ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՃԵՆՆԵՐՈ ԿԱԹԻՒՍՈ ԳԼԽԱՒՈՐԵՑ ԻՏԱԼԻՈՅ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ
Իտալիոյ ֆութպոլի դաշնութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց որ  ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը վստահած է 47-ամեայ իտալացի Ճեններո Կաթիւսոյին: Շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ 19 Յունիսին։ Իտալիոյ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը նախապէս վստահուած էր Լուչանո Սբալլեթիի, որ հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն: 5 Յունիսին, Կաթիւսո հեռացուած էր խրուաթական «Հայդուկ»-ի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն։ Կաթիւսո մարզիչական ասպարէզ մուտք գործած է 2013-ին, գլխաւորած է նաեւ զուիցերական «Սիոն»-ը, իտալական «Պալերմո»-ն, «Միլան»-ը, «Նափոլի»-ն, սպանական «Վալենսիա»-ն եւ Մարսէլի «Օլիմփիկ»-ը:
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՆՈՐԵԿ ԽԱՂԱՑՈՂԻՆ ԱՆՈՒՆԸ
Սպանիոյ մայրաքաղաք Ռէալ Մատրիտի պատասխանատուները յայտարարեցին Արժանթինի  «Ռիվըր Փլէյթ»-ի եւ աշխարհի ախոյեան Արժանթինի հաւաքականի 17-ամեայ յարձակող Ֆրանքո Մասթանթուօնոյի իրենց խումբին միանալը: Ան Արքայական խումբին պիտի  միանայ աշխարհի ակումբային առաջնութեան մրցումը աւարտելէ (13 Յուլիս) ետք։ Փոխադրութեան գումարը հաստատուած  է 63,2 միլիոն եւրո։ Ֆրանքո Մասթանթուօնո «Ռիվըր Փլէյթ»-ին հետ մաս կազմած է 61 հանդիպումի, նշանակած է 10 կոլ եւ կատարած 7 կոլային փոխանցում:
ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ԱՌՆՈԼՏ 6 ՏԱՐՈՒԱՆ 
ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ

Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտը  6 տարուան պայմանագրութիւն ստորագրեց Անգլիոյ հաւաքականի պաշտպան  Ալեքսանտր Առնոլտի հետ։ Անոր ներկայացման համար տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն մը: Անգլիոյ ախոյեան Լիվըրփուլէն ազատ գործակալի կարգավիճակով հեռացած Դրենդ Ալեքսանտր Առնոլտ Ռէալին հետ  հանդէս պիտի գայ 12 թիւը կրող խաղաշապիկով։ Transfermarket-ի որոշումով,  26-ամեայ ֆութպոլիստի փոխադրութեան  արժէքը  75 միլիոն եւրո է:

ԹՈՄԱՍ ՖՐԱՆՔ՝ ԹՈԹԵՆՀԱՄԻ ՆՈՐ ՄԱՐԶԻՉ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ 
Անգլիական Թոթենհամ իր պաշտօնական կայքէջով յայտարարեց Թոմաս Ֆրանքի՝ լոնտոնեան խումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին նշանակումը: «51-ամեայ մարզիչը պայմանագրութիւն ստորագրեց՝  մինչեւ 2028 այս պաշտօնը զբաղեցնելու համար: Թոմաս ունի խաղացողներու եւ խումբերու զարգացման ապացուցուած փորձ: Մենք անհամբեր կը սպասենք գալիք մրցաշրջանին զինք տեսնելու խումբը գլխաւորելու դիրքին մէջ», գրուած էր Թոթենհամի յայտարարութեան մէջ: Ֆրանքի նախկին աշխատավայրը անգլիական «Պրենդֆըրտ» ակումբն էր, որ  Անգլիոյ Փրեմիէր Լիկի նախորդ մրցաշարջանին գրաւեց 10-րդ դիրքը: