ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ ԱԹԼԵԹԻ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՏԻՏՂՈՍՆԵՐ ՁԵՌՔԲԵՐԱԾ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ՀՐԱՉ ԹԱԹԱՐԵԱՆԻ ՀԵՏ
Ծանօթանանք վաստակաւոր մարզիկին։
«Գանձասար»-Նախ կարելի՞ է ծանօթանալ ձեր մարզական գործունէութեան։
Հրաչ Թաթարեան– Ծնած եմ Հալէպ, 1946-ին։ Փոքր տարիքէս մաս կամզած եմ ՀՄԸՄ-ին, որպէս գայլիկ, ապա սկաուտ: Կրթութիւնս ստացած եմ Հալէպի ֆրանսական դպրոցէն:
«Գ. »-Ինչպէ՞ս մուտք գործած էք աթլեթի աշխարհ։
Հ. Թ. – Ֆրանսական դպրոցէն ներս ունեցած էի ուսուցիչ մը, որ եկած էր Գերմանիոյ Լայփզիկ քաղաքէն։ Ան մօտէն հետեւած էր փորձերուս եւ նկատած որ ունիմ արագ վազք։ Ահա թէ ինչո՛ւ առաջարկեց որ հետեւիմ աթլեթի մարզաձեւին եւ զիս մարզեց մէկ քայլ ոստումի։ Օրին դպրոցէն ներս կար բոլոր յարմարութիւնները այս մարզաձեւը զարգացնելու։ Ուստի այս մարզը մտնելով կատարելագործեցի հմտու-թիւններս եւ ապա մաս կազմեցի Հալէպի հաւաքականին:
«Գ. »- Ի՞նչ ախոյեանութիւններ ձեռք բերած էք։
Հ. Թ. – 1962-էն սկսած էի խիտ մարզումներու։ 1964-ին զիս հրաւիրեցին Հալէպի հաւաքական, որուն հետ մաս կազմեցի Սուրիոյ ախոյեանութեան եւ արժանացայ առաջին դիրքի խաղացող տիտղոսին: 1966-ին Հալէպի կարճ վազքի եւ մէկ քայլ ոստումի մրցումները տեղի ունեցան Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, մասնակցութեամբ 7 քաղաքներու: 6 մեթր 52 սմ. արդիւնք արձանագրելով գրաւեցի առաջին դիրքը եւ տիրացայ ախոյեանութեան: Նոյն տարին 4 x100 դրօշարշաւին դարձեալ Հալէպի հաւաքականին հետ գրաւեցի առաջին դիրքը: 1967-ին դարձեալ պատրաստուեցանք երկրի ախոյեանութեան, բայց մրցումը չեղեալ նկատուեցաւ պատերազմին հետեւանքով: Նախքան 1968-ին սուրիական բանակին զինուորագրուիլս, մաս կազմեցի նաեւ հին արդիւնքներս գերազանցող մրցոյթի մը եւ յաջողեցայ բարձրացնել անհատական խաղարկութեան արդիւնքս: Մինչեւ 1972 մաս կազմեցի զինուորական 7-րդ խմբակի կազմին: Երբ զինուորական ծառայութիւնս աւարտեցի, դադրեցայ մարզանքէն եւ նուիրուեցայ անձնական գործիս:
«Գ. »- Յիշատակելի ի՞նչ դէպք մտապահած էք։
Հ. Թ. – Օրին աթլեթի մարզաձեւը այնքան ալ ծանօթ չէր ժողովուրդին։ Մենք ֆութպոլի մրցումներու դադարի ընթացքին կը կատարէինք դրօշարշաւը, վազքը եւ ոստումը, որպէսզի գէթ հետաքրքրութիւն ստեղծենք եւ ծանօթացնենք այս մարզաձեւը:
«Գ. »- Ներկայիս աթլեթը այնքան տարածուած մարզաձեւ մը չէ, ի՞նչ մարզանքի կը հետեւիք։
Հ. Թ. – Ներկայիս աւելի հետաքրքրուած եմ պասքեթով, որովհետեւ դպրոցի օրերուս աթլեթի կողքին պասքեթ ալ կը խաղայի:
«Գ. »- Վերջին խօսքով ի՞նչ կ’ուզէք ըսել։
Հ. Թ. – Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի եւ «Գանձասար»-ին, որովհետեւ երկար տարիներ ետք վերապրեցուցիք անցեալի յուշերս եւ առիթ ընծայեցիք ինծի ներկայանալու ընթերցողներուն:
Ռաֆֆի Սիւլահեան