«Թատրոնը երկրորդ եկեղեցի է։ Անիկա տեսակ մը տաճար է մարդկային բարքերը կրթելու համար»
Խրիմեան Հայրիկ

Հայ թատրոնը ամէն ժամանակներուն մէջ միշտ ունեցած է ձգտումը դէպի վեհն ու գեղեցիկը, արծարծարծելով հայ մարդուն յուզող զանազան խնդիրներ, որովհետեւ միակ մտահոգութիւնը հայ մարդն է եւ անոր ժամանակի հոգերը, թերութիւնները, տառապանքը, ինչպէս նաեւ համամարդկային հարցադրումները։

Հայ կեանքէն ներս հայ թատրոնի անհրաժեշտ ներկայութեան գաղափարէն մեկնած, Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ թատերական յանձնախումբը ձեռնարկեցին «Սէրը Ճամպրուկի Մէջ»(Թաքսի-Թաքսի) կատակերգութիւնը, որ ներկայացուեցաւ 3 Օգոստոս 2025-ի երեկոյան ժամը 8։00-ին, Քեսապի «Սարդարապատ» սրահէն ներս, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան։

Ելոյթին ներկայ էին Հոգեշնորհ Հայր Եսայի վրդ. Էօրտէքեան, Գերյարգելի Հայր Գառնիկ Ծայրագոյն Վրդ. Յովսէփեան, Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչներ, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սիւլահեան եւ Շրջանային Վարչութեան անդամ Սօսի Կարճիկեան, ազգային մարմիններ, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ քեսապահայ հոծ բազմութիւն։

Քաջալերելի էր մշակութասէր քեսապցիին ոգեւորութիւնը։ Ան հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, կը շարունակէ ոչ միայն անխախտ պահել Քեսապի մշակութային կեանքը, այլ նաեւ՝ զարգացնել եւ ուռճացնել զայն։

Բացման խօսքով թատերական յանձնախումբի անդամ Միրնա Տէկիրմէնճեան Տէմիրճեան ըսաւ. «Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը 97 տարուան իր հարուստ պատմութեան ընթացքին նպատակ ունենալով պահել, պահպանել եւ փոխանցել հայ լեզուն եւ մշակոյթը, հիմնեց դպրոցներ, թատրոններ, երաժշտախումբեր եւ միջոց չխնայեց սերմանելու հայեցի դաստիարակութիւն եւ գեղարուեստական ճաշակ» ։ Ապա շեշտեց, որ քեսապցին միշտ յատուկ ուշադրութիւն ընծայած է թատրոնին՝ որպէս կարեւորագոյն մշակութային ազդակ, բեմականացնելով եւ ներկայացնելով բազմաթիւ թատերախաղեր թէ՛ Քեսապի եւ թէ Սուրիոյ զանազան շրջաններուն մէջ, ի պատիւ նուիրեալ եւ մշակութասէր միութենականներու։

Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ թատերախաղի բեմադրիչ Նայիրի Կարճիկեան-Մելքոնեան, որ հակիրճ ներկայացուց թատերգութեան բովանդակութիւնն ու պատգամը ըսելով. «”Սէրը Ճամպրուկի Մէջ” թատերախաղը կը պատկանի հայ թատերական արուեստի ամէնէն յայտնի կատակերգութիւններուն։ Հեղինակը արեւելահայ հռչակաւոր թատերագիր Ժիրայր Անանեանն է, որուն յիսուն տարիներ առաջ արծարծած միտքերը, գաղափարներն ու մտահոգութիւնները առ այսօր այժմէական են։ Իսկ կերպարները՝ հարազատ եւ համակրելի»։

Անդրադառնալով թատերախաղի նիւթին, Մելքոնեան ըսաւ, որ հեղինակը կը ներկայացնէ երկու թերի ընտանիքներ, որոնց մէջ կը պակսին սէրը, հաւատարմութիւնը, անկեղծութիւնը, փոխադարձ յարգանքն ու համերաշխութիւնը, եւ գերադաս կը համարուին նիւթապաշտութիւնը եւ աւելորդ ձեւակերպութիւնը՝ տեղի տալով իսկական արժէքներուն։ Ապա աւելցնըլով ըսաւ. «Այս ներկայացումը իւրայատուկ կոչ մըն է մեր բոլոր աշխարհացրիւ հայրենակիցներուն՝ տէր կանգնելու մեր աւանդին եւ չտկարանալու այլասերման, արժեզրկման, ինչպէս նաեւ մեզ ինքնութենէ ու ազգային պատկանելիութենէ շեղող տարատեսակ փոթորիկներուն դիմաց։ Ան պատգամ մըն է ամուր մնալու մեր արժեհամակարգին մէջ, ուղղելու մեր թերութիւնները եւ այնպիսի սկզբունքներ ու արժէքներ փոխանցելու, որոնք մեր գոյութեան հիմքը կը հանդիսանան»։

Բեմադրիչը իր խօսքի աւարտին շեշտեց, որ մեր ազգային պարտաւորութիւնն է ամուր պահել մեր ընտանիքները, որովհետեւ ամուր պահել ընտանիքը կը նշանակէ ամուր պահել ազգն ու հայրենիքը։ Մեր առաքելութիւնն է հայու վեհ նկարագիրն ու ինքնութիւնը թրծել նոր սերունդներու մատղաշ հոգիներուն մէջ, որովհետեւ անոնք են մեր յոյսն ու լոյսը, մեր պատուաբեր ներկան ու ապագան։

Քեսապի տաղանդաւոր երիտասարդները պատշաճ ձեւով ներկայացուցին իրենց կերպարները դրական եւ բացասական յատկանիշերով։ Անոնք երգիծական ոճով հանրութեան հրամցուցին այն բոլոր թերութիւնները, որոնք կը խաթարեն մեր հայկական դիմագիծն ու մշակոյթը։

Երեք ամիսներու բծախնդիր եւ լուրջ աշխատանքը ունեցաւ արժանավայել աւարտ, վայելելով ներկաներուն եւ ակնդիրներուն գնահատանքն ու քաջալերանքը։

Ելոյթի աւարտին, ներկաներուն ջերմ ծափողջոյններով բեմ բարձրացաւ եւ գնահատուեցաւ թատերախաղի անձնակազմը, որմէ ետք Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սիւլահեան եւ մասնաճիւղիս ատենապետ Մանասէ Մանճիկեան բարձր գնահատելով բեմադրիչ Նայիրի Մելքոնեանի տարած հսկայ աշխատանքը, զինք պարգեւատրեցին գեղեցիկ ծաղկեփունջով եւ յատկանշական յուշանուէրով։

Հանդիսութեան աւարտին, Հայր Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան գնահատեց վարչութեան եւ յանձնախումբին տարած ծանր աշխատանքը՝ յաջողցնելու այս ձեռնարկը, քաջալերեց բեմադրիչը եւ դերակատարները շարունակելու ազգանուէր եւ մշակութային նման աշխատանքներ, մաղթելով յարատեւ յաջողութիւն եւ նորանոր ձեռքբերումներ։
Հայր սուրբին օրհնութեամբ եւ «Պահպանիչ» աղօթքով ելոյթը հասաւ իր աւարտին։

Թղթակից