս կարաւանապետներ, միջնորդներ եւ ներմուծող ու արտածողներ՝ գիւղատնտեսական, արհեստագործական եւ եւրոպական արդիւնաբերական մթերքներու, ապրանքներու եւ մետաքսի, շնորհիւ իրենց լայնածաւալ կապերուն: Հալէպ կը դառնայ այլազան ժողովուրդներու խառնարան: Կը ստեղծուին աւելի նպաստաւոր պայմաններ, հայ բնակչութեան թուաքանակը կը հասնի աւելի պատկառելի թիւերու: Տեղաբնակ հայեր ընդհանրապէս կ’ըլլան խոշոր առեւտրականներ կամ արհեստաւորներ: Հայ վարպետներու մենաշնորհը կը հանդիսանան շատ մը արհեստներ, ինչպէս՝ ոսկերչութիւնը, ակնագործութիւնը, ջուլհակութիւնը, խաղախորդութիւնը, կօշկակարութիւնը եւ դերձակութիւնը:
Հետաքրքրական է իմանալ «Ճէզիէի» տոմարական արձանագրութիւններէն, որ 19-րդ դարու սեմին Հալէպ գտնուած են՝
– 101 հայ կարաւանապետներ, որոնցմէ 98-ը եկուորներ են:
– 130 տեղացի հայ վաճառականներ եւ 23 եկուոր հայ առեւտրականներ:
XVI-XVII ժամանակաշրջանին կը սկսի ձեւաւորուիլ արհեստաւորական նոր տարածք մը, որ կ’ընդգրկէ «Պապ ալ-Հատիտ»-ի եւ «Պապ ալ- Նասըր»-ի դարպասներու հիւսիսային ճակատէն մինչեւ «Քասթալ Հարամի» եւ «Ճիտէյտէ»-ի արուարձան: Շրջանին մէջ կը համախմբուին «ղարիպ»-ները եւ պանդուխտները, եւ կը ճանչցուի, որպէս «Թրապ ալ- Ղուրապա»: Այս տարածքի գրեթէ բոլոր բնակարաններուն մէջ կը գործէին՝ ջուլհակագործի, մետաքսագործի եւ կտաւագործի թեզկեահները. նոյն տարածքին մէջ գտնուած են նաեւ ներկարարներու եւ կօշկակարներու աշխատանոցները եւ քաղաքին ծառայող «քայսարի»-ներու մեծամասնութիւնը:
Պանդուխտ արհեստաւորները կը գործէին աւելի թոյլատու պայմաններով, սակայն գոյութիւն ունէին նաեւ որոշ սահմանափակումներ. արգիլուած էր սեփական խանութ ունենալ, ինչ որ կը բացատրէր թէ ինչո՛ւ 252 խանութպաններու շարքին չի յիշատակուիր նոյնիսկ մէկ օտարական անուն: Քաղաքին բարենպաստ վիճակը եւ աշխատանքի եռուզեռը կը քաջալերեն հայ շինականը, որ թողու իր հայրենիքը եւ պանդխտութեան ցուպը ձեռքին հասնի Հալէպ, «ղարիպանայ» տարի մը, երկու, ապա վերադառնալով հայրենիք թիկունք կ’անգնի ընտանիքին: Եւ «Ճէզիէի» տոմարական արձանագրութիւններէն կ’իմանանք թէ՝ 19-րդ դարուն Հալէպի մէջ օտար պանդուխտներու 90%-ը եղած են հայեր:
XVIII դարուն Հալէպ կը հասնէին հայկական տարբեր բնակավայրերէ, ինչպէս՝ Ակնէն, Էրզրումէն, Արաբկիրէն, Չմշկածագէն, Ուրֆայէն, Տիգրանակերտէն, Սասունէն եւ այլ վայրերէ հայ պանդուխտներ, որոնք մեծ զրկանքներով, վատ պայմաններով ու խիստ խնայողութիւններով տարի մը երկու կ’աշխատէին ու կը վերադառնային հայրենիք կամ համակերպելով նոր պայմաններուն կը դառնային տեղաբնակներ: Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ նուիրաբերուած ձեռագրերը, եկեղեցական սպասները, տապանագիր արձանագրութիւնները յստակ պատկերացում մը կու տան Հալէպ հասած հայորդիներու բնակավայրերուն, տնտեսական դիրքին, զբաղումներուն եւ արհեստներուն մասին: Հալէպի հայկական գաղթօճախը կը կազմէ Սիսի Կաթողիկոսութեան մեծագոյն թեմը: Ընդհանրապէս պանդուխտ գաղթականները նկատելի թիւ կը կազմէին՝ համեմատաբար տեղացի հայերուն: Անոնք կը զբաղէին արհեստներով եւ ծառայողական աշխատանքներով:
