ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՆԱԽՕՐԷԻՆ
ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ ՈՒՍՈՒՑԻՉԻՆ
Եթէ ուսուցիչը, (Աստուած չընէ) ըսէ, որ այս կողմը նստած են ծոյլ աշակերտները, իսկ այն կողմը՝ աշխատասէրները, ուրեմն տուեալ անձը մասնագիտական մօտեցումէ շա՜տ հեռու է։ Նման ուսուցիչներ պէտք չէ գործի հրաւիրել եւ դասարան վստահիլ անոնց, որովհետեւ իրենց ըրածը անթոյլատրելի բան է։
Եթէ հասուն մարդը նեղացնեն, ան ձեւով մը կը յաղթահարէ նեղութիւնը, բայց մանուկը կամ պատանին դժուար թէ յաղթահարեն որեւէ վիրաւորանք։ Մանուկը կամ պատանին անպաշտպան են այս աշխարհին մէջ։ Իսկ եթէ ծոյլ համարուող աշակերտին հանդէպ տունն ալ վատ վերաբերմունք ցուցաբերուի, այս պարագային ան աւելի խորունկ վէրք կը կրէ իր հոգւոյն մէջ։ Ի՞նչ կը կարծէք, բոլոր ծնողները Արիստոտելնե՞ր են։ Ոմանք նոյնիսկ աւելի կը բարդացնեն մանուկին վիճակը ըսելով. «Տե՛ս, Յակոբիկը ինչ լաւ է, իսկ դո՞ւն…»։ Եւ աշակերտը «ծոյլ»-ի այդ պիտակո՞վ պիտի ապրի մինչեւ իր ուսումնական կեանքի աւարտը։
Հարցուցէք այսօր ծնողներու, թէ կ’ուզեն արդեօք կրկին դպրոց վերադառնալ։ Շատեր պիտի ըսեն՝ «ոչ»։ Ուրեմն ինչպէ՞ս աշխատած են կարգ մը ուսուցիչներ, որ ոմանց մէջ այնքան հակակրանք ձեւաւորուած են դպրոցին հանդէպ։
Տատեանա Չերնիքովսկայա
ԼԱՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉԸ
Լաւ ուսուցիչը, նախ եւ առաջ, այն մարդն է, որ կը սիրէ աշակերտները, ուրախութիւն կ’ապրի անոնց դասաւանդելով, կը հաւատայ, որ իւրաքանչիւր աշակերտ կրնայ լաւ մարդ դառնալ։ Ան կրնայ ընկերանալ աշակերտներուն, սրտին մօտ կ’ընդունի մանկական ուրախութիւնն ու տխրութիւնը, կը ճանչնայ աշակերտի հոգին, երբեք չի մոռնար, որ ինքն ալ մանուկ եղած է։
Կրնայ պատահիլ, որ աշակերտը պարապ բանէ մը (մեծի տեսակէտով) նեղացած ըլլայ…սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ աշակերտը ունի իր ուրախութիւններն ու նեղութիւնները, բարին ու չարը չափելու իր ձեւերը։ Մարդասէր ուսուցիչը երբեք չի մոռնար, որ ինքն ալ մանուկ եղած է։ Պէտք է մտնել աշակերտի աշխարհին մէջ, բաժնեկցիլ անոր վիշտը, օգնութեան հասնիլ անոր։ Դժուար չէ հասկնալ, որ աշակերտին համար ամէնէն փափաքելի ու թանկարժէք օգնութիւնը այդ համակրանքն է, կարեկցութիւնը, սրտակից ըլլալը, մինչդեռ անտարբերութիւնը կը ցնցէ աշակերտը։
Լաւ ուսուցիչը այն մարդն է նաեւ, որ լաւապէս կը տիրապետէ այն գիտութեան, որուն վրայ կառուցուած է իր աւանդած առարկան, կը սիրէ զայն, գիտէ անոր հորիզոնները՝ նորագոյն յայտնագործութիւնները, հետազօտութիւնները եւ նուաճումները այդ մարզին մէջ։
Լայն մտահորիզոնը, խոր գիտելիքները, հետաքրքրութիւնները, գիտութեան պարզաբանումները՝ այս ամէնը ուսուցիչին համար անհրաժեշտ են, որպէսզի կարենայ աշակերտներուն ցոյց տալ գիտելիքներու, առարկայի, գիտութեան, ուսուցման գործընթացի ձգողական ուժը։ Ուսուցիչին մէջ աշակերտը պէտք է տեսնէ խելացի, գիտակ, մտածող, գիտութեան սիրահարուած մարդու օրինակ։ Որքան հարուստ են ուսուցիչին գիտելիքները, որքան աւելի լայն է անոր մտահորիզոնը, բազմակողմանի գիտական կրթութիւնը, այնքան աւելի մեծ դաստիարակ է ան, ուսուցիչ ըլլալու կողքին։
Լաւ ուսուցիչը նաեւ այն մարդն է, որ գիտէ հոգեբանութիւն եւ մանկավարժութիւն, կը հասկնայ եւ կը զգայ, որ առանց դաստիարակութեան մասին որոշ գիտութեան տիրապետելու անկարելի է աշխատիլ աշակերտներու հետ։
Լաւ ուսուցիչը վերջապէս այն մարդն է, որ կատարելապէս կը տիրապետէ աշխատանքային այս կամ այն գործունէութեան համար անհրաժեշտ կարողութիւններուն, իր գործի վարպետն է…։
Սուխումլինսկի
ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Աշխարհի տարբեր երկիրներու դպրոցները ունին բազմաթիւ առանձնայատկութիւններ:
Մեծն Բրիտանիոյ դպրոցներու պաշտօնեաները, օրինակ, 11-18 տարեկան աշակերտները կ’արգիլեն դպրոցէն ներս խօսակցական լեզուով արտայայտուելու։ Նոյնիսկ «բարեւ», «յաջողութիւն» դիմելու ձեւերը աշակերտները պէտք է փոխարինեն պաշտօնական «բարի լոյս» եւ «ցտեսութիւն» արտայայտութիւններով: Կ’արգիլեն նաեւ բոլոր խօսակցական կրճատումները: Իշխանութիւնները կը համարեն, որ դպրոցներուն մէջ թոյլատրելի է միայն գրական անգլերէնը: Նման պահանջներու հիմնաւոր պատճառը պարզապէս փափաքն է՝ բարելաւելու դպրոցականներու խօսքի մշակոյթը եւ բառապաշարը: Պաշտօնեաները կը հաստատեն, որ այս ձեւը ապագային
կը բարձրացնէ աշակերտներու մասնագիտական կարելիութիւնները եւ աշխատունակութեան զարգացումը: