Նախաձեռնութեամբ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան Հայաստանի Վարչութեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեան Երևանի մէջ հանդիպում ունեցաւ հալէպահայութեան հետ 20 Սեպտ. 2025-ին, Շաբաթ երեկոյեան ժամը 4:00-ին, ՀՕՄ-ի «Կարօ և Ալիս Կիւրեղեան» սրահէն ներս, ուր ներկայ էին Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Նորա Արիսեանն ու աւելի քան 100 հալէպահայեր:
Սրբազան Հօր արտասանած Տէրունական աղօթքէն և Շրջանաւարտից Միութեան ատենապետ Ռաֆֆի Աւետիսեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Ժիրայր Կարապետեան բացման խօսքով ողջունեց սրբազան հօր ներկայութիւնը հայրենիքի մէջ եւ աւելցուց. «Ձեր հովուական և առաջնորդական ծառայութիւնը ունի անփոխարինելի արժէք: Ձեր հոգատար և հետևողական ղեկավարութիւնը երաշխիք է, որ համայնքը իր բոլոր դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները պիտի շարունակէ դիմագրաւել յոյսով ու անսասան հաւատքով»:
Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեանի կողմէ սրբազան հօր կենսագրականի ընթերցումէն ետք, խօսք առաւ սրբազան հայրը և լայն գիծերու մէջ ներկայացուց Սուրիոյ քաղաքական վերիվայրումներն ու հայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւնները, պետական նոր աւագանիին հետ մշակուած յարաբերութիւնները, համայնքը պահելու համար Ազգ. Առաջնորդարանի և քոյր համայնքապետներու կողմէ տարուած աշխատանքները, ինչպէս նաև Հայ եկեղեցւոյ, Ազգ. կառոյցներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու գոյութիւնը պահելու համար թափուած ջանքն ու ճիգը:
Ներկաներուն կողմէ եղած հարցադրումներուն սրբազան հայրը տուաւ սպառիչ պատասխաններ և դրական մթնոլորտի մէջ հանդիպումը վերջ գտաւ:
ԱՔԵ Ճեմարանի Շրջ.Միութեան Հայաստանի վարչութիւն