Լաթաքիոյ մէջ անցուցած արձակուրդիս օրերէն մէկը, երբ ծովուն դիմաց նստած էի, բջջային հեռաձայնս օգտագործելով համացանցի մէջ բացի քարտէզը եւ սկսայ դիտել մեր պանդոկին շրջապատը: Յանկարծ նկատեցի վայր մը «Օկարիթ» անունով։ Հետաքրքրուեցայ, վրան սեղմեցի եւ տեսայ, որ անիկա մեր պատմութեան դասապահերուն մէջ յիշուած վայրն է, որ շատ մեծ արժէք ունի, յատկապէս անոր համար որ աշխարհի ամենահին այբուբեններէն մէկը այնտեղ գտնուած է:
Քարտէզը ցոյց տուաւ, որ «Օկարիթ»-ը մեր հիւրանոցին շատ մօտ է, քանի մը վայրկեանուան հեռաւորութեան վրայ: Ուստի ընտանեօք ճամբայ ելանք մեր պանդոկէն եւ սկսանք արշաւել դէպի «Օկարիթ»: Կարճ ճանապարհ մը կտրելէ ետք, հասանք հսկայ ժայռերով եւ ծովեզերեայ կապոյտ ջուրով շրջապատուած տարածք մը։ Շատ գեղեցիկ էր տեսարանը, յատկապէս արեւամուտին, երկինքը ծովուն հետ շատ շքեղ ծովանկար մը կը կազմէր: Ճերմակ աւազին վրայէն քալելը շարունակելով տեղացիի մը հանդիպեցանք եւ հարցուցինք, որ «Օկարիթը» ճիշդ ո՞ւր կը գտնուի։ Անիկա ըսաւ, որ չ՚արժեր երթալը, որովհետեւ փլատակ քարերով տարածք մըն է պարզապէս, բայց ուզեցի շարունակել եւ երկար ճանապարհէ մը ետք նկատեցի հինաւուրց քարեր եւ փլատակ շէնքեր։ Հասած էինք արդէն «Օկարիթ»:
Պատկերացուցէ՛ք տեղւոյն գեղեցկութիւնը, ալեկոծ ծովը, ալիքներու շառաչիւնը կարծէք կը պատմէր հազարաւոր տարիներ այնտեղ ապրած ժողովուրդին պատմութիւնը: Այո՛, քաղաքէն աւերակներ մնացած էին երկրաշարժներու, ինչպէս նաեւ գողերու պատճառով։ Յատկապէս անխնայ մնալու բերումով, չվերանորոգուելով քաղաքը անհրապոյր վայրի մը տպաւորութիւնը կը թողուր։ Բայց ինչպէ՞ս հարիւրաւոր տարուան պատմութիւն ունեցող վայր մը միայն գիրքերու մէջ կը յիշուի, եւ զայն ծանուցելու ոչ մէկ ջանք կը թափուի, նոյնիսկ կարգ մը մարդիկ չեն գիտեր, որ մինչեւ այսօր առկայ են այս քաղաքին աւերակները:
Ծանօթացնեմ «Օկարիթ»-ը, որպէսզի զարմանքս բաժնէք ու հասկնաք:
«Օկարիթ»-ը կը գտնուի Լաթաքիոյ Ռաս ալ- Շամրայի հին բլուրին վրայ, Միջերկրական ծովուն դիմաց: Ան 12 քմ. հեռաւորութեան վրայ է Լաթաքիայէն: «Օկարիթ»-ը նշանաւոր է իր Օկարիթեան այբուբենով, որ կը համարուի ամէնէն հին այբուբեններէն մէկը եւ կը պարունակէ 30 տառ: Ժողովուրդին օգտագործած հիմնական լեզուն սեմական լեզուն եղած է՝ «օկարիթական»-ը։
Կը փափաքէի «Օկարիթ»-ը տեսնել աւելի լաւ վիճակի մէջ, չորս կողմը հաւաքուած տեսնել զբօսաշրջիկներ, սակայն ոչ ոք կար այնտեղ: Այսքան կարեւոր վայր մը ինչպէ՞ս կարելի է անտեսել ու զայն գեղեցիկ ձեւով չներկայացնել որպէս մշակութային հպարտալի տարածք…։
Շատ անհամբեր եմ կրկին այցելելու «Օկարիթ» եւ վայելելու տեղւոյն ծովեզերքն ու պատմութիւն բուրող հմայքը:
Աւետիս ՉիլԱբօշեան