Երկար ճամբորդութենէ ետք վերջապէս տեսայ հայրենիքս: Թէեւ նախապէս այցելած էի, բայց կարծէք ինչքան մեծնամ, հայրենիքիս հանդէպ սէրն ալ կը մեծնայ սրտիս մէջ ու կը սկսիմ տարբեր ձեւով դիտել մեր լեռները, գեղեցիկ բնութիւնը, պատմական կառոյցները, փողոցներու պաստառներուն վրայ հայերէն գրութիւնները, հայ ժողովուրդը։ Ու մտածել մեր ազգին, արմատներուն, տարբեր գաղութներու մէջ ապրող հայերուս նմանութիւններուն, իւրայատկութիւններուն, թերի կողմերուն եւ ընելիքներուն մասին եւ այլն։
Երբ հիւրանոց հասանք, շուտով ժամանեցին տարբեր երկիրներէ մասնակիցներ եւ արդէն սկսանք ծանօթանալ, աւելի ճիշդը՝ փորձեցինք ծանօթանալ, որովհետեւ ո՛չ հայերէն իմացողները զիրար կը հասկնային՝ արեւելահայերէնի-արեւմտահայերէնի տարբերութեան բերումով, ոչ ալ հայերէն չիմացողները։ Հակառակ այս պատկերին, պատասխանատու կազմի անդամները վերջին օրը վկայեցին, որ այս տարուան ֆորումի մասնակիցներս առաջին օրէն իսկ հաճելի եւ ջերմ ընկերային մթնոլորտ մը ստեղծած էինք. մթնոլորտ մը, որ ընդհանրապէս այսպիսի հաւաքներուն յառաջանալու համար օրեր կը պահանջէր: Ժամանակի ընթացքին այնքան մտերիմ ընկերներ ունեցանք, որ ֆորումի աւարտին յուզումով բաժնուեցանք։

Ֆորումի բացման հաւաքին, պատասխանատու Տօնիկ Տօնապետեան բացատրելով ֆորումին նպատակը ըսաւ, որ այս օրերու ընթացքին մասնակիցներու սրտերուն մէջ հայրենասիրութիւնը ճանաչողութեամբ պիտի արմատանայ, յատկապէս երբ կ’այցելենք հայրենիքի պատմական վայրերը, թանգարանները, կը վայելենք բնութեան գեղեցկութիւնը, ներկայ կ’ըլլանք մշակութային երեկոներու, համերգներու, կ’ունկնդրենք դասախօսութիւններ եւ կը ծանօթանանք հայ մշակոյթին ու պատմութեան, ինչպէս նաեւ կը ծանօթանանք Սփիւռքի տարբեր համայնքներէն ժամանած կամ հայաստանաբնակ ուսանող ընկերներու, մեր զրոյցներուն եւ միասին անցուցած առօրեային ընդմէջէն
կը ծանօթանանք մէկս միւսին մտածելակերպին, մեր տարբերութիւններուն եւ նմանութիւններուն եւ այլն:
Ես ապրելով Սփիւռքի ամէնէն աշխոյժ հայ համայնքներէն մէկուն մէջ, առօրեայիս անբաժան մասնիկները դարձուցած եմ հայ մշակոյթն ու հայրենիքս բացատրող գիրքերն ու տեսերիզները։ Երազած եմ տեսնել այն վայրերը, զորս այցելեցինք, ինչպէս Սեւանայ լիճը, Խոր Վիրապը, Արագածը, Դիլիջանը, Գառնիի տաճառը, Ս. Էջմիածինը եւ այլն։
Շատ հետաքրքրական էր այցելել արուեստագէտներու տուն-թանգարանները, ուր ապրած են անոնք եւ ստեղծագործած: Երբ այցելեցինք, զորօրինակ, Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանը, հետաքրքրական էր պահպանուած տեսնել վերջին կտաւը գծելու ընթացքին իր գործածած իւղաներկերը։ Կտաւը մնացած էր այնպէս ինչպէս որ էր: Իր աշխատանոցը ունէր պատուհան մը, որ տան կառուցման օրերուն, իր փափաքով, բացուած էր այնպէս մը, որ իր դիմաց տեսնէր Արարատ լեռը…Հրճուանքս մեծ էր, երբ թոյլ տուին, որ ես ու ընկերս Սարեանին դաշնամուրով հայկական ստեղծագործութիւն մը նուագենք: Հնչող երաժշտութիւնը մեր ներաշխարհէն դուրս կու գար ու այդ պահուն շատ բան կը պատմէր կարծէք…։
Ֆորումի մասնակցելով հարստացան նաեւ աշուղական երաժշտութեան մասին գիտելիքներս, մանաւանդ երբ այցելեցինք «Սայաթ Նովա» աշուղական անսամպլին, որուն ղեկավար Թովմաս Պօղոսեանը մեզ ծանօթացուց հայ աշուղներու կեանքին եւ ստեղծագործութիւններուն: Այնուհետեւ ունկնդրեցինք անսամպլին կատարողութեամբ երգեր, ինչպէս Սայաթ Նովայի «Քամանչա»-ն, տակաւին հետաքրքրականը այն էր, որ ծանօթացանք ժամանակակից աշուղներու եւ ունկնդրեցինք իրենց յօրինած երգերը: Անոնցմէ կ’ուզեմ յիշել աշուղ Մախմուրը, որ 60-ամեայ ստեղծագործ աշուղ հայուհի մըն էր։
Ֆորումականներս անհամբեր կը սպասէինք նաեւ լիբանանահայ երաժիշտ Սերուժ Պաղտասարեանի «Սիմֆոնիք Ֆոլք» համերգին, որ նուիրուած էր ֆորումի 30-ամեակին: Ես եւ սենեկակից ընկերուհիս, թէեւ միշտ ուշացած,հեւ ի հեւ կը հասնէինք օրակարգերուն, սակայն այդ օրը սովորականէն կանուխ պատրաստուեցանք, որպէսզի չըլլայ թէ ուշանանք: Համերգի ընթացքին թէ՛ յուզուեցանք՝ վերյիշելով մեր կորսնցուցած հողերը, զգալով նահատակներու մայրերուն ցաւը, թէ՛ խանդավառուեցանք՝ վերապրելով ֆետայիներուն եռանդը պատերազմի մեկնած պահուն, հաւատքը թէկուզ ուշացող յաղթանակին հանդէպ։ Համերգի աւարտին, բոլորս ձեռք-ձեռքի տալով պարեցինք «Քոչարի»-ն այն յոյսով, որ մեր հայրենիքը կրկին ոտքի պիտի ելլէ, այնքան ատեն որ ստեղծագործ երիտասարդութիւն ունի, իսկ աշխարհի չորս ծագերէն հայեր կու գան ու կը հաստատուին Հայաստան:
Ֆորումի վերջին 3 օրերը անցուցինք Կիւմրի, ուր պատասխանատու կազմը պատրաստած էր հաճելի խաղ մը: Բաժնուեցանք 3 խումբերու, մեզի յանձնարարութիւններ տրուեցան՝ պրպտելու քաղաքը եւ մօտէն ծանօթանալու անոր: Օրինակ. գտնել քաղաքի ամենահին սափրիչը, այցելել ճաշարան մը, ուր կը պատրաստուի Կիւմրիի յատուկ ճաշատեսակ մը, գտնել Կիւմրիի երկրաշարժէն վերապրող մը, որ մեզի պիտի պատմէր իր փորձառութիւնը… շատ հաճելի էր անծանօթ, բայց հիւրընկալ ժողովուրդին օգնութեամբ իրականացնել այդ յանձնարարութիւնները:
Կիւմրիի ամէնէն հաճելի, բայց յուզիչ պահերը ապրեցանք, երբ այցելեցինք արցախցի փոքրիկներուն, որոնք հաւաքուած էին Կիւմրիի Համազգայինի կեդրոնէն ներս՝ ներկայացնելու իրենց ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէսը: Բացման արարողութեան ընթացքին Իւրի անունով մանչուկ մը ներկայացուց տեղահանման եւ հայրենիքի կարօտին մասին ասմունք-թատերգութիւն մը: Այնքան հարազատ ներկայացուց, որ չկրցանք մեր արցունքը զսպել… մօտենալով ծանօթացանք սիրունիկ պատանիներուն ու անոնց գեղեցիկ ձեռայիններուն։ Ուրախ եմ, որ անոնցմէ քանի մը հոգիին
հետ կապեր հաստատեցի ու մինչեւ օրս համացանցի միջոցով կը խօսիմ իրենց հետ:
հետ կապեր հաստատեցի ու մինչեւ օրս համացանցի միջոցով կը խօսիմ իրենց հետ:Եթէ շարունակեմ պատմել մեր այցելած բոլոր վայրերուն եւ հանդիպած մարդոց, դաստիարակչական ծրագրին եւ դասախօսութիւններուն, մեր սորված ազգագրական պարերուն եւ երգերուն մասին, այս յօդուածը կրնայ շա՜տ երկարիլ… բայց կ’ուզեմ ըսել, որ ֆորումի մասնակցած օրերս կեանքիս անմոռանալի բաժինը դարձան: Ֆորումը հասաւ իր նպատակին: Բոլորս կապեր հաստատեցինք աշխարհի տարբեր կողմերէ հայերու հետ, աւելի լաւ ճանչցանք մեր հայրենիքը, մեր մշակոյթը եւ հարստացուցինք մեր գիտելիքները:
Շնորհակալ եմ Համազգայինի Շրջանային եւ Կեդրոնական վարչութիւններուն, որոնք ամէն ջանք կը թափեն յաջողցնելու այս ծրագիրը ու կը ձգտին սփիւռքահայ գաղութներու երիտասարդութիւնը իրազեկ դարձնել հայ մշակոյթին, խանդավառել զինք եւ իր դիմաց զարգացման նոր դռներ բանալ, որպէսզի մեր գիտելիքներով եւ համեստ փորձառութեամբ ծառայենք նաեւ հայ տարբեր համայնքներու մշակութային կեանքին:
Անի Պօղիկեան
