Եագուպիէի Ս. Աննա մատուռ ուխտագնացութիւնը, 14 տարուան կասեցումէն ետք, սկսաւ ջերմ ժպիտներով եւ յոյսի նշոյլներով: Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ետք, յեղափոխութեան եւ պատերազմի դաժան տարիներէն ետք, այս փոքրիկ գիւղի բնակչութեան վերադարձի ապահովումը, բնակարաններու յանձնումը սեփականատէրերուն, ապա նաեւ հանդիսաւոր ուխտագնացութեան կազմակերպումը ոչ միայն ֆիզիքական վերադարձ էր, այլեւ հայ-քրիստոնեայ համայնքներու կենսական իրաւունքներու պահպանում, սուրիացիներու որպէս հաւասար քաղաքացիներ, վերականգնումի մասնակցութեան հրաւէր ու իւրաքանչիւր համայնքի իւրայատկութեան նկատմամբ յարգանք: Նոր իշխանութիւնը իր այս կարեւոր քայլով ցոյց տուաւ, որ վերադարձի իրաւունքը կրնայ դառնալ խաղաղ գոյակցութեան ու համերաշխութեան կարեւոր հարթակ։

Երկար՝ 14-ամեայ կարօտի զգացումով, գիւղի բնակիչները յայտնուեցան կրկին իրենց բնակարաններուն, իրենց եկեղեցւոյ, իրենց արտերուն մէջ։ Քարերուն տակ յուշեր թաքնուած էին. նոր օրերու սպասման առօրեայ մղձաւանջ: Դժբախտաբար 14 տարին երկար բացակայութիւն է, ու շատ մը երիտասարդներ արտագաղթած են՝ հեռանալու այդ տարիներու տագնապալի կեանքէն ու նոր կեանք սկսելու խաղաղ ափերու վրայ։ Անոնք դժուար թէ վերադառնան։ Աւելին. քանդուած շատ բան կայ՝ ոչ միայն քար, այլեւ եռուն կեանք։ Այդուհանդերձ Սուրիոյ այլ նահանգներու մէջ բնակութիւն հաստատած ու վերադարձի ղօղանջին սպասող գիւղացիներու աչքերուն մէջ տեսանելի էր Եագուպիէն վերածաղկեցնելու յոյսը, թէկուզ երկար աշխատանքի ու ժամանակի հեռանկարով, թէկուզ արցունքոտ աչքերով։

Ուխտագնացութեան օրը ողջունելի էր կառավարական ապահովական ուժերուն կողմէ ոչ միայն եկեղեցւոյ, այլեւ գիւղի բոլոր մուտքերուն վերահսկողութիւնը, որ վստահութեան մթնոլորտ կը ստեղծէր։
Եագուպիէի Ս. Աննա մատուռ ուխտագնացութիւնը հարիւրաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, երկխօսութեան եւ գործակցութեան գեղեցիկ մէկ օրինակը
կը հանդիսանար հայ-լատին համայնքներու եւ պետական մարմիններու միջեւ։ Բերիոյ Հայոց Թեմի նախաձեռնութեամբ ուխտագնացութեան կազմակերպումը, հակառակ ոմանց վերապահութեան, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ վերօծումը խրախուսիչ քայլեր էին։

Ու թէեւ գիւղի հիմնական նորոգութիւնը մեծ աշխատանքի կը կարօտի, սակայն կրնայ տեղի ունենալ, երբ իւրաքանչիւր սուրիացի, ինչ ազգութեան կամ կրօնքի ալ պատկանի, դժուարութիւններու յաղթահարման եւ համերաշխ ապագայի համար ճիգ թափէ։
Եագուպիէցիներու վերադարձը միայն գիւղի վերածաղկումի սկիզբ չէ՝ այլ օրինակ իրաւունքի գերակայութեան եւ Սուրիոյ ժողովուրդի միասնութեան, որ ոչ միայն խօսքերով, այլեւ գործերով պէտք է իրականացնել ու անոր ճամբան հարթ դարձնել։

Եագուպիէն օրինակ է վերադարձի իրաւունքի, խաղաղ գոյակցութեան, մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ յարգանքի եւ երկրի զարգացման մէջ բոլորի համահաւասար մասնակցութեան։ Այսօր այստեղ կը ծաղկի ոչ միայն գիւղը, այլեւ Սուրիոյ յոյսի օջախը։
Սուրիան տակաւին երկար ճամբայ ունի վերականգնելու իր ուժերը, երկիրը վերադարձնելու իր ծաղկուն վիճակին, սակայն փոքր քայլերը կրնան մթնոլորտ ու վստահութիւն ստեղծել այդ ճամբուն վրայ։