ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

-Սուրիոյ պասքեթի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական քառեակ հասան Հալէպի Ահլին եւ Ճալաաը, Դամասկոսի Ուահտէն եւ Հոմսի Քարամէն: Քարամէն աւարտական փուլ հասաւ՝ երկու անգամ պարտութեան մատնելով ՀՄԸՄ-ը եւ Ահլին, ապա յաջողեցաւ երկու անգամ պարտութեան մատնել Ճէյշը։ Դամասկոսի Ուահտէն զոյգ առիթներով յաղթեց Հուրիէին, իսկ միակ խումբերը, որոնք հանդիպեցան երեք անգամ Ճալաան ու  Նաուաաիրն էին։ Անոնց մրցումները աւարտեցան 2 -1 արդիւնքով՝ ի նպաստ Ճալաաի:
-Սուրիոյ պասքեթի դաշնութիւնը հրապարակեց աւարտական քառեակի ներկայ փուլի մրցումներու ցուցակը, ուր Հալէպի Ահլին մրցակից պիտի ունենայ Հոմսի Քարամէն, իսկ Ճալաաի մրցակիցը պիտի ըլլայ Դամասկոսի Ուահտէն:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ 5 – 2
ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ԶԻՋԵՑԱՒ ՔՈՍՈՎՈՅԻՆ
Հայաստանի ազգային հաւաքականը 2025 թուականի առաջին ընկերական խաղը կատարելով 5 – 2 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ հիւրընկալ Քոսովոյէն: Հանդիպման ընթացքին Նաիր Թիկնիզեանի հարուածէն ետք,  քոսովոցիներու դարպասապահ Ամիր Սաիփի Քոսովոյի դարպասը հմտութեամբ պաշտպանեց, որմէ ետք մէկ տուգանային հարուածով Էտուարտ Սպերցեան կրկնապատկեց Հայաստանի արդիւնքը: Հիւրընկալ կազմը դասաւորելով իր խաղարկութեան ընթացքը, տիրապետեց անոր եւ հերթական հինգ կոլերով ցնցեց Հայաստանի հաւաքականի դարպասը։ Կոլերու հեղինակներն էին՝ Մերկիմ Վոյվոտա, Լումպարտ Տելլովա, Լինտըն Էմերլահու եւ Ալպիոն Ռահմանի, որ դարձաւ կրկնակի կոլի  հեղինակ։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՓՈՐԹՈՒԿԱԼ ՏԻՐԱՑԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ
ԱԶԳԵՐՈՒ ԼԻԿԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ
Կիրակի երեկոյեան իր աւարտին հասաւ Եւրոպայի ազգերու լիկայի ախոյեանութեան մրցաշարքը, ուր Փորթուկալի հաւաքականը նուաճեց ախոյեանութեան կոչումը, աւարտական մրցումին պարտութեան մատնելով Սպանիոյ հաւաքականը: Հիմնական ժամանակը աւարտեցաւ 2 – 2 հաւասարութեամբ, որմէ ետք զոյգ կազմերը դիմեցին 11 մեթրի հարուածներու։ Փորթուկալ կրցաւ յաջողութեամբ դարպաս ուղղել բոլոր հարուածները, իսկ Սպանիոյ խմբապետ Մորաթա չյաջողեցաւ թիրախին ուղղել վերջին մէկ հարուածը: Աւելցնենք, որ այս երկրորդ անգամ ըլլալով Փորթուկալ ձեռք կը ձգէ Եւրոպայի ազգերու լիկայի կոչումը: