Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի 2024-2025 ուսումնակրթական տարեշրջանը իր լրումին հասաւ Թ․ եւ ԺԲ․ կարգերու վկայականաց բաշխման հանդէսով, որ տեղի ունեցաւ բարձր հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Շաբաթ, 9 Օգոստոս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան «Զ. Գաբրիէլեան» սրահէն ներս:
Կրթասիրացէն շրջանաւարտ դարձան Թ․ կարգի 20-րդ եւ ԺԲ. կարգի 17-րդ հունձքերը:
Նկատի ունենալով, որ այս տարի կը զուգադիպի մեծանուն գրող Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 150-ամեակին, ԺԲ. կարգի հունձքը կոչուեցաւ «Աւետիք Իսահակեան» սերունդ։

Հանդէսին ներկայ գտնուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայացուցիչ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, վարժարանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան, Կրթասիրաց Մշակութային Միութեան խնամակալութիւնը, վարժարանի հոգաբարձութիւնը, Ծնողաց յանձնախումբը, ընդհ. տեսուչը, փոխ տնօրէնը, մանկապարտիզպանուհին, շրջանաւարտներուն ծնողներն ու հարազատները։

Հանդէսին բացումը կատարուեցաւ Կրթասիրացի քայլերգով։
Հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով բացման խօսք արտասանեցին Թ․ կարգի խումբ մը աշակերտներ, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ երախտագիտական խօսք ուղղեցին իրենց սիրելի կրթօճախին, վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն: Օրուան Հանդիսավարն էր Մարինա Չիլ Աբոշեան-Պօղիկեան:

Աշակերտները ներկայացուցին ճոխ գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կ’ընդգրկէր ասմունք՝ հայերէն ու արաբերէն լեզուներով, մեներգ եւ նազ պար։ Միջնակարգի շրջանաւարտ Ալիք Իսկէնեան «Պինկէօլ» երգը մեներգեց, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Աւետիս Պալճեանի։ Երկրորդական կարգի շրջանաւարտ Ժոզէֆ Ճէնանեան՝ Սայաթ Նովայի «Աշխարհումս Ախ Չիմ Քաշի» երգը արդիական մշակումով մեներգեց, մեծապէս ոգեւորելով ներկաները։
Նազ պար ներկայացուցին 9-րդ կարգի խումբ մը աշակերտուհիներ, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան «Շող» պարի դպրոցի պարուսոյց Նանոր Պարտաքճեանի։
Հայերէն ասմունքի համադրումն ու գեղարուեստական պատկերը նուիրուած էր Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 150-ամեակին, պատրաստուած՝ հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներ տիկ. Լիլիթ Տոլմօղլեան-Փայասեանի եւ տիկ. Դալար Նաճարեան-Թոսունեանի կողմէ։ Իսկ արաբերէն ասմունքը պատրաստուած էր տիար Յովիկ Օհանեանի ջանքով։ Հանդէսի պատրաստութեան իրենց ներդրումը բերին նաեւ տեսչական եւ վարչական կազմերու անդամներ։

Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, վարժարանի ընդհ. տեսուչ Մարալ Դերձակեան եւ փոխ տնօրէն տիար Յովիկ Օհանեան, յանուն վարժարանի տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեանի, 2023-2024 տարեշրջանի միջնակարգի եւ երկրորդական կարգի պետական քննութեանց բարձրագոյն նիշ ապահոված աշակերտներուն պարգեւատրումը կատարեցին, ինչպէս նաեւ «Անդրանիկ եւ Սոնա Պօղոսեաններ» մրցանակի տուչութիւնը՝ 7-րդ կարգէն մինչեւ 12-րդ կարգի հայերէն լեզուի եւ ընդհանուր նիւթերու մէջ առաջին երեք դիրքերը գրաւող աշակերտներուն: Այնուհետեւ, յատուկ գիրով պարգեւատրուեցաւ վարժարանէն ներս արաբերէն լեզուի վաստակաւոր դասատու օրդ. Սոնիա Թահհանը՝ ուսուցչական ասպարէզէն թոշակի կոչուած ըլլալուն առիթով:

Հուսկ, տնօրէնութեան խօսքը արտասանեցին հայերէն լեզուով՝ օրդ. Մարալ Դերձակեան, իսկ արաբերէն լեզուով՝ տիար Յովիկ Օհանեան, որոնք հաստատեցին, թէ 100-ամեակը բոլորած Կրթասիրաց կրթօճախը, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, մինչեւ օրս կը շարունակէ պատրաստել հայ ազգի արժանաւոր զաւակներ, հաւատարիմ հայ ազգին ու հայրենիքին, օժտուած գիտութեամբ եւ հայեցի դաստիարակութեամբ:

Անոնք շնորհաւորեցին շրջանաւարտները եւ իրենց ծնողները եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին ուսուցչական կազմին, ծնողաց յանձնախումբին, քուլիսներու ետին աշխատողներուն, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան խնամակալութեան, վարժարանի հոգաբարձութեան, Ամերիկայի Կրթասիրաց Սանուց Միութեան, Ազգային Իշխանութեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Նպաստից Յանձնախումբին, Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկին, «Dorcas», «Hope Center» եւ «Together» հաստատութիւններուն, որոնք զանազան առիթներով նեցուկ կանգնեցան կրթօճախին: Անոնք յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր, իր հայրական բարձր հովանաւորութեան եւ մշտական քաջալերանքին համար: Շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ Հալէպի սեփական դպրոցներու ընդհ. տնօրէնին եւ Հալէպի կրթական տնօրէնին։

Այնուհետեւ, 12-րդ կարգի շրջանաւարտներ հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով հրաժեշտի խօսք արտասանեցին, որմէ ետք հայր սուրբին ձեռամբ վկայականաց բաշխումը կատարուեցաւ։
Աւարտին, հայր սուրբը փոխանցեց իր սրտի խօսքը, յայտնելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր շնորհաւորութիւններն ու օրհնութիւնը։ Ան յորդորեց շրջանաւարտները, պատուիրելով, որ վկայական ստանալով չբաւարարուին, այլ լծուին առաւել աշխատանքի՝ նոր դիրքեր նուաճելու եւ իրենց ներդրումը բերելու Կրթասիրաց Վարժարանին։

Հանդէսը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով։