ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԵՂԻՇԷ ՄՈՍԷՍԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ ԱԶԱՏ ՈՃԻ ԸՄԲՇԱՄԱՐՏԻ ՄԻՆՉԵՒ
17 ՏԱՐԵԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ՊՐՈՆԶԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ
Եղիշէ Մոսէսեան (71 քկ. ) ազատ ոճի ըմբշամարտի մինչեւ 17 տարեկաններու աշխարհի առաջնութեան պրոնզէ մետալակիրն է։
Պրոնզի պայքարի ընթացքին հայ մարզիկը յաղթեց ուզպէք ըմբիշ Ֆարուխպէկ Ճումանազարովին։ Մոսէսեան յաղթեց 7-6 հաշիւով։
Այսպիսով հայ ըմբիշներու միակ մետալը պիտի ըլլայ Աթէնքի մրցաշարքին ձեռքբերուածը։

ԾԱՆՐՈՐԴ ԳՐԻԳՈՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ՝ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ՈՍԿԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ
Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարզանքի Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ ընթացող պատանիներու Եւրոպայի առաջնութեան տղոց 84 քկ. ծանրութեան կարգի Հայաստանի հաւաքականի անդամ Գրիգոր Ղազարեան երկամարտի 338 քկ. (148+190 քկ.) արդիւնքով նուաճեց ախոյեանի կոչումը։
Պոկում վարժութեան ընթացքին, հայ ծանրորդը երեք յաջող մօտեցում ցուցաբերեց՝ գլխուն վերեւը պահելով 140 քկ., 145 քկ., 148 քկ. կշռող ծանրաձողեր: Պոկում վարժութեան երրորդ մօտեցումով՝ 148 քկ. , Ղազարեան սահմանած է պատանիներու Եւրոպայի նոր մրցանիշ: Պոկում վարժութեան արդիւնքով հայ ծանրորդը ոսկէ մետալ նուաճեց:
Հրում վարժութեան առաջին մօտեցումով Ղազարեան բարձրացուց 180 քկ. կշռող ծանրաձողը՝ սահմանելով Եւրոպայի նոր մրցանիշ հրում վարժութեան ու երկամարտի մէջ: Ղազարեան թարմացուց նաեւ սեփական մրցանիշը՝ հրում վարժութեան մէջ գլխուն վերեւը պահելով 185 քկ. ու 190 քկ. : Այս ձեւին մէջ եւս ան ոսկէ մետալակիր դարձաւ:
Այս տարուան Մայիսին հայ ծանրորդը հանդէս եկաւ 96 քկ. ծանրութեան կարգին մէջ։ Ան ոսկէ մետալ նուաճած էր Փերուի մայրաքաղաք Լիմայի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի պատանեկան առաջնութեան՝ երկամարտի մէջ ցոյց տալով 330 քկ. (145+185 քկ.) արդիւնք: Առանձին վարժութիւններուն մէջ Ղազարեան արժանացած էր ոսկէ մետալներու:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԻՆԹԸՐ ՄԱՅԱՄԻՆ ՄԵՍՍԻԻՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ
ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ ԱՌԱՋԱՐԿԵՑ

Marca կը հաղորդէ, որ Լիոնէլ Մեսսի պիտի երկարաձգէ իր պայմանագրութիւնը Ինթըր Մայամիի հետ՝ մինչեւ 2028։
Ակումբը կ’առաջարկէ երկարաժամկէտ պայմանագրութիւն՝ իր փափաքած պահուն զայն աւարտելու կարելիութեամբ։ Գործող պայմանագրութիւնը կը լրանայ 2025 թուականի աւարտին։
Մեսսի մտադիր է շարունակել հանդէս գալ Ինթըր Մայամիի հետ՝ տիտղոսներ նուաճելու եւ 2026 թուականի աշխարհի առաջնութեան լաւ մարզավիճակով նախապատրաստուելու։ Կողմերը համաձայն են, որ յարձակողը կը խաղայ այնքան, որքան կը փափաքի եւ կը յաջողի։