Երիտասարդական անկիւն
—————————————————
ՍԵՄ-ի բանակումները միշտ յատուկ տեղ ունեցած են անոր անդամներու սիրտին մէջ։ Այս տարի երբ հասանք բանակավայր մթնոլորտը խանդավառութիւն կը բուրէր, մեր շուրջը ժպտացող դէմքեր, նոր ընկերներ, երէց ընկերներ, որոնք պատրաստ էին առաջնորդել մեզ, կրկնապատկել մեր փորձառութիւնը եւ տասնապատկել մեր գիտելիքները։
Շուտով անծանօթութիւնը փոխուեցաւ ջերմութեան եւ մենք դարձանք մէկ ընտանիք՝ մէկ գաղափարով։
Բանակումի ծրագիրը կ՚ընդգրկէր տարբեր նիւթերով դասախօսութիւններ, զրոյցներ, ազգային ու յեղափոխական երգերու ուսուցում, արշաւներ, ընկերային խաղեր եւ խրախճանքներ։
Ամէն առաւօտ յեղափոխական երգերով արթննալը կը լեցնէր հոգիս։
Մարզանքը մեզի չարքաշութիւն կը սորվեցնէր, իսկ խմբային աշխատանքը՝ գործակցութիւն։ Երբ խոհանոցի պատասխանատու էի, հասկցայ թէ ի՛նչ կը նշանակէ ծառայել առանց փոխադարձ ակնկալելու։

Մեծ ընկերներէն սորվեցանք ինչպէս ըլլալ կարգապահ, ունկնդրող, չարքաշ, քննական մտածելակերպի տէր եւ ընկերասէր։

Երբեմն դժուար ու յոգնեցուցիչ էին երկար արշաւները, բայց միաժամանակ ոգեւորիչ։

Իւրաքանչիւր քայլ՝ նոր ընկերոջ մը հետ ծանօթացում եւ իւրաքանչիւր ժպիտ՝ յիշատակ։

Բանակումը աւարտելէ ետք արդէն փոխուած էի, այլեւս միայն երիտասարդ չէի, այլ գաղափարով ապրող հայ, որ պատրաստ է ծառայել իր ժողովուրդին։
ՍԵՄ-ը տուաւ ոչ միայն յուշեր, այլեւ ուղի՝ ապրելու իմ ինքնութիւնը հպարտութեամբ եւ նուիրումով։

Ժենի Մխսեան