ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած «Հայրենիք» բանակումը իւրայատուկ էր շատ մը առումներով։ Բանակումին
կը մասնակցէին Հալէպէն, Լաթաքիայէն եւ Քեսապէն մեծ թիւով սկաուտներ՝ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծելով։ Բանակումի օրակարգը կ’ընդգրկէր՝ արշաւ, ռալի, հարց-պատասխան, ծովագնացութիւն եւ գործնական աշխատանքներ, որոնց միջոցաւ բանակավայրին մէջ ստեղծուեցաւ մրցակցութեան ոգի, թէ՛ մասնաճիւղերուն եւ թէ բանակումի խումբերուն միջեւ։ Այդ մրցակցութիւնը աւելի ուժեղ դարձաւ սկաուտական թոթեմներու առկայութեամբ։

Բանակումի առաջին օրը յստակ դարձաւ բանակումին անունը, կարգախօսը, ապա տեղի ունեցան բաժանումները խումբերու, որոնք կը կրէին Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերէն վեցին անունները (Լոռի, Տաւուշ, Այրարատ, Սիւնիք, Արմաւիր եւ Շիրակ), ետքը բացատրուեցան բանակումի կարգապահական օրէնքները, թոթեմները եւ անոնց իմաստը (ճերմակը որ կը խորհրդանշէ մաքրութիւն, կարմիրը՝ աշխուժութիւն, նարնջագոյնը՝ արագաշարժութիւն, կանաչը՝ կարգապահութիւն, կապոյտը՝ կոկիկութիւն, իսկ սեւը՝ անկարգապահութիւն)։

Առաջին օրը մեր խումբը «անկարգ» խումբ յայտարարեցին եւ մեզի յանձնեցին անկարգութեան թոթեմը։ Այն թոթեմը, որ պէտք է խորհրդանշէր խախտումներ, անպատասխանատուութիւն կամ անկարգապահ ընթացք, յանկարծ դարձաւ մեր խումբի նշանը։ Հակառակ անոր որ տակաւին չէինք հասած ցուցադրել մեր աշխատանքը։

Բանակումի երկրորդ օրը մեզի շնորհեցին ազգային ոգիի թոթեմը՝ Արցախի դրօշը։ Այդ պահը ցոյց կու տար մեր խումբի միասնականութիւնն ու հայրենասիրութիւնը։ Գնահատանք ստացանք, որովհետեւ այդ դրօշը մեր խումբի անդամներէն մէկուն կը պատկանէր։ Անկէ առին ու մեր խումբին տուին։ Բայց գնահատանքը երկար չտեւեց։
Յաջորդ օրը նոյն այդ դրօշը դարձաւ նկատողութեան առարկայ։ Պատասխանատուները ուզեցին կրկին առնել դրօշը եւ որպէս ազգային ոգիի թոթեմ ուրիշ խումբի ալ յանձնել մէկ այլ օր։ Սակայն դրօշին տէրը նախապէս տեղեկացուցած էր թէ չ’ուզեր զայն յանձնել ուրիշ խմբակի եւ կը փափաքի բարձրացնել միայն իր ձեռքերով, քայլերգի պահուն։ Հետեւաբար՝ դրօշին պատճառով օր մը գովասանք ստացանք, յաջորդ օրը՝ յանդիմանութիւն։ Նախ մեզ ներկայացուցին որպէս օրինակ, ետքը՝ անկարգապահ։

Որպէս խումբ, մեզ չքաջալերեցին դրօշին այնքան ջերմօրէն կառչած ըլլալու համար, այլ պատժեցին՝ կարգը յարգելով դրօշը մէկ այլ խումբի չտալու համար։

Մէկ այլ անակնկալ մը մեզ կը սպասէր խարուկահանդէսին օրը։ Պաստառին վրայ տեսանք «Հայրենիք» բանակումի անուան՝ մեր հայրենիքին քարտէզը։ Քարտէզը կը ներառէր Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերը։ Մօտեցանք, դիտեցինք, բայց անմիջապէս նկատեցինք որ Արցախը չկար, միայն ՀՀ մարզերը կային՝ առանց Արցախի։ Այդ բացակայութիւնը միայն քարտէզագրական հարց մը չէր մեզի համար, այլ՝ պատմական անտեսում։

Որպէս հայրենասիրութեան գաղափարով դաստիարակուող ՀՄԸՄ-ական սկաուտներ, չէինք կրնար անտարբեր մնալ։ Լուսաբանութիւն խնդրեցինք, պատասխաններէն մէկը այսպէս հասաւ՝ «Ինքնախաբէութեամբ չտարուինք։ Արցախը մերը չէ այլեւս»: Ուրիշ առիթով մըն ալ. «Կարգն ալ Սիւնիքին կը մօտենայ, այդ մէկն ալ վաղը պիտի վերանայ ըստ երեւոյթի» կամ «Արցախը Հայաստանի բաժին չէ այլեւս։ Այս քարտէզը ներկայ Հայաստանն է»։ Այս խօսքերը, իրենց պարզութեամբ, կը կրէին ծանրութիւն մը եւ յանձնուողականութեան տրամադրութիւն մը։ Այսինքն՝ ոչ միայն քարտէզին վրայ, այլեւ մեր մտքերէն ալ պէտք է ջնջէինք Արցախը անոր համաձայն։

Մեր ձգտումները գործնական քայլերով արտայայտել ուզեցինք։ Հայրենիքի գաղափարը ըստ մեզի պէտք չէ սահմանափակել միայն ներկայ սահմաններով։ Հայրենիքը այն է, որուն համար հայը կը պայքարի, կ’ապրի, կը յիշէ եւ կը յուսայ։ Անոր համար որոշեցինք մեր խումբին անունը փոխել ու դարձնել՝ Արցախ։
Այս անունը ընտրեցինք որպէս խորհրդանիշ հայրենիքի անտեսուած, բայց անջնջելի մէկ բեկորին։ Իսկ մեր խումբի կոչը դարձուցինք «ազատ եւ անկախ»։ Ուզեցինք, որ մեր խումբը ներկայացնէ այն հայը, որ չի սահմանափակուիր քարտէզով։ Այն հայը, որ իր պատմութիւնը, իր յիշողութիւնը եւ իր հաւատքը խարիսխ կը համարէ։

Մեր այս որոշումը ծնաւ ոչ թէ հրահանգով, այլ՝ համոզումով։ Որպէս սկաուտներ ըրինք այն, ինչ ՀՄԸՄ-ը կը պահանջէր՝ մտածեցինք…։ «Արցախ- Ազատ եւ Անկախ» դարձաւ մեր խումբի նոր անունն ու կոչը, բայց նաեւ ուրուագծեց հայ երիտասարդի ուղին դէպի միացեալ հայրենիքի կերտում։

Բանակումի օրերուն, մենք երեքս՝ տարբեր շրջաններէ, բայց միեւնոյն համոզումով այդ գաղափարը ապրեցուցինք։ Հայրենիքը մեր համոզումով պէտք է ներառէր նաեւ Ջաւախքը, Նախիջեւանը, Արցախը, Արեւմտեան Հայաստանը, Կիլիկեան եւ այն բոլոր վայրերը, ուր հայը ապրած է, պայքարած է եւ դեռ կը յիշէ։
Հայրենիքը մեզի համար սահման չէ միայն. ան յիշողութիւն է նաեւ։

Համազասպ Շաքարեան
Սօսէ Նարէ Գարայեան
Շուշի Մանճեան