ՀՅԴ Երիտասարդական-Ուսանողական 12-րդ համահայկական «Պիտի վերադառնանք» խորագիրը կրող բանակումին սուրիահայ խմբակը 43 անդամներով իր մասնակցութիւնը բերաւ։

Հակառակ երկրի ապահովական եւ տնտեսական ծանր պայմաններուն, սուրիահայ երիտասարդներու խանդավառ մասնակցութիւնը կը հաստատէր, որ հայրենիքի հետ երիտասարդներուս կապը ամուր է, իսկ ՀՅԴ բանակումներուն դերը էական՝ գաղափարական մեր հենքը խորացնելու, Հայաստանի, Արցախի եւ համայն աշխարհի ՀՅԴ երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան հետ մեր ընկերական յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ մէկս միւսին ապրած պայմաններուն, մտածելակերպին, տենչերուն եւ ձգտումներուն ծանօթանալու, ազգային տագնապները քննարկելու, լուծումներու մասին խորհդակցելու եւ կարծիքներ փոխանակելու համար։

Տպաւորիչ էր բանակումի բացման արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 15 Յուլիս 2025-ին «Նեմեսիս» յուշարձանին մօտ, ուրկէ երիտասարդները ուղղուեցան դէպի Արամ Մանուկեանի յուշարձան։ Այնտեղ ծաղկեմատոյց կատարուեցաւ։

Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր՝ Ծիծեռնակաբերդ այցելելով վերապրեցանք կարծէք այդ ամբողջ ողբերգութիւնը եւ նահատակներու արեան կանչը լսեցինք. այն կանչը, որ մեզ կը յուշէր տէր կանգնիլ մեր իրաւունքներուն, գոյատեւել ու բազմանալ, զօրանալ ու զօրացնել մեր ազգը, հայրենիքը եւ սփիւռքը։ Երիտասարդներս մեր յարգանքի տուրքը մատուցեցինք եւ հաստատեցինք մեր հաւատարմութիւնը այն նպատակին, որուն համար նահատակուեցան մեր նախնիները։

Բանակումի ընթացքին մեզի ներկայացուած դասախօսութիւնները շահեկան էին, իսկ դասախօսները մեզ կը հրաւիրէին զրուցելու նիւթին շուրջ, կարծիքներ փոխանակելու եւ նիւթը քննարկելու իր տարբեր ուղղութիւններով։

Բանակումի հետաքրքրական կէտերէն մէկն ալ միութիւններու ծանօթացումն էր։ Մենք մեր ընկերներուն ծանօթացուցինք Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան 45-ամեայ գործունէութիւնը եւ ՔՈՄ-ի աշխատանքը։

Եռաբլուրի Զօրաց Պանթէոն մեր այցելութիւնը ցնցեց ողջ էութիւնս։ Արցախի պաշտպանութեան համար երիտասարդ կեանքեր խլուած էին․․․ անոնց պատկերներուն նայելով կարծէք վերամկրտուեցանք որպէս հայ եւ դաշնակցական, զգացինք հողին, հայրենի լեռնաշխարհին ուժը, որ կուտակուած էր այնտեղ հանգչած նահատակներու հոգիներուն մէջ։ Անոնք հայրենիքի համար իրենց ամենաթանկը՝ կեանքը զոհաբերած էին, որպէսզի նոր սերունդները ապրին, ծաղկին ու պայքարի երթը անխափան մնայ։

ՍԵՄ-ականները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին նաեւ Արցախի մէջ նահատակուած իրենց ընկերներուն։

Բանակումի օրակարգը կ՚ընդգրկէր նաեւ մարզանք, խմբային աշխատանք, խրախճանք, կլոր սեղան եւ աւանդական պարերու ուսուցում։ Այս բոլորին կողքին կ՛այցելէինք ուսումնակրթական հաստատութիւններ, գեղատեսիլ վայրեր, ծանօթանալու Հայաստանի բնութեան եւ կեանքին։

Այնքան տպաւորիչ էին ազգային-յեղափոխական երգերու խրախճանքները, երբ բոլորս միասին կ՛երգէինք ու երգելով մեր կարօտը կ՛արտայայտէինք հայրենի հողին, ջուրին, մշակոյթին ու կ՛աղերսուէինք անոնց հետ կարծէք, միասին, իրարու թեւ թիկունք տուած, որպէս զաւակները մէկ ու միասնական ընտանիքի։

Երկշաբաթեայ բանակումը հաւանաբար տասնեակ տարիներու դաստիարակչական ծրագիր կը խտացնէր իր մէջ, մանաւանդ մեզի միացող դասախօս, զրուցավար եւ պատասխանատու մեր ընկերներուն միտքերուն հաղորդակից դարձնելով մեզ ու մեր աշխարհահայեացքը ընդլայնելով։

Բանակումի աւարտին գօտեպնդուած վերադարձանք Սուրիա, աւելի մեծ ընտանիքի մը մաս կազմելու ջերմութիւնն ու պատասխանատուութիւնը զգալով՝ նոր թափով աշխատելու մեր միութիւններէն ներս, յառաջդիմելու մեր ուսման ու գործին մէջ եւ մեր առօրեային անբաժան մասը դարձնելու ազգին ու հայրենիքին ծառայելու գործնական, թէկուզ փոքր, քայլերը։

Վանայ Պարմաքսըզեան