2025-ը «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի» հռչակելու
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին քայլը կոչ է վերաշեշտելու աւանդութեան առանցքային կարեւորութիւնը հայ կեանքէն ներս։
Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 28 Մայիս 2025-ի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, ՍՕԽ-ի «Արցախ» Մասնաճիւղի վարչութիւնը ուխտագնացութիւն մը կազմակերպեց Գամիշլիի արուարձաններէն` Մըհարգան գիւղի Ասորի ուղղափառ համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ այգիին մէջ։
Ուխտագնացութեան ներկայ էին Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան եւ ՍՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ Թամար Շահինեան-Յովհաննէսեան։
Նկատի ունենալով որ անցեալին` Գամիշլիի հայութիւնը Համբարձման եւ Մայիս 28-ի տօները պարտիզագնացութեամբ, եգերով եւ պարերով կը յիշատակէր, ուստի, այս տարի եւս զոյգ տօներու յիշատակումը կատարուեցաւ ուխտագնացութեամբ։
Հրաշափառ Յարութեան տօնէն 40 օրեր ետք կը հնչէ Աստուծոյ Փրկագործութեան խորհուրդի լրման ղօղանջը։ Հայ ժողովուրդը համբարձման տօնը կը կոչէ նաեւ «վիճակ» կամ«Ջան Կիւլում», որ կը նշանակէ «իմ վարդ»։
Մինչ 28 Մայիսի հերոսական ճակատամարտերով հայ ժողովուրդը յաղթեց մահուան եւ որպէս փիւնիկ վերակենդանացաւ մոխիրէն։ Ղօղանչեցին ազատութեան զանգերը։ 28 Մայիսը մեր գոյութեան խորհուրդն է եւ լինելութեան երաշխիքը, ինչ որ Մայիսը տուաւ մեզի իբրեւ անկրկնելի յաղթանակ ոչ մէկ Նոյեմբեր կրնայ խլել հայ ժողովուրդէն եւ հայոց պատմութենէն։
Հոգեշնորհ հայր սուրբը եւ Արժ. Տ.Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանը Անդաստանի արարողութիւնը կատարեցին եկեղեցւոյ շրջափակը, այնուհետեւ Աստուածամօր շարականներու երգեցողութիւնը կատարուեցաւ՝ ներկայ ժողովուրդի մասնակցութեամբ։
ՍՕԽ-ի խաչուհիները Համբարձման վիճակի քառեակները կոկիկ փաթթուած թուղթերով բաշխեցին ներկաներուն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն։
Ազգային երգերով խանդավառ եւ ուրախ մթնոլորտ ստեղծեցին գաղութի սիրուած երգիչ Ատուր Ադամեան եւ երաժիշտ Քրիստ Միքայէլեան։
Երեկոն բացառիկ էր իր կազմակերպուածութեամբ, յայտագրով եւ հիւրասիրութեամբ, շնորհիւ ՍՕԽ-ի «Արցախ» Մասնաճիւղի խաչուհիներուն։
Եռագոյն դրօշները պատրաստած էր ՍՕԽ-ի Աշխատանոցը։ Դրօշները մեծերու եւ փոքրերու ձեռամբ կը ծածանէին՝ յայտարարելով հայուն աննկուն կամքը, խիզախ ոգին եւ աննահանջ երթը դէպի հայութեան մեծ երազը՝ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն