Սուրիոյ հայկական վարժարաններուն վերամուտը սկսաւ 22 Սեպտեմբերին։ Աշակերտները եռանդով ներկայացան վարժարան սկսելու ուսումնական նոր տարին։
Հայկական վարժարանները վերամուտի մեկնարկը նոր ոճով ու ժամանակակից եղանակով սկսան դիմաւորել՝ աշակերտները խրախուսելու եւ դրական մթնոլորտի մէջ ընդունելու զիրենք։
Ուսումնական այս տարեշրջանը կը յատկանշուի քանի մը երեւոյթներով։
Նախ նկատելի է աշակերտներու թիւի նուազումը համարեա՛ բոլոր հայկական վարժարաններէն ներս, անցնող տարուան ընթացքին գաղթի շարունակուող երեւոյթին հետեւանքով։
Երկրորդ երեւոյթը հայ ուսուցիչներու թիւի նուազումն է, որուն հետեւանքով ալ յատկապէս հայերէնաւանդ ուսուցիչներ ստիպուած են ծառայել մէկէ աւելի վարժարաններու մէջ։ Նախորդ տարիներուն հայերէնաւանդ ուսուցիչներու վերապատրաստման փորձերը հետեւողական ընթացք չունեցան, որուն համար ալ այսօր նման տագնապ
կը դիմաւորենք։ Այդուհանդերձ, կարելի է ծրագրուած աշխատանք սկսիլ յառաջիկայ տարիներուն պատրաստ ուսուցչական մարդուժ ունենալու եւ այս բացը լրացնելու համար, յատկապէս նկատի ունենալով որ համայնքէն ներս գոյութիւն ունին այն կառոյցները, ինչպէս օրինակ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկը, ուր կարելի է նման աշխատանք տանիլ՝ օգտուելով թէ՛ համայնքի, թէ՛ սփիւռքի մասնագէտներէն։
Սուրիոյ վարժարաններէն ներս դասանիւթերու եւ դասապահերու թիւի փոփոխութիւններ տեղի ունեցան Կրթութեան Նախարարութեան որոշումով։ Հայերէնի եւ կրօնի պահերը, սակայն, կը շարունակուին նոյն ձեւով ու դասապահերով հայկական բոլոր վարժարաններէն ներս։ Կրօնի դասապահերը աւելցած իսկ են շաբաթական մէկ պահով։ Մասնաւոր հատուածի եւ համայնքային վարժարանները այլեւս չունին կրթութեան տնօրէնութեան կողմէ նշանակուող պետական տնօրէն, ինչ որ գոյութիւն ունէր նախկին վարչակարգի օրերուն։ Երեւոյթ մը, որ ազատ աշխատանքի դաշտ կ’ընծայէ եւ կը խրախուսէ մասնաւոր հատուածի վարժարանները։
Այս պայմաններուն լոյսին տակ հայկական վարժարանները բնականաբար պիտի վերակազմակերպեն դասարաններու թիւի եւ բաժանումներու դրութիւնը՝ վերատեսութեան ենթարկելով զանոնք, յարմարելով այս տարուան աշակերտութեան եւ պաշտօնէութեան թիւերուն։
Թիւի նուազումը կրնայ  ծառայել որակի բարելաւման, եթէ ծրագրուած աշխատանք տարուի ուսումնակրթական միջոցներու արդիականացման եւ ուսուցիչներու վերապատրաստման համար։  Այս աշխատանքին կրնան իրենց ներդրումը բերել Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկը եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ուսումնական Խորհուրդը գործակցաբար։