Սասունցիները մեծամասնութեամբ հացագործ, փռապան եւ ջաղացպաններ էին՝
– 114 հացագործներէն 71-ը պանդուխտ սասունցիներ, իսկ 35-ը տեղացի հայեր էին:
– 46 փռապաններէն 36-ը պանդուխտ սասունցիներ, 4-ը տեղացի հայեր էին:
– 5 ջաղացպաններէն 4-ը պանդուխտ սասունցիներ էին:
Արաբկիրցիները եղած են ծառայողներ՝ ինչպէս օտապաշիներ (սենեկապան), բեռնակիրներ եւ մեծատուներու մօտ խոհարարներ, գտնուած են նաեւ դերձակներ: 250 արաբկիրցիներու 27-ը եղած է ծառայող, 21-ը օտապաշի, իսկ 104-ը բեռնակիր:
Պանդուխտներուն մէջ գտնուած են նաեւ ներկարար, մուշտակագործ, դերձակ, սափրիչ, ժամագործ եւ զինագործ. մասնաւորաբար ներկարարութիւնը եւ ներկի առեւտուրը եղած են այնթապցիներուն եւ մարաշցիներուն մենաշնորհները. իսկ կօշկակարութիւնը եւ կաշեգործութիւնը տիգրանակերտցիներուն մենաշնորհները:
XIX-րդ դարու մայրամուտին արհեստաւորական շրջանը կ’ընդգրկէ նաեւ «Ալ-Խանտաք»-ի ուղեգիծը, «Պապ ալ-Հատիտ»-ի դարպասէն մինչեւ «Պապ ալ-Ֆարաճ» երկարող նորակառոյց ուղին: Հոն կ’երեւին նոր արհեստաւորներ, ինչպէս՝ խարատներ, սայլագործներ, ձուլագործներ, եւ քանի որ «Հալէպ ղարիպի աշխարհ» էր, այնտեղ կը հաստատուին եւրոպական սառի գործարաններ, հողմաշարժ ջրհան սարքեր պատրաստող աշխատանոցներ, առեւտրականներու եւ քաղաք այցելողներու հիւրանոցներ եւ այլազան արհեստանոցներ: Կը կազմուի «Սուք ալ-Նահհասին»-ը, սակայն ան հայ պղնձագործներու շուկան ըլլալէ առաջ, եղած է հայ ոսկերիչներու աշխատանոցներու հաւաքավայր, ուր աշխատած են 45 վարպետ հայ ոսկերիչներ միատեղ (համաձայն Ռուբէն Պարսումեանի հաւաքած տեղեկութիւններուն):
Կը կազմուի «Պաուապէթ ալ-Քասապ»-ի անկիւնը, որպէս արհեստաւորական հաւաքավայր մահճակալագործներու եւ ապա հաւաքավայր վառարանագործներու, որոնք նոյնպէս հայ վարպետներ կ’ըլլան:
Վերջապէս XX-րդ դարու արգասիքը կը կազմէ քաղաքի արագ ծաւալումը, կը կազմուին մօտակայ եւ հեռաւոր արուարձաններ, ինչպէս՝ «Պապ ալ-Ֆարաճ»-ի հրապարակը եւ արհեստաւորական նորակազմ առաջին տարածքը, որպէս մեքանիք արհեստաւորներու կեդրոն:
«Պապ ալ-Ֆարաճ» հրապարակի կողքին, «Պուսթան Քլապ»-ի արհեստաւորական աշխոյժ շրջանը մեծամասնութեամբ հայ արհեստաւորներով համախմբուած կ’ըլլայ: «Պուսթան Քլապ» կը դառնայ Սուրիոյ XX-րդ դարու ճարտարարուեստի զարգացման հիմնաքարերէն մէկը. մասնաւորաբար «Պուսթան Քլապ»-ի «կարաժ»-ներուն մէջ իրագործուած մեքանիք աշխատանքներով՝ սկսեալ եւրոպական ինքնաշարժներու կատարելագործուած նորոգութեամբ, ինքնաշարժներու եւ գործարաններու մասերու վերարտադրումով, սայլերու ու զանազան պահանջքի կառքերու պատրաստութեամբ, նկարչական սարքերու կազմով, սայլակի վրայ կազաջուր (կազոզ) արտադրող սարքով, արհեստական ոտքերու պատրաստութեամբ, որ 1915-ի ցեղասպանութեան հայ աղէտեալներուն որքա՜ն անհրաժեշտ էր եւ այլ ու այլ պիտանի արհեստներով:
Աղբիւրներ
– Հալէպի Հայ Գաղթօճախի պատմութենէն, Վարդի Քէշիշեան
– Անձնական հաւաքածոյ, ճրտգ. Կարպիս Մինասեան
– Գեղարդ Տարեգիրք, տոքթ. Ռ. Ճէպէճեան
Ճրտգ. Կարպիս Մինասեան