Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Կիրակի, 10 Օգոստոս 2025-ին, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին նախորդող Բարեկենդան Ս. Աստուածածինի Պահոց օրը՝ աւանդաբար խաղողօրհնէք կատարուեցաւ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։

Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան զոյգ տօներուն առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եպիսկոպոսական Պատարագ մատուցեց եւ խաղողօրհնէք կատարեց։
Սրբազան Հօր առընթերականերն էին՝ Արժ. Տ. Արշակ Ա. Քհնյ. Ալաճաճեան եւ Արժ. Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւն կատարեց, օրհնելով խաղողի ողկոյզները, այնուհետեւ, իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, բնաբան ունենալով օրուան աստուածաշնչական հատուածը՝ անդամալոյծին բժշկութիւնը (Մր 2.1-12)։
Սրբազան Հայրը Քրիստոսի կատարած հրաշքին ընդմէջէն ուսուցողական քանի մը կէտեր մատնանշեց.-
Ա) Այնպէս ինչպէս Քրիստոս իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին անձնուրացութեամբ եւ զոհողութեամբ ապրեցաւ՝ մարդոց փրկութեան համար, նոյնպէս մենք անհրաժեշտ է, որ մեր կեանքը իմաստաւորենք մեր նմաններուն օգտակար դառնալով։
Բ) Աստուածաշնչական մեկնողական գրականութեան մէջ անդամալոյծին չորս բարեկամները կը խորհրդանշեն չորս աւետարանիչները, որոնք Աւետարանները գրեցին մեղաւոր մարդը Քրիստոսի մօտեցնելու։ Անոնք նաեւ կը խորհրդանշեն եկեղեցին, որ հաւատացեալները ապաշխարութեան հրաւիրելով Քրիստոսի կը մօտեցնէ։ Աւելին, անոնք կը խորհրդանշեն սիրով լեցուած հաւատացեալները, որոնք իրենց հանգիստը անտեսելով՝ իրենց նմաններուն հանգստութեան եւ վերականգնումին համար աշխատանք կը տանին։

Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Քրիստոս բժշկութիւն պարգեւելու համար գործնական հաւատք կը փնտռէ, այլ խօսքով, ան մարդուն հոգին մեղքերէ կը մաքրէ, ապա անոր ֆիզիքական բժշկութիւն կը շնորհէ։
Սրբազան Հայրը այս օրը գեղեցկագոյն առիթը համարեց մեր սրտերը բանալու Տիրոջ առջեւ, խոնարհելու եւ մեր մեղքերուն համար ներում խնդրելու, չորս բարեկամներուն նման աշխատանք տանելով մեր նմաններուն հանգստութեան համար։ Ան Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցելով, աղօթեց, որ Տէրը մեր հոգիները մաքրէ եւ մեզ աստուածային շնորհքով լեցնէ, որպէսզի բարիք եւ օրհնութիւն դառնանք մեր շրջապատին։

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, խաղողօրհնէք կատարեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, խաղողօրհնէք կատարեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան:

Այս առիթով, եկեղեցիներու Տիկնաց յանձնախումբերը օրհնուած խաղողի ողկոյզներ բաժնեցին ժողովուրդի զաւակներուն: