Խորհուրդներ Տանտիկնոջ
Ա) Նոր հագուստը անմիջապէս պէտք չէ հագնիլ
Շատերու համար նոր հագուստ գնելը հաճոյք է, իսկ անմիջապէս հագնիլը՝ գրաւիչ։ Սակայն մասնագէտներ կը թելադրեն նոր հագուստը հագնելէ առաջ լուալ, որպէսզի ձեր մորթը աւելի առողջ մնայ։ Նոր կտորները յաճախ կը պարունակեն քիմիական նիւթեր՝ ներկեր, պահպանիչներ եւ փափուկցնող տարրեր, որոնք կրնան մորթային գրգռում, զգայնութիւն կամ բորբոքում յառաջացնել։ Լուալը ոչ միայն կը մաքրէ հագուստը, այլեւ զայն կը դարձնէ աւելի հանգստաւէտ։
Բ) Կարելի է տնտեսել՝ առանց զրկուելու
Տնտեսական դժուարութիւնները շատերու համար զրկանքի համազօր են, սակայն կարելի  է խնայել՝ առանց կեանքի որակը նուազեցնելու։ Կիներ, յատկապէս ընտանիքի տնտեսութեան կեդրոնական դէմքը ըլլալով, կրնան փոքր քայլերով մեծ փոփոխութիւններ իրականացնել։
Կարեւոր գնումները, տեղական արտադրանքի նախընտրութիւնը, սնունդի ծրագրաւորումը, պտոյտի վայրերու ճիշդ ընտրութիւնը կը նպաստեն ոչ միայն պիւտճէի կարգաւորման, այլեւ առողջ ապրելակերպին։ Տնտեսել՝ կը նշանակէ գիտակից ընտրութիւններ ընել, ոչ թէ հրաժարիլ հաճոյքէն։
Գ) Ժամանակի կառավարումը արդիւնաւէտ օրուան երաշխիքն է
Կնոջ առօրեան յաճախ կը յորդի բազմաթիւ պարտականութիւններով՝ ընտանիք, գործ, անձնական հոգատարութիւն, տարեցներու խնամք, մանուկներու խնամք եւ այլն։ Ժամանակի խելացի կառավարումը, սակայն, ոչ միայն կը նպաստէ աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու օրը, այլեւ կը պահպանէ հոգեկան հաւասարակշռութիւնը։
Մասնագէտները խորհուրդ կու տան՝
– Օրը սկսիլ ծրագրաւորումով՝ առաջնահերթութիւններու յստակ սահմանումով։
– Օգտուիլ «երկու վայրկեանի կանոնէն»՝ փոքր գործերը անմիջապէս կատարելով։
– Հանգիստի պահեր յատկացնել՝ վերականգնելու ձեր ուժերը եւ կեդրոնացումը։
Կարգապահութիւնը եւ ինքնագիտակցութիւնը ժամանակը կը դարձնեն ձեր դաշնակիցը՝ ոչ թէ թշնամին։ Այն կինը, որ կը կառավարէ իր ժամանակը, կը կառավարէ նաեւ իր կեանքը։
Խոհագիր
ԴԵՂՁՈՎ ՉԻԶՔԷՅՔ
Բաղադրութիւն
500 կրամ կարագ
500 կրամ կրկնեփուկ (պիսքուիթ)
500 կրամ քրեմ պանիր
1 տուփ սեր
1 տուփ փոշի քրեմա
1 տուփ դոնդող (ժելո) դեղձի հիւթով պատրաստուած
5-6  դեղձ
Պատրաստութիւն
Նախ կրկնեփուկները փշրել հարիչով, ապա շաղել կարագով, մինչեւ որ միատարր զանգուած մը ըլլայ ու տարածել կաղապարին յատակը լաւ մը սեղմելով, որպէսզի հարթ մակերես ունենայ։ Դնել սառնարան՝ 20-30 վայրկեան։
Միջուկի պատրաստութեան համար նախ փոշի քրեման հարել մէկ գաւաթ կաթով, աւելցնել սերը եւ քրէմ պանիրը եւ շարունակ հարել, ապա աւելցնել մէկ գաւաթ տաք ջուրով պատրաստուած ու պաղած դեղձի հիւթով դոնդողը եւ շարունակել հարել մինչեւ որ բաց դեղին զանգուած մը յառաջանայ։ Պատրաստուած լուծոյթը աւելցնել կաղապարին մէջ զետեղուած կրկնեփուկին վրայ ու դնել սառնարանը առնուազն 4 ժամ։ Ապա դեղձերը կտրտել բարակ շերտերով եւ շարել չիզքէյքին վրայ։ Կարելի է վրան ալ աւելցնել դեղձի հիւթով դոնդող՝ ամրացնելու դեղձերը եւ յաւելեալ համ ու փայլք տալու։ Ապա կրկին սառնարանը դնել երկու ժամ, ետքը հիւրասիրել։
Բարի ախորժակ։