ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՅՈՒՆԱՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ՈՃԻ ԸՄԲԻՇ ԳԱՍՊԱՐ 
ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ՝ ՈՍԿԵԱՅ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ
ՅունահռոմԷական ոճի ըմբիշ Գասպար ՏէրտԷրեան (72 քկ.) ոսկի մետալ  նուաճեց Պուլկարիոյ  մէջ  ընթացող աշխարհի մինչեւ 20 տարեկաններու  առաջնութեան: Այս մասին տեղեկութիւն տարածեց Հայաստանի  կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի  նախարարութիւնը՝ աւելցնելով, որ հայ ըմբիշը եզրափակիչ մրցումին պարտութեան մատնեց  Ուզպէքիստանի ներկայացուցիչ, Ասիոյ ախոյեան Ահմետ Քոտիրովը:
Տէրտէրեան մրցաշարքին 6 – 2  արդիւնքով  կրցաւ յաղթել  ազերի մարզիկին, ապա 3 -1 արդիւնքով  յաղթեց  Ասիոյ մինջեւ 20 տարեկաններու  ախոյեան,  ղազախցի մրցակիցին: Քառորդ եզրափակիչին  Տէրտէրեան յաղթեց նաեւ պուլկարացի մարզիկին, որմէ ետք կիսեզրափակիչին պարտութեան մատնեց Յունաստանի ներկայացուցիչը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻՆ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ 
ՌՈՒԲԷՆ ՏԻԱՍԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Անգլիոյ Մանչեսթըր Սիթին  իր պաշտօնական կայքէջին միջոցաւ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ակումբը երկարաձգած է գործակցութիւնը փորթուկալցի կիսապաշտպան Ռուբէն Տիասի հետ։ 28-ամեայ խաղացողի նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ Յունիս 2029:
Ռուբէն Տիաս Սեպտեմբեր 2020-ին  միացաւ  Մանչեսթըր Սիթիին: Վերջին  մրցաշրջանին, ան մանչեսթըրեան խումբին հետ մասնակցած է 44 հանդիպումի։
ՏՈՆԱՐՈՒՄԱ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 
ԿԸ ՎԱՐԷ ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻԻ ՀԵՏ
Ըստ իտալական եւ ֆրանսական թերթերուն, Ֆրանսայի Փարիզ Սան Ժերմանի իտալացի դարպասապահ Տոնարումա համաձայնած է ֆրանսական ակումբին ներկայացուցած առաջարկին: Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններու, նախքան ամառնային փոխադրական շրջանի աւարտը, Տոնարումա պիտի միանայ անգլիական խւմբին՝ 50 միլիոն եւրոյի փոխարէն, առանց անդրադառնալու պայմանագրութեան ժամանակաշրջանին:
Աւելցնենք, որ վերջին տարեշրջանին իտալացի դարպասապահը մեծ դեր ունեցաւ Փարիզ Սան Ժերմանի հինգ ախոյեանական կոչումներ արժանանալուն մէջ, որոնցմէ գլխաւորն էր Եւրոպայի Չեմփիընզ Լիկի ախոյեանութիւնը։ Խումբը երկար տարիներ
կը սպասէր սոյն բաժակին:
Ռաֆֆի Սիւլահեան