Շաբաթ, 26 Յուլիս 2025-ի երեկոյեան լիբանանահայութիւնը իր յարգանքի տուրքը մատուցեց 42 տարի առաջ իրենց եսը մոռցած եւ իրենց ամէնէն թանկագինը` կեանքը ազգին ու Հայ դատին նուիրաբերած հերոս տղոց` Սիմոնի, Սագոյի, Վաչէի, Արայի եւ Սեդրակի, որոնցմէ մեզի հասած պատգամը միշտ հնչող պիտի մնայ, իսկ անոնց վեհ նուիրումն ու հայութեան բագինին զոհաբերութիւնը անմար ջահի նման պիտի շարունակէ լուսաւորել յաջորդ սերունդներուն ուղին:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ Լիզպոնի տղոց նուիրուած յիշատակի երեկոն սկսաւ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, երբ հարիւրաւոր պատանիներ եւ երիտասարդներ, հայորդիներ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին առջեւէն ջահերթով ուղղուեցան դէպի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր անոնց միացան նոյն նպատակին համար հոն գտնուող մեծաթիւ հայորդիներ եւ միասնաբար ծաղիկներ զետեղեցին ու մոմեր վառեցին անոնց շիրիմին վրայ:

Լիզպոնի հերոսներու դամբարանին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անունով բացման խօսքը արտասանեց Միրէյ Ժըմմօ, որ շեշտեց, թէ նման ոգեկոչումներ ոչ միայն կը միտին յիշել հինգ հերոս տղաքը, այլ յիշեցնել եւ մեր էութեան մէջ ամրապնդել անոնց միտքերը, խօսքերը, զգացումները եւ Հայ դատի պայքարին համար իրենց զոհողութեան գերմարդկային արարքը: Ան դիտել տուաւ, որ երազներ ունեցող եւ կեանքը սիրող այդ երիտասարդները լեցուն էին այնքան մեծ հաւատքով, որ կրցան խօսքը վերածել գործի` յանուն հայրենիքին, ազգայինին եւ հայրենասիրութեան: «Անոնք Լիզպոնէն աշխարհին յայտնեցին, որ հայ երիտասարդը չի մոռնար իր անցեալը, չի լռեր հայրենիքի տառապանքին դիմաց եւ երբեք չի հեռանար արդարութեան ուղիէն: Լիզպոն հինգի յիշատակին պահպանումը եւ յաւերժացումը ծանր, դժուար եւ նոյնիսկ յուզող պարտք է մեր ուսերուն վրայ», ըսաւ ան:

Ռիթա Սալլում ասմունքեց Միքայէլ Նալպանտեանի «Ազատութիւն»-ը:

Ապա ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը` Լիզպոնի հինգ տղոց ու անոնց հերոսութեան մասին:

Օրուան պատգամը ուղղեց Շանթ Յարութիւնեան, որ նշեց, թէ Լիզպոնի հինգ խոնարհ տղաքը` Սիմոն Եահնիեան, Սեդրակ Աճէմեան, Արա Քըրճըլեան, Սարգիս Աբրահամեան ու Վաչէ Տաղլեան 42 տարի առաջ վճռակամ քայլով մը նուաճեցին հերոսութեան բարձունքը` նոր էջ մը բանալով հայ ժողովուրդի պահանջատիրական երթին մէջ:

Ան հաստատեց, որ հինգ տղաքը ճզմեցին իրենց «ես»-ը, մերժեցին նիւթապաշտութիւնը, շահամոլութիւնը, անձնական յաջողութիւնը, յաղթեցին մահուան, որպէսզի պատգամ փոխանցեն նախ հայ երիտասարդութեան, ցեղասպան թուրք պետութեան, եւ վերջապէս` անտարբեր լռութեամբ հայկական հարցը պատմութիւն սեպող աշխարհին: Բանախօսը դիտել տուաւ, որ Լիզպոնը դարձաւ կանչ իւրաքանչիւր հայու, ներշնչման աղբիւր պատանիներու եւ երիտասարդներու, սերունդներ դաստիարակուեցան անոր օրինակով, գաղափարապէս զօրացան եւ մուտք գործեցին պայքարի ճամբան:

Խօսքը երիտասարդութեան ուղղելով` բանախօսը ըսաւ, որ պէտք է Լիզպոնը իւրաքանչիւրին համար դառնայ ոգեղէն ներշնչման եւ պայքարի աղբիւր, ուխտին հաւատարիմ մնալու ուժ ու հաւատամք` ընդարձակելու իրենց շարքերը եւ ներգրաւելու երիտասարդութեան տարբեր խաւերը, նորարարութիւնը օգտագործելու` պահելով ազգայինն ու հիմնականը, Հայ դատը նոր ոճով առաջնորդելու ու յաջողութիւններու ձգտելու յանձնառութիւն ստանձնելու, դէմ դնելու սփիւռքը Հայաստանէն անջատելու բոլոր փորձերուն:

Ապա խումբ մը ԼԵՄ-ականներ ներկայացուցին Լիզպոնի տղոց կենսագրականները:

Աւարտին կատարուեցաւ յուշանուէրներու տուչութիւն: