Ամէն անգամ, որ յուշերս գրի կ’առնեմ, յստակ նպատակ մը կը հետապնդեմ՝ մոռացութենէ փրկել անցուցած իւրաքանչիւր պահս։ Այս անգամ, սակայն, տարբեր էր կարծէք նպատակս։ Այնքան յուզումնախառն զգացումներով դարձայ հայրենիքէն, որ ապրումներս գրի առնելուս նպատակը միայն յուշերուս պահպանումը չէր, այլ աւելի խորը թափանցելով վերլուծելու եւ բիւրեղացնելու ներաշխարհս տանջող յոյզերս ու զգացումներս։
Բացառիկ առիթ մը ընծայուած էր ինծի այս տարի մասնակցելու ՀՅԴ համահայկական-երիտասարդական եւ ուսանողական 12րդ բանակումին։
Բնականաբար հաճելի ժամանակ անցուցի բանակումի ընթացքին, նոր ընկերութիւններ կազմելով եւ բաւականաչափ նոր գիտելիքներ իւրացնելով։
Սովորականին նման, բանակումի օրակարգերուն մասին խօսելու փոխարէն, կը նախընտրեմ հակիրճ տեղեկութիւններով բաւարարուիլ, բայց անոնց զուգահեռ արտայայտել անձնական ապրումներս ու տպաւորութիւններս։
Առաջին անգամ էր որ Հայաստան կ’երթայի Արցախի կորուստէն եւ Հայաստանի խաւարի ճամբան բռնելէն վերջ, ինչ որ բաւական մեծ ցաւ պատճառեց ինծի։
Նախկին այցելութեանս ընթացքին, զբօսաշրջիկները պտտցնող հանրակառքերուն վրայ Արցախի շրջաններուն նկարները կային, նոյնիսկ հոնկէ սորված էի ռուսերէնով անունս գրել եւ մանկական ուրախութեամբ բոլորին կ’ըսէի, որ ես մէկ բառ գիտեմ գրել ռուսերէնով, անզուգական անունս՝ Շուշի։
Բայց այսօր այդ բոլոր նկարները չկային։ Շուշիի եւ Գանձասարի նկարներուն տեղ միայն Գառնին եւ Գեղարդը կային, իսկ առանց Արցախի հետքը տեսնելու ինչպէ՞ս չցաւէի։
Այո, անոնք ալ գեղեցիկ են, բայց չեն փոխարիներ Արցախը, կամ այլ խօսքով՝ «դժբախտ» եւ «տժգոյն» Շուշին։
Ինծի յաճախ կը հարցնէին. «Առաջին անգա՞մ է որ Հայաստան կ’այցելես», եւ երբ կ’ըսէի. «Ո՛չ, երկրորդն է», անմիջապէս յաջորդ հարցումը կը հասնէր. «Փոխուած տեսա՞ր Հայաստանը»։
Պատասխանս կ’ըլլար. «Այո՛, փոքրացած տեսայ Հայաստանը»։
Իրականութեան մէջ շատ ուրիշ բաներ ալ փոխուած էին հայրենիքին մէջ, իսկ անփոփոխ մնացածը՝ ժողովուրդի մեծ հատուածին մէջ համաճարակի պէս տարածուած անտարբերութիւնն էր, որուն բուժումը ըստ երեւոյթին դեռ չէին կրցած գտնել։
Առաջին օրն էր, դեռ նոր հասած էինք հայրենիք։ Երեւանի փողոցներուն մէջ քիչ մը թափառելէ ետք, ուղղուեցայ Վերնիսաժ։
Արցախի դրօշ մը կ’ուզէի գնել։ Գացի եւ իրենց պահանջած բաւականին սուղ գինով գնեցի դրօշ մը, որովհետեւ նախ արդէն չեմ սիրեր սակարկել, եւ ամօթ ալ կը զգայի այդպիսի բանի մը վրայ սակարկութիւն ընելը։ Իրենց ուզած գինէն շա՜տ աւելի սուղ էր ինծի համար այդ դրօշը։
Շատ զգացական պահեր ապրեցայ բանակումի ընթացքին։ Ամէնէն ազդեցիկ պահերէն մէկն էր ամէն օր Հայաստանի քայլերգը երգելը, Հայաստա՛նի հողին վրայ բարձրաձայն կրկնելով մանաւանդ քայլերգի վերջին համարի խորիմաստ տողերը։ Աւելի՛ն. Արցախի քայլերգը, խոստովանիմ, քանի մը անգամ երգեցինք միասին, բայց ոչ մէկ անգամ կրցայ լման երգել, առանց ձայնս խեղդելու։ Անտանելի ցաւ կը պատճառէր ինծի Արցախի դրօշին նայելով այդ քայլերգը երգելը, կը մտածէի որ պէտք էր մենք այդ դրօշը բարձրացուցած ըլլայինք Արցախի մէջ, հոն կազմակերպէինք մեր այս բանակումը։
Յաճախ միտքէս կ’անցնէի, թէ արդեօ՞ք յաջորդ Համահայկական բանակումը հոն պիտի կարենանք իրականացնել…
Այս բանակումէն առաջ, համեստաբար, ինքզինքս հայրենասէր անձ մը կը կարծէի, բայց երբ հոն, ինձմէ շատ աւելի հայրենասէր եւ հայրենիքին համար իրենց ամբողջ կեանքը նուիրած մարդոց հանդիպեցայ, զգացի որ դեռ շատ աշխատանք ունիմ տանելիք, որպէսզի իրաւունք ունենամ հայրենասէր կոչուելու։
Հաւանաբար բանակումի ամէնէն ազդեցիկ կամ ամենացաւալի պահերէն էր, չեմ գիտեր թէ որմէկն է ճիշդ որակումը, մեր հերոս ազատամարտիկ ընկերներուն հետ միասնաբար 2020ի պատերազմին իրենց սխրանքներուն մասին պատմող տեսերիզ դիտելը։
Ամբողջ տեւողութեան, կը փորձէի արցունքներս զսպել, որովհետեւ կը զգայի որ ամօթ է իրենց դիմաց այդպիսի բան ընելը։ Պէտք էր աւելի ուժեղ երեւիլ, որպէսզի զգան որ իրենց գործը շարունակող կայ։
Հակառակ անոր որ այդ տեսերիզը տունը առանձին, բարձս արցունքով թրջելով դիտած էի, սակայն անոր մէջ մաքարող հերոսներուն հետ միասնաբար զայն դիտելը ուղղակի շունչս կը կտրէր ցաւէն։ Մենք, որ ո՛չ այդ պատերազմին մասնակիցներն էինք, ո՛չ հարազատ կամ բարեկամ կորսնցուցած էինք, եւ ոչ ալ այդ պատերազմին արհաւիրքները մեր մորթին վրայ զգացած էինք, չէինք կրնար անտարբեր մնալ ու անձայն կ’արտասուէինք։ Մինչդեռ իրենք, որ այդ բոլորը ապրած էին, իրենց հզօրութեամբ, ուղղակի ապշեցուցած էին մեզ։ Անոնք, իսկապէս ողջ հերոսներ էին։
Կեանքիս մէջ այդ մակարդակի ուժեղ մարդոց չէի հանդիպած, եւ չեմ ալ կարծեր որ կը հանդիպիմ։
Իրենց հետ միասին, վերջաւորութեան «Վէրքերով լի ջան ֆետայ եմ» երգը երգեցինք։ Այդ երգին բառերը շատ լաւ գիտէի եւ տասնեակ անգամներ երգած էի, բայց այդ անգամ անոր մեծ մասը չկրցայ երգել…
Երբ Եռաբլուր այցելեցինք, նոյն հերոսներն էին, որոնք մեզի իւրաքանչիւր շիրիմի տակ ննջած նահատակի մասին կը պատմէին։
Առաջին անգամ էր որ հոն կը գտնուէի, այդ այցելութիւնն ալ շատ մեծ հետք ձգեց մէջս։
Հոն տեսայ շիրիմները այն հերոսներուն, որոնց երգերը օրական կ’երգէի, շուրջիններէս երբեմն գանգատ լսելով։
Կը զգայի որ այդ բոլոր տղաքը բարեկամներս էին։ Հակառակ որ իրենց համար բոլորովին անծանօթ էի, բայց իրենք մտերիմ ընկերներս էին, որոնց մասին ամէն օր կը մտածէի, կ’երգէի, կը կարդայի, կը պատմէի եւ կը լսէի։
Դժբախտաբար, իւրաքանչիւրիս միայն երկու վարդ տրուած էր, ուստի չէի կրնար բոլոր բարեկամներուս շիրիմներուն վրայ վարդեր տեղադրել։
Ամենամօտիկներուս շիրիմներուն վրայ տեղադրեցի վարդերս։
Ճիշդ է, որ բոլոր այնտեղ ննջողները հերոսներ էին, բոլորն ալ հայրենիքին համար իրենց թանկ կեանքը նուիրած էին, բայց երբ սուրիահայ նահատակներուն շիրիմներուն քով հասանք, տարբեր զգացում մը պատեց հոգիս։
Բոլորս միասին իրենց նուիրուած երգը երգեցինք։ Վստահ էի, որ իրենք կը լսէին մեզի, յոյսով էի սակայն որ չնկատեցին թէ քանի մը տեղ շնչասպառ կ’ըլլայի, եւ որ այդ երգին վերջին երկու տողերը, «Երանի ձեզ ընկերներ, հազար երանի, որ չտեսաք անկումը հզօր Շուշիի», չկրցայ երգել, ցաւէն արդէն կը խեղդուէի, չկրցայ շարունակել։
Շատ անգամ Արցախի դրօշը բարձրացուցած էի բանակումի ընթացքին, ինչ որ մեծ պատիւ էր ինծի համար։ Միշտ ալ հասակէս շատ աւելի բարձր կը պահէի զայն, որ յանկարծ գետնին չդպչի։ Եռաբլուր գտնուած միջոցիս, սակայն, ձեռքիս դրօշին ծայրը սխալմամբ գետնին դպչեցաւ։ Զայն սրբած ատենս, ընկերուհիներէս մէկը, որ հաւանաբար նկատեց թէ որքան մեղաւոր կը զգայի, ըսաւ որ հարց մը չէ, այս հողին վրայ դրօշը չի կեղտոտիր։ Ճիշդ էր ըսածը, ինչպէ՞ս կրնար կեղտոտիլ…
Տեսարժան վայրեր այցելելով ալ շատ տպաւորուեցանք բանակումի ընթացքին, բոլոր վայրերէն ալ տարբեր ուժ մը առինք։
Այցելեցինք մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, տեսակցութին ունեցանք Վեհափառ Հայրապետին հետ, եւ լսեցինք ղօղանջը զանգերուն, որոնք աւելի քան երբեք մարտի եւ պայքարի կոչ կ’ուղղէին կարծէք։
Էջմիածնի արեւուն տակ քալելով հասայ «խենթ»-ի շիրիմին մօտ, որպէսզի նկար մը ունենամ հոն։ Երկու խենթերով նկար մը ունեցանք ես եւ զիս երբեք չճանչցող, բայց մտերիմ ընկերս համարուող «Խենթ» Վարդանը։
Այցելեցինք նաեւ Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիր, Ծիծեռնակաբերդ, Պռոշեանի զօրաց պանթէոն եւ այլ վայրեր, որոնք մեր մէջ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող պայքարի կրակին վրայ կարծէք վառելանիւթ կը թափէին ու կը բոցավառէին զայն։
Օգտաշատ էին մեր ունկնդրած դասախօսութիւնները, որոնց ընթացքին զանազան քննարկումներ կատարելով, փորձեցինք լուծումներ փնտռել հայրենիքի մէջ տիրող ներկայ անել կացութեան։
Ոգեւորիչ էին մեր երեկոյեան խարոյկները, որոնց ընթացքին աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած ըլլալով, կենցաղային բոլոր տարբերութիւնները մէկ կողմ դրած, միասնաբար, նոյն ոգիով կ’երգէինք նոյն երգերը, պայքարելու նոյն շունչով ոգեւորուած։
Ամէնէն տպաւորիչ օրերէն էր Արցախի օրը։ Այդ օրը առիթ ունեցանք վայելելու ազգային երգեր եւ պարեր կատարող մեր Արցախի հայրենակիցներուն ելոյթը, Արցախի արտադրանքը գնելու եւ համեղ ճաշերն ու անուշեղէնները համտեսելու։
Արցախի չափազանց համեղ բախլաւան կերած ատեն կը մտածէի, որ այդ դրախտային համը պէտք էր վայելէի Արցախի մէջ, որ դժբախտաբար այցելած էի երազներուս մէջ միայն։
Այդ օրը Արցախէն բերուած թէյ ալ գնեցի, որպէսզի աւելցնեմ մեր տունը ունեցած Արցախի գործ գինիի շիշերուն, որոնք դեռ պահած ենք որպէսզի օր մը, ազատ Արցախին մէջ բանանք ու խմենք։
Նոյն օրը «Պիցիրանանք Շուշի» խորագրով Շուշիի նկարներու ցուցահանդէս կար, որ Արցախի բարբառով կը նշանակէր Բարձրանանք Շուշի։ Ես այդ ցուցահանդէսին բոլոր նկարները նախօրօք դիտած էի, բայց Շուշիի շունչը շատ լաւ գիտցող շուշեցի նկարիչին բացատրութիւնները լսելով, թէկուզ երեւակայութեամբս միայն, այդ անգամ իսկապէս բարձրացայ Հայոց բերդաքաղաք Շուշի։
Ինծի համար շատ ոգեւորիչ էր մեր ազգային պարերը սորվիլը եւ ընկերներուս հետ միասնաբար զանոնք պարելը։
Մասնաւորապէս յատկանշական էր իմ մուսալեռցի հայրենակիցներուս հետ, թէկուզ մեր պապենական հողէն հեռու, մուսալեռցի յամառ մուսաներուն ոգիով, ձեռք ձեռքի Մուսալեռան պարը պարելը։
Ես բանակումի որոշած էի մասնակցիլ՝ լսելու եւ սորվելու։ Այդ նպատակով, հետս տարած պարապ տետրակս լեցուն դարձուցի, եւ նոր գաղափարներ ու գիտելիքներ ամբարած, կազդուրուած եւ ոգեւորուած վերադարձայ Լաթաքիա, ուրկէ միակ մասնակցողն էի։
Այս բանակումին կարգախօսը կ’ըսէր, պիտի վերադառնանք։ Այո՛, անպայման կը վերադառնանք, վաղ թէ ուշ, որովհետեւ մեր հոգիներուն ու աչքերուն մէջ դեռ չէ մարած կարօտը, եւ որովհետեւ ունինք Արցախի լեռներուն պէս ամուր կամք։ Այս անգամ մեր ուխտը միայն մեր Արարատին չէր, այլ մեր Արցախին, որ դեռ ամուր կանգնած մեր գալուն կը սպասէ, որպէսզի մեզի կրկին ըսէ «Ազատ Արցախը ողջունում է ձեզ»։
Իսկ եթէ մենք չըլլանք վերադարձի յոյսը փայփայելով մեր պահած գինիներն ու թէյը ազատ Արցախի մէջ խմողները, մեր որդիները, կամ թոռները թող խմեն այդ, բայց Դուշման Վարդանին արարքին նման, յաղթանակի աւետիսը մեզի փոխանցած ժամանակ այդ ըմպելիքներէն մեր քարացած մարմիններուն վրայ կաթիլներ թող թափեն, որպէսզի այն ատեն, մենք ալ իսկապէս կարենանք հանգստանալ։
Շուշի Մանճեան