ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ Երիտասարդութեան եւ Մարզանքի Նախարարութեան որոշումով, Հալէպի ՀՄԸՄ-ի արաբական «Ալ-Եարմուք» անունը փոխուեցաւ եւ միութիւնը վերակոչուեցաւ իր պատմական եւ փառքի օրերու անունով «ՀՄԸՄ-ՀԱԼԷՊ»: Սոյն որոշումը մեծ ուրախութիւն, գոհունակութիւն եւ պարծանք շնորհեց աշխարհատարած բոլոր ՀՄԸՄ-ականներուն, այն յոյսով, որ այս անունը կը ներշնչէ միութիւնը՝ կրկին վերադառնալու անցեալի յաղթական օրերուն ու նուաճումներուն:

-Սուրիոյ հաւաքականի եւ ՀՄԸՄ-ի պասքեթի աղջկանց խումբի խաղացող Լիլիթ Սարգիս եւ տղոց խումբի խաղացող Շարպէլ Սիուֆի բարձր արդիւնքով յաջողութիւն արձանագրեցին Սուրիոյ 12-րդ կարգի պետական քննութիւններուն: Լիլիթը, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն, ապահովեց Գրական բաժինի բարձրագոյն երրորդ նիշը՝ 2187, իսկ Շարպէլը ԼՆԳԿ Կեդրոնական վարժարանի գիտական բաժինի երկրորդ նիշը՝ 2659:
-Դամասկոսի Ուահտէի պասքեթի տղոց խումբի մարզիչ նշանակուեցաւ եգիպտացի Ուաէլ Պատըր: Ան նախապէս մարզած է Եգիպտոսի Զամալէքը եւ անոր հետ արժանացած է բազմաթիւ տիտղոսներու:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՍՊԱՆԻՈՅ ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ
ԻՐ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Սպանիոյ ախոյեանութեան երրորդ փուլի մրցումներուն, մայրաքաղաքի Ռէալ Մատրիտը շարունակելով իր յաղթական խաղարկութիւնը, 2 – 1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռէալ Մայորքան: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Սանթիակո Պերնապէ»-ի մարզահամալիրէն ներս, ուր իրաւարարին անարդար որոշումները Ռէալ Մատրիտը զրկեցին հնարաւոր երեք կոլերէ: 18-րդ վայրկեանին, Մայորքա կատարեց կոլերուն բացումը՝ Վետաթ Մորիչիի միջոցաւ. 37-րդ վայր-կեանին, Ռէալի թուրք խաղացող Կուլէր նշանակեց հաւասարութեան կոլը, որմէ մէկ վայրկեան ետք, պրազիլցի Վինիսիոս Ճունիըրը կրկնապատկեց արդիւնքը: Հանդիպումէն ետք Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ Չաւի Ալոնսո քննադատեց իրաւարարին որոշումները, դիտել տալով որ զրկուած երեք կոլերէն երկուն արդէն արդար կոլէր էին: Չաւի ըսաւ. «Ես անձնապէս գոհ եմ խումբի արդիւնքներէն։ Մենք կրցանք առաջին երեք հանդիպումներէն ապահովել ինը հնարաւոր կէտեր եւ յառաջիկայ միջազգային դադարի օրերուն պիտի փորձենք սրբագրել խումբին մէջ եղած որոշ թերութիւնները»: Ան բարձր գնահատեց նաեւ կազմի երիտասարդ խաղացող Քարրերասի մակարդակը:
Ռաֆֆի Սիւլահեան