ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆ
ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է
ԿՐԵԼ ԱՐԵՒԱՅԻՆ ԱԿՆՈՑ
Արեւային ակնոց կրելը շատ օգտակար է, քանի որ ան կը պաշտպանէ աչքերը վնասակար անդրմանիշակագոյն (UV) ճառագայթներէն, կը նուազեցնէ աչքերու պրկումը, հետեւաբար կը կանխէ գլխու ցաւը եւ կանուխ ծերացումը։
Արեւային ակնոցը կը պաշտպանէ մաշկը, որովհետեւ կը կանխէ աչքերու շուրջ գտնուող մաշկին ծերացումը եւ կնճիռներու յառաջացումը։
2025-ի ամռան արեւային նորաձեւ ակնոցները կը յատկանշուին հետեւեալներով.
-Մեծ շրջանակներ՝ 70-ականներու ոճով, ընդգծուած եւ արտայայտիչ ձեւեր։
-Գունաւոր ապակիներ՝ վարդագոյն, կապոյտ, դեղին, նարնջագոյն։
-Նորարական ձեւեր՝ անկանոն եւ իւրայատուկ ձեւաւորումներ։ Օրինակ՝ քառակուսի կիսաթափանցիկ ապակիով, կամ եռանկիւնաձեւ ակնոց։
-Մետաղեայ շրջանակներ՝ նուրբ եւ կանացի տեսք ապահովելու համար։
-Մարզական եւ դասական համադրութիւններ՝ յարմարաւէտ եւ նորաձեւ։
ՏԵՍԱԲԱՆԱԿԱՆ
ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԱՐԴՈՒ
ԵՒ ԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
Մարդկային խումբերը կը կազմուին երկու ձեւով՝
Ա.- Բնական, որոնք պատճառով մը կամ կենցաղով կը միանան իրար, օրինակ՝ ընտանիքը, ընկերային եւ թաղային խումբերը:
Բ.- Կանխամտածուած, որոնք որոշ նպատակներով կը միանան իրար. օրինակ՝ դպրոցական եւ միութենական խումբերը:
Խումբ մը ունենալու համար էական պայման է անոր անդամներուն թիւը, տարիքը, իրարու հետ յարաբերելու կարողութիւնը եւ խումբին նպատակը:
Խումբին տեսակը գիտնալէ ետք, պէտք է գիտնալ նաեւ անոր ուժը. այդ ուժը մէկը միւսին ընդունելու կամ մերժելու, արհամարհելու, ծաղրանքի ենթարկելու, կամ խրախուսելու եւ ձիրքերը բացայայտելու ուժն է: Բոլոր խումբերն ալ կ’ունենան նաեւ իրենց ենթախումբերը, օրինակ՝ ընտանիքին հայրն ու մայրը կը կազմեն ենթախումբ մը: Ենթախումբերը կարեւոր մասնիկներն են խումբին եւ կը ծառայեն խումբի աշխատանքներու բարելաւման եւ յառաջացումին: Սակայն անոնք վտանգաւոր կը դառնան, երբ խումբէն անջատուելով կը գործեն անկախաբար։
Անհրաժեշտ Միջոցներ՝ Խումբի Անդամներու Փոխադարձ Հասկացողութեան Համար
Մտիկ Ընել։ Մարդիկ երբ մտիկ չեն ըներ իրարու, չեն կրնար հասկնալ եւ հասկցուիլ, հետեւաբար պէտք է ուշադրութեամբ ունկնդրել թէ ի՛նչ կ’ըսեն, ինչպէ՛ս կ’ըսեն եւ որո՛ւ կ’ըսեն, որովհետեւ մեր առօրեայ կեանքին մէջ այլոց կ’ունկնդրենք մեր մտածելակերպէն եւ հետաքրքրութիւններէն մղուած, սակայն խմբային կեանքին մէջ իւրաքանչիւր անհատ պարտաւոր է անկեղծութեամբ եւ համբերութեամբ ունկնդրել դիմացինին ըսածը:
Դիտել։ Ինչպէս ունկնդրելը, նոյնպէս ալ դիտելը կարեւոր է, այս պարագային պէտք է ուշադրութիւն դարձնել ենթակայի շարժուձեւերուն եւ դէմքի արտայայտութիւններուն: Պատանիներ կամ նոյնիսկ հասուն մարդիկ, որոնց մտային պաշարը սահմանափակ է եւ դիւրութիւն չունին խօսելով արտայայտուելու, կրնան հասկցուիլ արտաքին շարժուձեւերով՝ ձեռքի շարժումներ, աչքի եւ կոպերու շարժումներ եւ այլն:
Զգալ։ Անշուշտ կարելի չէ ամբողջութեամբ հասկնալ եւ ապրիլ դիմացինին զգացումներն ու անհանգստութիւնները, բայց շուրջիններուն ցաւերը հասկնալով եւ անոնց մօտենալով դիմացինին զգալու մեր կարողութիւնը կը զարգանայ եւ մենք մասամբ կը յաջողինք թափանցել անոր ներաշխարհը:
Օսքար Ուայլտ կ’ըսէ. «Տառապանքը իսկական յայտնութիւն մըն է: Եթէ տառապած ես, կը թափանցես հարցերու մէջ այնպէս մը, որ այլապէս բնաւ չէիր կրցած, տեսանկիւններդ կը փոխուին. ինչ որ բնազդաբար պղտոր կը տեսնէիր, կատարեալ յստակութեամբ եւ ըմբռնումով կը սկսիս ընկալել»: